Ափրիկեան ֆրանսերէն

Ափրիկեան ֆրանսերէն (ֆրանսերէն՝ français africain), ֆրանսերէն տեսակներու ընդհանուր անուանումն է, որ կը խօսի Ափրիկէի 24 ֆրանսախօս երկիրներուն մէջ շուրջ 120 միլիոն մարդ[3]: Այսպիսով, Ափրիկէն աշխարհի ամենաշատ ֆրանսախօսներու ցամաքամասն է[3]: ֆրանսերէնը Ափրիկէ եկած է իբրեւ գաղութային լեզու:

Ֆրանսախօս Ափրիկէ: Մութ կապոյտով ներկուած երկիրներուն բնակչութիւնը 2017-ին եղած է 410 միլիոն[1]: 2050-ին անոնց բնակչութիւնը կը կանխատեսուի, որ հասնի 848 միլիոնի[2] եւ 867 միլիոնի[1]

Ափրիկէի մէջ ֆրանսերէնը յաճախ կը խօսուի բնիկ լեզուներու հետ միասին, սակայն որոշ շրջաններու մէջ, ինչպիսին են Ապիճանը, Փղոսկրեայ Ափունքը կամ Լիվրեվիլը, Կապոնը, անիկա դարձած է առաջին լեզու: Որոշ երկիրներու մէջ ֆրանսերէնը որոշ ընկերային դասերու շրջանին մէջ առաջին լեզուն է, ինչպէս Թունիսի, Մարոքի, Մավրիտանիոյ եւ Ալժերիոյ մէջ, ուր ֆրանսերէնը բնակչութեան վերին դասերու մէջ առաջին լեզուն է (վերին դասերէն շատերը միաժամանակ երկլեզու են՝ արաբերէն/ֆրանսերէն), սակայն ընդհանուր բնակչութեան համար ֆրանսերէնը երկրորդ լեզուն է:

Ֆրանսախօս ափրիկեան երկիրներէն իւրաքանչիւրին մէջ ֆրանսերէնը կը խօսուի տեղական ուրոյն արտասանութեամբ եւ բառապաշարով:

Տեսակները

Խմբագրել
 
Ֆրանսերէն կրաֆիտի Թունիսի Հապիպ Պուրգիպա պողոտային վրայ, Մարտ 2012-ին: Կրաֆիտիով գրուած է` «ԵՐԿԱՐ ԿԵԱՆՔ ՔԵԶ« ԹՈՒՆԻՍ (Vive la Tunisie), ազատ եւ ժողովրդավարական»

Կան ափրիկեան ֆրանսերէնի շատ տարբեր տեսակներ, զորս կարելի է խմբաւորել չորս խումբերու.

  • ֆրանսերէն, որ կը խօսին Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէի ժողովուրդները. կը խօսուի ընդհանուր առմամբ շուրջ 75 միլիոն մարդու կողմէ իբրեւ առաջին կամ երկրորդ լեզու:
  • ֆրանսերէնի տեսակ, որ կը խօսին հիւսիս-արեւմտեան Ափրիկէի՝ Մարոքի եւ պերպեր ժողովուրդները եւ ունի շուրջ 36 միլիոն խօսող:
  • ֆրանսերէնի տեսակ, որ կը խօսին Ճիպութիի մէջ, որ կը գտնուի Ափրիկէ թերակղզիին մէջ:
  • ֆրանսերէնի տեսակ, որ կը խօսին Հնդկաց ովկիանոսին մէջ (Ռեյունէոն, Մաւրիտուս եւ Սէյշելներ) գաղթողները եւ ունի շուրջ 1.6 միլիոն առաջին եւ երկրորդ լեզուներով խօսողներ: Այս տարածաշրջանին մէջ խօսուող ֆրանսերէնը պէտք չէ շփոթել գաղթող լեզուին վրայ հիմնուած ֆրանսերէնի հետ, որ նոյնպէս կ՛օգտագործուի այս տարածաշրջանին մէջ:

Ափրիկեան ֆրանսերէնի բոլոր տեսակները կը տարբերին ֆրանսերէնէն խօսակցութեան եւ բառապաշարի առումով, սակայն կրթութեան, լրատուամիջոցներու եւ իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ օգտագործուող պաշտօնական ափրիկեան ֆրանսերէնը հիմնուած է ֆրանսական բառապաշարի վրայ:

Գաղութային ժամանակաշրջանին մէջ գաղթողներու ֆրանսերէնի բարբառային ձեւը, որ յայտնի է որպէս «Petit nègre», եւս գոյութիւն ունէր Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ:

Վ.Ի. Մուտիմպէն ափրիկեան ֆրանսերէնը կը բնութագրէ իբրեւ ափրիկեան ինքնատիպ լեզուներու առատութեան մէջ հարկադրուած մօտաւոր արտասանութիւն, ճնշուած շարահիւսութիւն, փքուած կամ աղաւաղուած բառապաշար, հնչերանգ, կշռոյթ, առոգանութիւն եւ շեշտադրում։ Եւրոպական ֆրանսերէնէն տարբերութիւնները կը պայմանաւորուին մայրենի լեզուին ուղղակի ազդեցութեամբ եւ ֆրանսերէնի քերականական կանոններու բարդութեամբ, որոնք կ'արգիլեն անոր սորվիլը զայն իբրեւ երկրորդ լեզու խօսող շատերու կողմէ:

Լեզուաբաններու կողմէ ափրիկեան ֆրանսերէնի նկարագրութեան դժուարութիւնը կու գայ, որովհետեւ «մաքուր» լեզուն կ՛օգտագործուի շատ ափրիկեան մտաւորականներու եւ գրողներու կողմէ՝ հակառակ ֆրանսերէն եւ ափրիկեան լեզուների միջեւ առկայ խառնուրդներու: Այսպիսով, «Creoleisation» եզրը յաճախ կը գործածուի հաստատուած ձեւով, եւ յատկապէս այն վայրերուն մէջ, ուր ֆրանսերէնը մէկ կամ քանի մը տեղական լեզուներու հետ միասին նոյն մակարդակի վրայ է:

Համաձայն Գ. Մենեսսիի, «Այս համադրութեան հետեւանքները կրնան տարբերիլ՝ համաձայն խօսողներու ընկերային կարգավիճակի, անոնց զբաղմունքին, կրթական մակարդակին եւ իրենց՝ ֆրանսերէնի մակարդակին"[4]:

Նշաններու փոխարկումը կամ առանձին զրոյցի ընթացքին լեզուներու փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ ինչպէս Սենեկալի մէջ, այնպէս ալ Քոնկօ-Քինշասայի մէջ։ Վերջիններս ունին չորս «ազգային» լեզուներ՝ Քիքոնկօ, Լինկալա, Քիլուպա եւ Սուահիլի, որոնք ֆրանսերէնի հետ մշտական հակադրութեան մէջ են: Նշաններու փոխարկումը ուսումնասիրուած է գաղութային ժամանակներէն լեզուաբանութեան տարբեր հաստատութիւններու կողմէ: Անոնցմէ մէկը, որ կը գտնուի Սենեկալի Տաքար քաղաքին մէջ, արդէն խօսած է 1968 թ. Ֆրանսերէնի «Creoleisation» մասին, անուանելով արդիւնքը «ֆրենլոֆ». ֆրանսերէնի եւ վոլոֆի (ամենաշատը Սենեկալի մէջ խօսուող լեզու) խառնուրդ, որ իր օգտագործմամբ կը տարածուի քաղաքային վայրերուն եւ դպրոցներուն միջոցով, ուր ուսուցիչները դասարանին մէջ յաճախ կը խօսին Վոլոֆի լեզուով՝ անտեսելով պաշտօնական հրահանգները[5]:

Ափրիկէյի ֆրանսախօս երկիրներուն մէջ կրթութեան անբաւարարութեան հետ մէկտեղ տեղական լեզուներու բազմազանութիւնը ծնունդ տուած է նոր լեզուական հայեցակարգի՝ le petit français[4]: Le petit français-ը ֆրանսերէնի նեղ բառապաշարային գիտելիքներու հետ տեղական լեզուի կառուցման գերխնդրի արդիւնքն է: Յատուկ կառոյցները, որոնք, սակայն, շատ տարբեր են, կը զուգադրուին, նշելով «Creoleisation» գործընթացի սկիզբը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Population Reference Bureau։ «2017 World Population Data Sheet» (PDF) 
  2. United Nations։ «World Population Prospects: The 2017 Revision» (XLSX) 
  3. 3,0 3,1 (ֆր.) La Francophonie dans le monde 2006-2007 published by the Organisation internationale de la Francophonie. Nathan, Paris, 2007
  4. 4,0 4,1 Manessy G (1978)։ «Le français d'Afrique noire: français créole ou créole français? [The French of black Africa: French creole or creole French?]»։ Langue française (French) 37: 91–105 
  5. Calvet M։ «Le français au Sénégal: intérférences du wolof dans le français des élèves sénégalais [The French of Senegal: Wolof interference in the French of Senegalese students]»։ Le français en France et hors de France (French) 7: 71–91 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել