Յովհաննէս Պուճիգանեան
Յովհաննէս Պուճիգանեան (1874 կամ 1873, Չնքուշ (Արեւմտեան Հայաստանի գիւղաքաղաք) - 1915, Խարբերդ, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա), ուսուցիչ, փիլիսոփայ, տնտեսագէտ եւ հոգեբան[1]:
Յովհաննէս Պուճիգանեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1874 կամ 1873 |
Ծննդավայր | Չնքուշ (Արեւմտեան Հայաստանի գիւղաքաղաք) |
Մահացած է | 1915 |
Մահուան վայր | Խարբերդ, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | հրապարակախօս |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Չնքուշ 1873-ին, ուր առած է նախնական ուսումը: 1889էն մինչեւ 1896 հետեւած է Եփրատ Գոլէճի Երկրորդական ուսման:
1893-1894 տարեշրջանին Հիւսենիկի, 1896-1906-ին ալ Եփրատ Գոլէճի մէջ պաշտօնավարած է:
1906-ին Եփրատ Գոլէճի վարչութեան կողմէ պատեհութիւն տրուած է հետեւելու Էտինպուրկի Համալսարանի դասընթացքներուն: 2 տարի հետեւած է Հոգեբանութեան, Բարոյագիտութեան, Փիլիսոփայութեան եւ Տնտեսագիտութեան: Ընթացաւարտութեան ճառը առաջնութիւն շահած է:
1908-ին Եփրատ Գոլէճ վերադարձած ու վարչութիւնը իրեն տուած է Բարոյական Գիտութեանց Ուսուցչապետի Տիտղոսը (Prof. Of mental and moral sciences): Նոյն տարին սկսած է աւանդել հոգեբանութիւն, բարոյագիտութիւն, մանկավարժութիւն, տրամաբանութիւն, քաղաքական տնտեսագիտութիւն եւ փիլիսոփայութեան պատմութիւն:
Պաշտօնավարած է Գիշերօթիկնեցին, Գոլէճի վարչական ժողովին, Հ.Բ.Ը.Միութեան Խարբերդի Օժ. Մասնաճիւղին, Բալու Միացեալ Ընկերութեան Ամառնային ուսուցչանոցին մէջ:
1910-ին հրաւիրուած է Սեփաստիա Normal Schoolի տեսչութեան կողմէ Շրջանաւարտից հանդէսին «Ուղերձ»ը խօսելու:
1912-ին Հայ Գրերու 1500ամեակի եւ Տպագրութեան 400ամեակի տօնակատարութեան Եփրատի սաներուն եւ Խարբերդի հայ հասարակութեան թափորին գլուխը անցած Խարբերդէն Մէզիրէ գալեց, ուր ներկայացուց իր ճառը:
Փրոֆէսորը իր սաներուն եւ զինք ճանչցող բարեկամներուն կողմէ կոչուեցաւ Խարբերդի Սոկրատը:
Մահացած է 1915-ին Խարբերդի մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Յուշարձան 1919, Կ. Պոլիս, Օ. Արզումանեան, էջ 57։