Բարձր Հայքի տարազ

Բարձր Հայքի տարազ, հայկական ազգային հագուստի տարատեսակ, որ տարածուած էր ինչպէս Բարձր Հայքի նահանգներու, այնպէս ալ Կարսի, Ախալցխայի Արտուինի գաւառի, Ախալքալաքի, Ալեքսանտրափոլի մէջ եւ այլուր: Այս տարազը աչքի կ'իյնայ իր ազգային ինքնատիպութեամբ, շքեղութեամբ, կտորի տեսակի, գոյներու համադրութեան իւրօրինակութեամբ։ Այստեղ ամենօրեյ եւ տօնական կամ հարսանեկան տարազը ունէր միատեսակ ձեւուածք. ատոնց տարբերութիւնը կտորի տեսակի եւ շքեղ կամ սովորական զարդարանքի մէջ էր։

Ախալցխայի տարազ

Պատմութիւն Խմբագրել

Բարձր Հայքը, իր կեդրոն հանդիսացող Կարին քաղաքով, առեւտրական հինգ մեծ ճանապարհներով կապուած էր շրջակայ եւ հեռաւոր երկիրներու հետ։

Կարինի մէջ կար միջազգային մեծ շուկայ, ուր կը վաճառուէին թէ՛ ռուսական, թէ՛ եւրոպական ապրանքներ։ Քաղաքի բնակչութիւնը կը զբաղուէր գերազանցապէս արհեստներով եւ առեւտրով։ Կարինի մէջ տարածուած արհեստներէն էին ոսկերչութիւնը, դերձակութիւնը, կոշկակարութիւնը, պղնձագործութիւնը, զինագործութիւնը։

Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միացուելէն յետոյ 1829—1831 թուականներու կազմակերպուած գաղթի հետեւանքով Բարձր Հայքի տարազը 90.000 հայ գաղթականներու հետ միասին տարածուեցաւ անոնց նոր բնակութեան վայրերու՝ Շիրակի, Ախալցխայի, Ջավախքի, Ծալկայի շրջաններուն մէջ: Գաղթի հետ միասին տարածուած զգեստը երկար ժամանակ պահպանուեցաւ նոր բնակավայրերուն մէջ։ Միայն Ախալցխայի մէջ բնակութիւն հաստատեցին Կարինէն, Արտահանէն եւ անոր շրջակայ գիւղերէն գաղթած մօտ 6000 ընտանիք: Կովկաս գաղթած հայերու շնորհիւ նոր բնակութեան վայրերուն մէջ զգալի զարգացման հասած են Ոսկերչութիւնը, գլխաշոր-եազմայի, տրեզի արտադրանքը, ժանեակագործութիւնը, որմով կը զարդարէին գլխու յարդարանքի մասերը: Կարնոյ հայերը իրենց հետ Հայաստանի ռուսական մասը բերին նաեւ նիւթական մշակոյթի եւ կենցաղի բազմադարեան աւանդները աշխատանքային գործիքներէն սկսած ընդհուպ մինչեւ շինարարական գիտարուեստը։

Կանացի զգեստներ Խմբագրել

 
Արտուինի հայուհիի տարազ

Բարձր Հայքի քաղաքաբնակներու եւ գաւառներու գիւղերու տարազներու միջեւ կան որոշակի տարբերութիւններ: Կանանց տարազի մէջ գործածական էր վերնազգեստի չորս տեսակ, որոնք իրարմէ կը տարբերուէին ոչ միայն կտորի որակով, այլեւ զարդաձեւերով: Մահուդէն (կիսաբրդեայ հաստ գործուածք) կարուած վերնազգեստը կը կոչուէր ճուփփա, մետաքսէնը՝ ֆայ, լահուր, խրխա, թաւիշէնը՝ ղաթիֆան, բրդեայ գծաւոր կտորէն կարուածը՝ փութալի: Ղաթիֆան, խրխան, փութալին տօնական վերնազգեստ էին, իսկ ճուփփան երկու տեսակ կ'ըլլար ամենօրեայ եւ տօնական:[1]:

