Աւետաբեր (շաբաթաթերթ)
«Աւետաբեր», կրօնական, ուսումնական, ընտանեկան եւ քաղաքական շաբաթաթերթ (հայերէն եւ հայատառ, թրքատառ)։
Աւետաբեր | |
---|---|
Տեսակ | շաբաթաթերթ |
Լեզու | հայերէն՝ հայատառ եւ թրքատառ |
Խմբագիր | Միքայէլ Մինասեան, Յակոբ Ճեճիզեան, Յովհաննէս Գրիգորեան, Սամուէլ Յարութիւնեան |
Հրատարակման վայր | Կոստանդնուպոլիս |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱմերիկեան միսիոնարներու ընկերութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1855–1915 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս (1855-1865 թուականներուն՝ «Աւետաբեր եւ շտեմարան պիտանի գիտելեաց»)։ Խմբագիրներ՝ Միքայէլ Մինասեան, Յակոբ Ճեճիզեան, Յովհաննէս Գրիգորեան, Սամուէլ Յարութիւնեան եւ ուրիշներ (ունեցած է նաեւ ամերիկացի խմբագիրներ)։
Նպատակը արեւմտահայութեան մէջ բողոքականութիւնը եւ ամերիկեան ազդեցութիւնը տարածելն էր։
Կրօնաբարոյախօսական նիւթերէն բացի՝ տպագրած է նաեւ հայագիտական եւ գեղեղարուեստական գործեր։
1872–1915 թուականներուն լոյս տեսած են «Աւետաբեր»ի «Աւետաբեր տղայոց համար», «Աւետաբեր մանկանց» եւ «Աւետաբեր չոճուքլար իչիւն» (հայատառ, թուրքատառ) յաւելուած-հանդէսները։
Ըլլալով արեւմտահայկական աշխարհաբարով առաջին պարբերականներէն՝ «Աւետաբեր» նպաստած է անոր զարգացման։
Աշխատակցած են Երուանդ Քասունին, Յովհաննէս Պուճիգանեանը, Գէորգ Մեսրոպը, Յարութիւն Մրմրեանը։