Բազմաձայնութիւն

Բազմաձայնութիւն, Միջնադարերու սկզբնական շրջանին եկեղեցական երաժշտութեան բնորոշ էր միաձայն երգեցողութիւնը (միաձայն կը կոչուի միայն մէկ մեղեդի ունեցող երաժշտութիւնը):

Աւելի ուշ (8-9-րդ դարերուն) վանականները միեւնոյն մեղեդին կը սկսին երգել խումբով՝ Unisson: 9-րդ դարուն կը սկզբնաւորուի Polyphonique երաժշտութիւնը (Polyphonique-ն բազմաձայնութեան տեսակ է, հիմնուած քանի մը մեղեդիներու միաժամանակ ինքնուրոյն զարգացման վրայ):

Յաջորդ դարերուն բազմաձայն երաժշտութիւնը, զարգանալով եւ կատարելագործուելով, Վերածնունդի շրջանին համընդհանուր կերպով կը գործածուի ամբողջ եւրոպական երաժշտարուեստին մէջ, ինչպէս եկեղեցական, այնպէս ալ աշխարհիկ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն»,Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ: