Բորբոսասունկեր, Բորբոսով ուտելիքներ, որոնք վտանգաւոր են երեխաներու, յղիներու եւ տկար ախտամերժութիւն ունեցող մարդոց համար[1]:

Ի տարբերութիւն մանրէներու` բորբոսասունկերը կազմուած են անզէն աչքով տեսանելի բջիջներէ` բեղմնափոշիներէ, որոնք գոյն կու տան: Այդ կը դիւրացնէ անոնց յայտնաբերումը եւ կը կանխէ փճացած ուտելիքին օգտագործումը:

Բորբոսի որոշ տեսակներ կը յառաջացնեն ալլերժիք հակազդեցութիւններ եւ շնչառական հարցեր: Նաեւ որոշ պայմաններու մէջ բորբոսը կ'արտադրէ միքոթոքսիններ` թունաւոր նիւթեր, որոնք պատճառ կը դառնան հիւանդութիւններու[2]:

Հիւանդանալու աւելի մեծ վտանգի տակ կը գտնուին տարեցները, երեխաները, յղիները եւ տկար ախտամերժութիւն ունեցող մարդիկ:

Բորբոսած հացին վրայ կրնան քանի մը տարբեր տեսակի սունկեր ըլլալ: Հակառակ անոր, որ բորբոսը կը փճացնէ ուտելիքի վերին շերտը, ան կրնայ տարածուիլ ծակոտկէն ուտելիքի խորքը, կը նշեն Մեծն Բրիտանիոյ ուտելիքներու ստուգատիպի գործակալութեան («FSA-Food Standards Agency») մասնագէտները:

«Իբրեւ կանոն, մակերեսի վրայ մէկ սանթիմեթր տրամագիծով բորբոսները նաեւ մէկ սանթիմեթր կը թափանցեն ուտելիքին մէջ»:

Բորբոսը, ի տարբերութիւն պաքթերիաներուն, յանկարծակի սննդային թունաւորումներ չի յառաջացներ: Սակայն, սննդային որոշ միքոթոքսիններու ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ արագ եւ սուր: «Եթէ մարդ մեծ քանակութեամբ թունաւոր բորբոս ուտէ, անոր մօտ կրնայ զարգանալ ստամոքսաղիքային խանգարում, լեարդի կամ երիկամներու անբաւարարութիւն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել