Արփինէ Աբրահամեան
Արփինէ Աբրահամեան (1908)
Արփինէ Աբրահամեան | |
---|---|
Ծնած է | 1908-ին |
Ծննդավայր | Մարզուան |
Մահացած է | 2003[1][1][1] |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Ծնած է Մարզուան, ու տակաւին մանուկ՝ ծնողքին հետ փոխադրուծ է Պոլիս, ուր յաճախած է Օրթագիւղի «Թարգմանչաց» վարժարանը, ապա՝ Առնավուտգիւղի Ամերիկեան աղջկանց գոլէճը։
1931էն ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր գրական իր նախափորձերը լոյս տեսած են, 1940էն սկսեալ, «Հայրենիք»ի, «Հայ Սիրտ»ի, «Նայիրի»ի, «Բագին»ի եւ «Միջնաբերդ» ու «Ամէնուն Տարեգիրքը» պարբերականներուն եւ տարեգիրքերուն մէջ։
Պատմուածքներու իր առաջին հատորը՝ «Կեանքի Կատակերգութիւնը», հրատարակուած է 1967-ին. երկրորդը՝ «Եւ Նաւը Սուլեց», 1973-ին, երրորդը՝ «Պրկուած Ծառեր», 1980-ին:
Սփիւռքեան օրաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ ցրուած կը մնան իր արձակներէն շատեր։
Անպատմելի՜ ողբերգութիւնը հայ գրականութեան Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ[2] (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։