Տարածուած էր վերնազգեստի վեց տարբերակ։ Առաջին տարբերակը կը կարուէր մութ կարմիր, մութ կանաչ, մանիշակագոյն, մութ կապոյտ գոյնի թաւիշէն կամ մութ կապոյտ գոյնի մահուդէն։ ճուփփան կը կարուէր առանց աստառի, իսկ ղաթիֆան, խրխան, փութալին անպայման աստառով։ Վերնազգեստ-ճուփփայի, ղաթիֆայի, խրխայի կուրծքի բացուածքը մեծ էր, շուրջը, ինչպէս նաեւ քղանցքի, թեւաբերանի եզրերը զարդարուած ոսկեթելով կամ արծաթաթելով արված ասեղնագործությամբ։ Բարձր Հայքի կանանց վերնազգեստի ասեղնագործության մոտիվը բուսանախշերն են, որ կատարվում էին երկու եղանակով՝ ուռուցիկ հարթակարով եւ հաստ ոլորված ոսկեթելի միջոցով։[2]։ Վերջին տարբերակաը ոսկեթելը կ'ամրացուէր կտորի վրայ ուրիշ բամբակեայ թելով աննկատելի կարով: Կուրծքի բացուածքէն սկսած մինչ գօտկատեղը աջ ու ձախ փեղկերու եզրերուն կը կարուէր երեք չապրասթ, որոնցմով վերնացգեստը կիպ կը գրկէր իրանը, իսկ գօտկատեղէն ներքեւ կը մնում բաց, որ կը ծածկուէր գոգնոցով։ Ոսկեթելէն հիւսուած տրեզ կը կարուէր նաեւ թեւի կարի եւ նոյն կարի ուղղութեամբ շարունակուող կողքի կարերու վրայ, մինչեւ գօտկատեղ։ Տրեզի գործածութիւնը երկու կամ երեք շարքով, յատկապես քղանցքը, բացի զարդաձեւ ըլլալէն, ունէր նաեւ զգեստի եզրերը ձիգ պահելու եւ ընդգծելու նպատակ: Այս տարբերակը տարածուած էր Կարինի, Ախալցխայի, Ալեքսանտրափոլի մէջ:

Երկրորդ տարբերակը առաջինէն կը տարբերուէր կողքերը աւելցուած հատուածներու տեղադրման դիրքով: Այս տարբերակի ետեւի հիմնական կտորը նոյն ձեւն ու չափը ունէր, ինչ որ առաջին տարբերակը։ Թեւաբերանը կը կտրուէր ալիքաձեւ եւ կ'ասեղնագործուէր աւելի շքեղ: Նոյն զարդանախշերով կ'ասեղնագործուէին նաեւ կուրծքի բացուածքի եւ քղանցքի եզրերը։ Բացի ասեղնագործութեամբ զարդարելէն, եզրերուն, թեւի ու կողքի կարերու վրայ կ'ամրացուէր ոսկեթել տրեզ։ Թեէ՛ առաջին, թեէ՛ երկրորդ տարբերակը տարածուած էր Արտուինի, Կարսի, Ախալքալաքի մէջ։

Երրորդ տարբերակը կը կարուէր բամբակեայ մութ կապոյտ կտորէն, առանց ուսակարի: Չորրորդ տարբերակին յատուկ էին ասեղնագործութեան իւրօրինակ նախշերը։ Այն տարածուած էր յատկապէս Ալեքսանտրափոլի մէջ։ Վերնազգեստի հինգերորդ տարբերակը ունէր ամբողջական ետեւամաս, առջեւի աջ ու ձախ փեղկերուն զուգահեռ կողքերուն կը միացուէր մէկական ամբողջական հատուած, իսկ քղանցքի, այդ հատուածի եւ ետեւամասի կտորի միջեւ մէկական եռանկիւնաձեւ յաւելուած։ Այս տարբերակը կը զարդարուէր նոյն եղանակով, որը, ինչպէս առաջին, երկրորդ եւ չորրորդ տարբերակները, տարածուած էր 19-րդ դարու վերջը, Ախալքալաքի եւ Ախալցխալի շրջաններուն մէջ։

Կանանց զգեստի կարեւոր բաղկացուցիչ մասերէն էր գոգնոցը, որու ձեւը Կարինի, Կարսի, Արտուինի, Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Ալեքսանտրափոլի մէջ նոյնն Էր, բայց իւրաքանչիւր վերոյիշեալ վայրի մէջ կ'ասեղնագործուԷր իւրօրինակ զարդանախշով։ Գոգնոցը սովորաբար կ'ունենար 65—86 սմ լայնութիւն եւ 100—115 սմ երկարութիւն։ Վերեւի եզրին կ'ամրացուԷր 3,0—3,20 մ երկարութեան եւ 3—4 սմ լայնութեան գօտին՝ «գոգնոցի կապը»։ Գօտին կը հիւսԷին դեղին եւ կարմիր գունի մետաքսէ թելէն, եզրերու զարդանախշերու համար կ'օգտագործուԷր նաեւեւ սպիտակ, սեւ եւ կանաչ գոյնի մետաքսաթել։ Գօտիները կ'ունենային նաեւ մակագրութիւններ, կը նշուԷր պատրաստման տարեթիւը, պատուիրատուի անունը, ազգանունը:[3]

Կանանց զգեստի կազմութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունէր կրծկալը, որմով կը ծածկուէր վերնազգեստի կուրծքի մեծ բացուածքը։ Այն կ'ասեղնագործուէր ոսկեթելով:

Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Ալեքսանտրափոլի գործածական էր կարճ վերնազգեստ-բաճկոնը՝ սալթան։

Կանանց տարազի բաղկացուցիչ մասը կը կազմէր նաեւ վերարկուն (ֆարաճան), որը կը կարուէր գործարանային սեւ կամ շագանակագոյն բրդեայ կտորէն։ Այն կ'երկարէր մինչեւ ոտքի կոճերը եւ թիկունքը կ'ունենար դարսեր, թեւերը երկար էին, իսկ առջեւի բացուածքի աջ ու ձախ փեղկերը կը միացնէին իրարու հետ բազմաթիւ կոճակներու միջոցով։

