Գաբրիէլ Երանեան

Գաբրիէլ Երանեան (12 Յուլիս 1827(1827-07-12)[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 13 Հոկտեմբեր 1862(1862-10-13), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ երաժշտագէտ, երգահան։

Գաբրիէլ Երանեան
Ծնած է 12 Յուլիս 1827(1827-07-12)[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 13 Հոկտեմբեր 1862(1862-10-13) (35 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն երգահան

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1827-ին, Կ. Պոլիս։ Օհան Երանուն անունով գաւառացի որմնադիրի մը որդին էր։ Աշակերտած է Մայր-վարժարանի մէջ տիրացու Արիստակէս Յովհաննէսեանին։ Ուսման անընդունակ ըլլալուն, ծնողքը ստիպուած է 13-14 տարեկանին գործի դնել զինք։ Երաժշտական ուսման փափաքող ըլլալով, Գաբրիէլ շուտով դպրոց վերադարձած է եւ նոյն Արիստակէսի խնամքին տակ լաւ սորված է հայ ձայնագրութիւնը, իսկ հետագային՝ զայն անբաւարար համարելով, ինքնազարգացումով եւրոպական ձայնագրութիւն սորված է։ Դասաւանդած է Օրթագիւղի, Գուզկունճուգի, Կէտիկ-Փաշայի եւ Խասգիւղի վարժարաններուն մէջ։ Խասգիւղի մէջ, որ գլխաւոր գործունէութեան ասպարէզը եղած է. անոր նեցուկ կանգնած են Աղաթօն, Թորոս Նազարեան, Փափազեան եւ ուրիշներ։

1854-ին, ուսուցիչ կարգուած է Ազգ․ Հիւանդանոցի որբանոցին մէջ բացուած երկրագործական դասարանին։

Իր ուսուցիչին հետ, 1857-1858 թուականներուն, Երանեան «Քնար արեւելեան» ամսաթերթը հրատարակած է, նպատակ ունենալով արեւելեան եւ մասնաւորապէս ազգային երգերը եւրոպական ձայնագրութեան առնելով՝ արեւմտեաններուն հաղորդել։

Հայ ձայնանիշերու կիրառութեան այս փորձը, ինչպէս նաեւ եւրոպականին մերձեցման ջանքերը, որոնք Երանեանի գլխաւոր սկզբունքներն էին, պատճառ կ՝ըլլան «Քնար»ի վերերեւման։ Երանեան ու իր աշակերտ Նիկողոս Թաշճեանը Սեպտեմբեր 1861-ին կը ձեռնարկեն «Քնար հայկական» կիսամսեայի հրատարակութեան[2]։ Տիրացու Արիստակէս նիւթապէս օգնած է այս ձեռնարկին։ Հանդէսը երկու թերթէ կը բաղկանար, կը բովանդակէր ազգային երգեր, պարերգեր՝ եւրոպական ձայնանիշով, որուն հմուտ էին երկու հեղինակներն ալ։ Խմբագիրները առաջին թիւով կը ծանուցանեն հասարակութեան, թէ զանազան տեղեր ձրի դասախօսութիւններ հաստատած են, ինչպէս՝ Սկիւտարի ճեմարանին, Իճատիէի, Օրթագիւղի, Պէշիկթաշի, Բերայի, Խասգիւղի, Քարակէօմրուկի, Սամաթիոյ, Ենի Գաբուի վարժարաններուն մէջ։ Երկու խմբագիրներէն զատ, Սիմէոն Մինէճեան, Ռէթէոս Փափազեան, Եղիա Տնտեսեան, Ստեփան Գալֆայեան եւ Համբարձում Չէրչեան Կիրակի օրերը «Քնար հայկական»ի բաժանորդներուն կը դասախօսէին թէ՛ եւրոպական եւ թէ հայ երաժշտութեան համառօտ սկզբունքները, զորս արդէն երկու խմբագիրները եւ Համբարձում Զէրչեանը սկսած էին բացատրել «Քնար»ի մէջ։

Երանեանի քով աւելի դէպի եւրոպականը միտում մը կը տեսնուի, որուն ապացոյցն է Տիգրան Չուխաճեանի՝ 1 Յունուար 1862-ին «Քնար»-ի խմբագրութեան մասնակցիլը։ Բայց թերթը հազիւ թէ բոլորած էր իր առաջին վեցամսեան. կը դադարի 15 Փետրուար 1862-ին, 12-րդ թիւը հրատարակելէ ետք։

Երաժշտութեան փափաքը հետզհետէ կը տարածուէր ժողովուրդին մէջ, մանաւանդ՝ Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք։ Ամէն կողմէ երգեր կը պատրաստուէին եւ Պէյքօզի տարեդարձի հանդէսներուն փայլը կ՛աւելցնէին։ Եւրոպական գաղափարներ հետզհետէ մուտք կը գործէին ազգայինին մէջ ու Եւրոպա գացող եւ վերադարձող սերունդը կը զգար երաժշտութեան կարեւորութիւնը։ Դաշնակը մուտք գործած էր հայ սրահներու մէջ եւ ահա 1862Մարտին Երանեանի թերթին օգնելու համար երաժշտական ընկերութիւն մը կը կազմուի, նպատակ ունենալով երաժշտութեան ճաշակը մեր մէջ տարածել, նուագածուներ յառաջ բերել, ինչպէս նաեւ «Քնար Հանդէս»ը կանոնաւոր կերպով եւ ժամանակին հրատարակել։ Այդ ընկերութեան հիմնադիրները ժամանակին ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւններն էին՝ Աղաթօն, Օտեան, Միւհենտիսեան, Քէչեան, Նեւրուզեան, Ռուսինեան եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ։ Ասոնք ուսումանկան յանձնաժողով մը ունէին իբրեւ իրենց օժանդակ, որուն մաս կը կազմէին՝ Թորոս Նազարեան, Մ․ Մամուրեան, Մ․ Պէշիկթաշլեան, Յակոբ Ոսկան, Սրապիոն Հէքիմեան, Ս․ Փափազեան, Նոյպէս զանազան թաղերու մէջ մասնաժողովներ ունէր, որոնք ձրի դասախօսութիւններ կ՛ընէին։ Այս ընկերութիւնը թերթին երկրորդ շրջանի առաջին թիւը կը հրատարակէ 30 Ապրիլ 1862-ին։

Նահապետ Ռուսինեանի գրած բանաստեղծութեան` «Կիլիկիա»ին (գրուած 1860-ին), երաժշտութիւնը հեղինակած է Երանեան[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  2. «Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-11-15։ արտագրուած է՝ 2021-12-02 
  3. «Հերոսամարտի 100-Ամեակ, Մուսալեռցիներ Եգիպտոս Կ՛այցելեն»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-10-29։ արտագրուած է՝ 2021-12-02