Չնքուշ (Արեւմտեան Հայաստանի գիւղաքաղաք)

Չնքուշ (Շնքուշ, Չունքուշ, Շունքուշ կամ Չիանքիազ)․ Արեւմտեան Հայաստանի Տիարպեքիր նահանգի Արղն գաւառի գիւղաքաղաք, Եփրատ գետի ձախ ափին։

Չնքուշ․ նկար՝ Յունիս 2015

Աշխարհագրական դիրքը

Խմբագրել

Չնքուշ գիւղաքաղաքը կը գտնուի Պատմական Հայաստանի Տիարպեքիր նահանգի Արղն (կամ Արղանա) գաւառին հարաւը, Տիարպեքիր քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը, Ատըեաման գաւառի Կերկեր աւանին հիւսիսը։ Կառուցուած է Տաւրոսեան լեռնաշղթային հարաւ արեւելեան մասին, ծովու մակերեսէն 1049 մ․ ապառաժոտ բարձրութեան վրայ եւ դէմ յանդիման է անոր արեւելքը գտնուող Ջերմուկ գիւղաքաղաքին։

Հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Դէպի Չնքուշ․․․

Մինչեւ 1915, բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 14 000 էր։ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, գաւառակի 5 700 հայեր բռնի կը տարուին Տուտան կոչուած ապառաժոտ ճեղքուածքը ու կիրճէն վար կը նետուին։ Չնքուշի հայերուն Ցեղասպանութիւնը յիշատակուած է «100 տարի ետք» վաւերագրական ժապաւէնին մէջ։

Չնքուշը, ժամանակին գտնուելով Մետաքսի ճամբուն վրայ, կը զարգանայ ու կը բարգաւաճի։ Սակայն Մետաքսի Ճանապարհի փոփոխութամբ կը կորսնցնէ տնտեսական կարեւորութիւնը եւ բնակչութեան լուրջ թիւ մը կը գաղթէ։

Հայ բնակչութիւնը 1895-ի կոտորածներուն ժամանակ քաջարի դիմադրութիւն կը ցուցնէ․ կը բարձրանայ լեռները ու կը դիմադրէ, փրկուելով մահէն։

1915-ի Ցեղասպանութեան ժամանակ, բնակչութեան մաս մը միայն լեռ բարձրանալով կը դիմադրէ ու կը փրկուի։ Իսկ քաղաք մնացած 5 700 հոգին, բռնի կը տարուին ու Տիտան (կամ Տուտան) կիրճէն թուրքերը զանոնք վար կը նետեն։

1918-ին չնքուշցի բազմաթիւ երիտասարդներ կը մասնակցին Արարայի ճակատամարտին (Պաղեստինեան ճակատ, 19 Սեպտեմբեր, ուր 5 000 հայ զինեալներ կը կռուին Դաշնակիցներուն կողքին, հայկական լեգէոնի դրօշին տակ)։

Արտագաղթ

Խմբագրել

1920-ական թուականներուն, չնքուշցիներու լուրջ թիւ մը Ա․Մ․Ն․ կ՛ ապաստանի գլխաւորաբար Շիքակօ եւ Նիու Եորք։ Հոն կը հիմնեն հայրենակցական միութիւն եւ կը հրատարակեն «Ծովառ» (1927 – 1933, Շիքակօ) եւ «Նոր Չնքուշ» (1931 -1935, Նիու Եորք) պաբերաթերթերը։

 
Ս․ Աստուածածին վանքային համալիրի աւերակները․ նկար՝ Յունիս 2015

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը զբաղէր այգեգործութեամբ, անասնապահութեամբ, արհեստներով եւ առեւտուրով։ Նաեւ կը շահագործուէին շրջանի երկաթի հանքերը։

Կրթութիւն եւ եկեղեցիներ

Խմբագրել

Չնքուշին մէջ կը գործէին երեք եկեղեցիներ իրենց դպրոցներով․ Ս․ Կարապետ առաքելական, Ս․ Պօղոս կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիները։ Նաեւ Ի․ դարասկիզբին կար երկսեռ վարժարան մը։ Չնքուշի դիմացի բլուրին վրայ կը գտնուի Ս․ Աստուածածին վանքը։

Պատկերասրահ

Խմբագրել


[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել