Բաբգէն Ա. Քհնյ. Գասպարեան
Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Գասպարեան (1907, Խնուս, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1990), բնիկ Խնուսցի, ծնած է Խնուսի գիւղը 1907-ին։ Ան հրաշքով փրկուած է Մեծ Եղեռնի սարսափներէն։
Բաբգէն Ա. Քհնյ. Գասպարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1907 |
Ծննդավայր | Խնուս, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1990 |
1919-ին ապաստանած Լ Մուսուլ եւ Հոնկէ անցած է Պաղտատի եւ Պասրայի հայկական որբանոցները, ուր պատըսպարուած մինչեւ 1922 թուական։ Անկէ վերջ, տարի մըն ալ մնացած է Երուսաղէմի հայոց որբանոցը։ Այս հաստատութեան մէջ ստացած է իր նախակրթութիւնը։
1923-ին Հայկպ հաստատուած է։ Ան հետեւած է արհեստի ու եղած է ատաղձագործ։ Այնուհետեւ պարապած է զանազան արհեստներ մինչեւ 1950 թուական։
Նիւթական վիճակր բարեյաւելէ ետք, ընտրած է իր կեանքի րնկերը՝ օրղ, Սիրանոյշր, որուն հետ պսակուած եւ ունեցած է չորս աղչիկ ու մէկ մանչ։
Իր լաւ վարքն ու րարքը, կրօնասէր ու եկեղեցասէր հոգին զինք աոաջնորդած են քահանայութեան։
Իր քահանայական ձեոնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՚ունենան ձեոամբ՝ Տ. ԶարեՀ Եպս. Փայասյեանի, 10 Սեպտեմբեր, 1950-ին, Ս. Քաոասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տ. Բարբգէն եւ օծակից որնենալով Տ. Արսէն քհնյ. Գաթարոյեանն ու Տէր Գուրգէն քհնյ. Գուտուլեանը։
Ան հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Հասաքէի եկեղեցւոյ եւ Տրրպէսիէի ու Ռաս էլ այնի հայութեան միջեւ 1956 թուական։ Եւ 1956-ին կը փոխադրուի Ֆրէզնօ եւ կը ստանձնէ տեղւոյն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութիւնը։
Բարւոք ծաոայաթեան Համար ան արժանացած է Լանջախաչի, Ծաղկեայ սեւ փիլոնի եւ Աւագութեան տիղոսին ու պատիւին[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 206։