Աւելուկ, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ բոյս։ Կը պատկանի ցորենազգիներու ընտանիքին։

Աւելուկ

Ձեւաբանութիւն

Խմբագրել

Ցողունը ուղիղ է, ճիւղաւորուող, մերկ, կոպիտ, բարձրութիւնը՝ մինչեւ 120 ս․մ․։ Ցողունները հասուննալէ ետք յաճախ ձողանման կը դառնան, տերեւները ամբողջական են։

Ծաղիկները երկսեռ են, աւելի սակաւ՝ միասեռ։ Պտուղը պատուած է ծաղկապատի ներքին 3 մեծցած թերթերով։ Տերեւները խոշոր են, բլթակաձեւ, գծաձեւ կամ տիգաձեւ։ Ծաղիկները՝ մանր, երկսեռ, հազուադէպ՝ միասեռ։ Կը ծաղկի Մայիս եւ Յուլիս ամիսներուն։ Պտուղը եռակողմեայ սերմիկ է։

Հայաստանի մէջ

Խմբագրել

Աւելուկի աւելի քան 12 տեսակ կայ Հայաստանի մէջ: Բարբառներու մէջ աւելուկը կոչուած է` վիլուկ (Տաւուշ), աւելուկ (Լոռի), մջուկ (Ղարաբաղ):

Հայերը՝ Մեծ պահքի շրջանին, աւելուկով պատրաստուած ուտեստներ կը պատրաստեն։

Գործածութիւն

Խմբագրել

Աւելուկի մէկ տեսակը, որ թթու համ ունի, կը կոչուի թրթնջուկ. խաշած թրթնջուկի տերեւները կը դարմանեն բորբոքած լինտերը, արմատներէն կարմիր ներկ կը ստացուի, իսկ տերեւներով կարելի է մաքրել պղնձեայ իրերը, հիւթով` մելանի բիծերը:

Աւելուկը ժողովրդական բժշկութեան մէջ ամէնէն շատ օգտագործուած դեղաբոյսերէն է: Բուժական նպատակներով կ'օգտագործուին անոր արմատները, տերեւներն ու սերմերը:

Կերակուրներու պատրաստութեան մէջ կ'օգտագործուին աւելուկի թարմ կամ չոր տերեւները` պատրաստելու համար համեղ եւ սննդարար կերակրատեսակներ, ապուրներ եւ աղցաններ:

Աւելուկի փառատօն

Խմբագրել

Հայաստանի մէջ կազմակերպուած փառատօններու շարքին՝ 29 Յունիս 2019-ին, Վարդենիկ գիւղին մէջ (Գեղարքունքի մարզ), կայացած է «Աւելուկի փառատօն»: Ներկաներուն մասնակցութեամբ հիւսուած է աշխարհի ամենաերկար աւելուկի շարանը, գրանցելով աշխարհի ամենաերկար աւելուկի հիւսքը «Դիւցազնագիրք» մրցանիշներու գիրքին մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Աւելուկ»։ aztag31.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-03 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։