Արփինէ Առաքելեան

Արփինէ Առաքելեան, օրիորդ, դաշնակի հանրածանօթ ուսուցիչ եւ նոյնքան հանրածանօթ ընկերացող։ Օրիորդ Արփինէ Առաքելեան յամառ աշխատանքի եւ աննուաճ կորովի տիպար մըն էր համակրանքի լայն շրջանակ մը ստեղծած է իր շուրջ; 1928-էն ի վեր ուսուցանելով բազմաթիւ աշակերտներու եւ երեւան բերելով բծախնդիր մանկավարժի յատկութիւններ։ Իր երաժշտական ուսումը կատարելագործած է Փարիզի մէջ 1928-ին աւարտելով հռչակաւոր Քօրթօյի Էքօլ Նորմալին դասընթացքը եւ ստանալով ուսուցանելու վկայագիր։

Արփինէ Առաքելեան
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Մինչեւ հիմա հրապարակային երկու աշարկերտական ռեսիդալներ տուած է; մեծ խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն յառաջ բերելով։ Իբրեւ առաջնակարգ ընկերացող։ Առաքելեան Արփինէ հաւատարիմ է խոր լմբռնողութեամբ եւ թափանցումով։ Ասկէ զատ մեծ է իր նպաստը հանրային բազմաթիւ ձեռնարկներուն; ուր ապացոյցը տուած է համեստութեան եւ գնահատելի անձնաուիրութեան[1]։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 214:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Տարեցոյց Ազգ; հիւանդանոցի 1935 էջ 340-1