Արարայի ճակատամարտ

Արարայի ճակատամարտ․ տեղի ունեցած է 19 Սեպտեմբեր, 1918-ին, Ռաֆաթ-Արարա բարձունքին վրայ (Պաղեստին), ֆրանսական զինուած ուժերուն մէջ գործող Հայկական Լեգէոնի եւ թրքական բանակին միջեւ։

Արարայի ճակատամարտ
Ա․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ճակատամարտ
Թուական 19 Սեպտեմբեր, 1918
Վայր Ռաֆաթ-Արարա բարձունքին վրայ (Պաղեստին
Արդիւնք Հայկական լեգէոնի յաղթանակ
Հակառակորդներ
Հայկական լեգէոն (ֆրանսական բանակ) Թուրքիա
Հրամանատարներ
Կողմերու ուժեր
5 000 94 12 000
Հայկական լեգէոնը

Պատմական տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Ա․ Համաշխարհային պատերազմի ծագումէն առաջ, 1914-ին Փարիզի մէջ կազմուած Հայ Ազգային պատուիրակութիւնը՝ նախագահութեամբ Պօղոս-Նուպար փաշայի, աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ի նպաստ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայկական նահանգներու ինքնավարութեան։  Հայոց պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպար փաշա մեծ ներդրում կ՛ ունենայ հայկական լեգէոնի կազմութեան գաղափարը դաշնակիցներու ռազմավարութեան մէջ մտցնելու եւ իրագործելու աշխատանքին մէջ:

Հայկական լեգէոն

Խմբագրել

Կ՛ որոշուի հայկական լեգէոն մը գործէ ֆրանսական համազգեստով եւ հրամանատարութեամբ։ 1916-ին, «Արեւելեան լեգէոն» անունին տակ, կեանքի կը կոչուի Հայկական լեգէոնը (19161920

Ճակատամարտը

Խմբագրել

Թրքական եւ գերմանական զինակից ուժերը, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Յորդանանէն նահանջելով, Պաղեստինի մէջ կեդրոնացած էին։  Արարայի բարձունքին հաստատւած գերմանական 701 եւ 702 գումարտակներն ու հրետանին՝ զօրավար Օթթօ Լիման Ֆոն Սանդերսի հրամանատարութեամբ ու աջակցութեամբ թրքական 8-րդ, 7-րդ (Մուսթաֆա Քեմալի հրամանատարութեամբ) եւ 4-րդ զօրաբանակներու, կատաղի դիմադրութիւն ցոյց կու տային Դաշնակից ուժերու յառաջխաղացքին։

Պաղեստինի ամբողջ ճակատին յառաջացող Դաշնակից զօրքերուն հրամանատար զօրավար Էտմընթ Ալենպի, Արարայի բարձունքը նուաճելու գործողութիւնը Հայկական լեգէոնին (5 000 հայ զինեալներ) կը վստահի, որ քսան ժամ տեւողութեամբ բուռն մարտերէ ետք ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ գերմանական եւ թրքական միացեալ զօրքը (12 000 զինեալներ) եւ կը տիրանայ Արարայի անառիկ բարձունքին։

Արարայի յաղթանակը կը վճռորոշէ Առաջին Աշխարհամարտի արագ վախճանը։  Գերմանական եւ թրքական զօրքերը կը նահանջին եւ քանի մը շաբաթ ետք կը կնքուի պարտութեան՝ զինադադարի պայմանագիրը։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել