Բանասէր (ամսաթերթ)
«Բանասէր», ազգային, բանասիրական եւ քաղաքական ամսաթերթ[1]:
Բանասէր | |
---|---|
Տեսակ | Ամսաթերթ |
Ժանր | ազգային, բանասիրական եւ քաղաքական ամսաթերթ |
Լեզու | արեւմտահայերէն |
Խմբագիր | Յովհաննէս Հիսարեան |
Հիմնադրուած է | 1851 |
Երկիր | Թուրքիա, Կ, Պոլիս |
Հրատարակուած է Յովհաննէս Հիսարեանի խմբագրութեամբ՝ 1851-ին[2]։
«Բանասէր»ի մէջ հրատարակուած է՝ մաս առ մաս, «Խոսրով Եւ Մաքրուհի» անունով վէպը, իր ժամանակի կեանքէն առնուած ինչ որ հայ միտքին առաջին վէպերէն կարելի է համարել։ Այս վէպը 1869-ին թարգմանուած է Ֆրանսերէնի, իսկ 1903-ին կրկին հրատարակուած է շաբաթաթերթ Ծաղիկի մէջ։
1852-ին, յաջողապէս բոլորած է, սակայն յետոյ ամբողջ տարեշրջան մը, «Բանասէր»ը դադրած է։ 1858-ի միջոցներուն, «Բանասէր» վերստին հրատարակութեան փորձ մը ըրած է, սակայն միայն մէկ թիւ հրատարակուած է։
Ծանօթագրութիւն
Խմբագրել- ↑ «ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ — Banaser_Cottonopolis»։ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ։ արտագրուած է՝ 2022-12-12
- ↑ «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր - ԳԻՐՔ ԱՌԱՋԻՆ. ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»։ digilib.aua.am։ արտագրուած է՝ 2022-12-12