Կանանց գլխու յարդարանքր եւ իւրօրինակ էր։ Այն առանձնայատուկ շքեղութիւն ու տեսք կու տար զգեստին, կանայք կը սանտրէին մազերը, երկու հիւսք ընելով, կը հագնէին մութ կարմիր գոյնի գլխարկ երկար փնջիկով։ Գլխու յարդարանքի բաղկացուցիչ մասերէն էին մարգարտաշար քունքակախիկները՝ իւրաքանչիւր կողմը 5-էն 6-ական զոյգ։ Իւրաքանչիւր զոյգը միացուած էր լայնակի գծիկներով, որոնք նոյնպէս մարգարտաշար էին։ Զոյգի ծայրը ներքեւը կը միացուէր եւ կը կախուէր մէկ ոսկեայ դրամ։ Մարգարտաշար կախիկները կը միացուէին կտորի նեղ ժապաւէնի վրայ եւ այդ ժապաւէնը կը կապուէր գլխարկի վրայէն: Գլխու յարդարանքի մասերէն էր ճակտնոցը, որը բաղկացած էր երկու շարք ոսկեայ դրամներու շարանէն, ընդ որում կեդրոնի քիթի ուղղութեամբ, մէկ մեծ դրամ կը տեղաւորուէր, որ կը կոչուէր միջանոց։ Դրամներու քանակը կը հասնէր 200-ի։

Բարձր Հայքի գաւառական նորահարսի տարազի ամենայատկանշական մասերն են թեզանիքէն կախուած մետաքսեայ անձեռոցիկանման կտորները:

Տղամարդկանց զգեստներ Խմբագրել

Բարձր Հայքի մէջ տղամարդկանց տարազը 19-րդ դարու սկիզբը ընդհանրութիւն ունէր կանանց տարազի հետ։ Զգեստի այդ ընդհանրութիւնը կ'արտայայտուէր յատկապէս վերնազգեստի մէջ։ Կարինի հայ տղամարդկանց վերնազգեստը կը կարուէր նոյն նիւթէն, նոյն ձեւուածքը ունէր եւ նոյն անունը կը կրէր, ինչպէս կանանց վերնազգեստ֊ճոփփան էր։ Տարածուած էր տղամարդկանց զգեստի երկու տեսակ, առաջինը բաղկացած էր հետեւեալ մասերէն՝ սպիտակեղէն, ելակ, վերնազգեստ, գօտի, անդրավարտիք, գլխու յարդարանք եւ ոտնաման։

Շապիկի վրայէն գործածական էր ելակը, որ առանց թեւերու եւ առանց գրպաններու զգեստ էր, եւ որու առաջամասր կը կարէին մահուդէն, իսկ ետեւի չերեւացող մասը բամբակեայ կտորէն: Ելակը կը կոճկուէր մետաքսաթելի տրեզէն կարուած կոճակ-օղերու եւ նոյն տրեզով պատուած կոճակներու միջոցով:

Բարձր Հայքի տղամարդկանց անդրավարտիքի երկու տարբերակ կար. առաջին տարբերակը գօտկատեղը շատ լայն էր եւ վերեւամասը երկարաւուն այն աստիճան, որ կը կախուէր մինչեւ ծունկներէն ալ ցած։ Այս տարբերակը կը կոչուէր «կախ շալվար», որ տարածուած էր Կարինի շրջանը, գաղթէն յետոյ նաեւ Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Ալեքսանտրափոլի մէջ: Երկրորդ տարբերակը կ'օգտագործուէր Ախալցխայի շրջանի գիւղերուն մէջ: Այն կը կարուէր շականակագոյն տնայնագործական գործուածքէն, փողքերը նեղ էին, փողքերու միջեւ կ'աւելացուէր քառանկիւնաձեւ երկտակ ծալուած կտորի մէկ տապակ:

Տղամարդկանց տարազի երկրորդ համալիրը կը կոչուէր «կովկասեան», որու բաղկացուցիչ մասերն էին սպիտակեղէնը, արխալուղը, գօտին, շալվարը, չուխան, գլխու յարդարանքը:

Տօնական արխալուղը կը կարուէր սեւ գոյնի մետաքսեայ կտորէն: վերնամասը մինչեւ գօտկատեղը կիպ էր: Թեւքերը հիմքը լայն էին, թեւքաբերանը համեմատաբար՝ նեղ: Թեւքաբերանը, օձիքը, աջ եւ ձախ փեղկերը կը զարդարուէր մէկ շարք ոլորուած ոսկեթելով: Անդրավարտիքը սեւ բրդեայ կտորէն էր, վերնամասը խոնճայով: Արխալուղի վրայէն կը կարուէր արծաթեայ կամ կտորէ գօտի: Փեսայի շալվարը շականակագոյն բրդեայ կտորէն էր:

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Նազիկ Աագեան Հայկական ժողովրդական տարազը. — Երևան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, 1983.
  • Առաքել Պատրիկ Հայկական տարազ. — Երևան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1967.

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել