Գանձակի Ինքնապաշտպանութիւն (1988)

Գանձակի ինքնապաշտպանութիւն, (նաեւ՝ Կիրովապատի ինքնապաշտպանութիւն), 1988 թ․-ի Նոյեմբեր 21-էն Դեկտեմբեր 10-ը Գանձակի հայ բնակչութեան ինքնապաշտպանական զինուած գործողութիւններ Ազրպէյճանական ջարդարարներու դէմ։

Իրադարձութիւններու ընթացքը

Խմբագրել

1905-1907 թթ․–ի եւ 1918–1920 թթ․-ի հայ-թաթարական ընդհարումներէն ետք հայկական հինաւուրց Գանձակ քաղաքը բաժնուած էր հայկական եւ Ազրպէյճանական թաղամասերու։ 1988 թ․-ին հայաթափուած քաղաքում բնակւում էր 230000 ազրպէյճանցի եւ 45000 հայ, որից 13000–ը՝ Ազրպէյճանական թաղամասում։ 1988 թ․-ի փետրուարի 28-ին երկաթէ ձողերով զինուած Ազրպէյճանական ամբոխը հակահայկական կոչերով ներխուժեց քաղաքի հայկական մասը, սակայն, հանդիպելով հայերի դիմադրութեանը, նահանջեց։

Պետական մակարդակով մանրազնին նախապատրաստութիւնից յետոյ՝ 1988 թ․-ի նոյեմբերի 21-ից ազրպէյճանի բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ, այդ թուականին՝ Գանձակի մէջ, գործի կը դրուի զանգուածային հայաթափման ծրագիրը: Կը սկսին հայերու էթնիկական զտումները, թալանն ու ջարդերը։ Այդ ընթացքում կը գրանցուին բազմաթիւ աղէտալի դէպքեր։ Ազրպէյճանական ջարդարարները, ներխուժելով Գանձակի տարեցներու տուները, պատանդ կը վերցնեն եւ դաժանօրէն կը սպանեն այնտեղ ապաստանած հայազգի 12 ծերերը, որոնց մասնատուած դիակները յայտնաբերուած են 1990 թ․-ի ամռանը՝ Գանձակի մատոյցներուն մէջ։ Սումկայիթեան դէպքերու կրկնութիւնը Գանձակի մէջ բացառելու նպատակով Նոյեմբեր 21-ի գիշերը հայերը կը ստեղծեն «Գանձակ» կոմիտէն՝ որպէս ինքնապաշտպանութեան ղեկավար մարմին։ Կոմիտէի ղեկավար կազմին մէջ կ'ընդգրկուին Տէր Սահակ Սահակեանը, Գրիշայ Օգանեզովը, Խ.Սարգսեանը, Ս. Յակոբեանը, Ն. Մինասեանը, Ջիւլետայ Վերդեանը, Կ. Խաչատրեանը, Ալ. Բալասանեանը, Վ. Ասրեանը, Մ. Եսաեանը, Վ. Բայտալովը եւ ուրիշներ։ «Գանձակ»ի կոմիտէն կարճ ժամանակահատուածի մէջ հայկական թաղամասերու մէջ կը ստեղծէ պահակակէտեր, կը կազմակերպէ Ազրպէյճանական թաղամասերու մէջ եւ քաղաքի յարակից գիւղերու բնակուող հայերու տարհանումն ու փոխադրումը հայերու վերահսկողութեան գօտի, վերջիններուս ապահովելով առաջին անհրաժեշտութեան միջոցներով: Կը սկսի բանակցութիւններ վարել քաղաքային իշխանութիւններու, ոստիկանութեան եւ զինուած ուժերու պաշտօնատար անձերու հետ, կազմակերպելով շուրջօրեայ հանրահաւաքներ:

Կը կազմակերպեն ինքնապաշտպանական շրջաններ, որոնք կը ղեկավարէին ԱՅ. Շահնազարեանը, Ջ. Զայ Քարեանը, Վ. Մաթեւոսեանը, Իւ. Դաշեանը, Տ. Բաեանդուրեանը, Զ. Շահինեանը եւ ուրիշներ: Ամենօրեայ ընդհարումներու ժամանակ հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը տուած են 3 զոհ, իսկ Ազրպէյճանական ջարդարարները` 27: Երկու կողմէ վիրաւորներու թուաքանակը կ'անցնի մի քանի հարիւրը։

Գանձակի ինքնապաշտպանութիւնը դադրած է Դեկտեմբեր 10-էն՝ խորհրդային զինուորներու կողմէ հայկական թաղամասը շրջափակելու պատճառով։ 1988 թ․-ի Դեկտեմբեր 14-էն մինչեւ 1989 թ․-ի Փետրուար ամիսը «Գանձակ» կոմիտէն գործած է ընդյատակի միջոցաւ։ Կիրովապատի ինքնապաշպանութեան շնորհիւ Գանձակի հայ բնակչութեան գերակշիռ մասը փրկուած է ֆիզիքական բնաջնջումէն, իսկ յարակից հայկական գիւղերու բնակիչները հնարաւորութիւն ստացած են անվտանգ տեղափոխուած են հայաստան եւ Արցախ[1][2][3]:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ 1988-1994 թթ.է հանրագիտարան, Երեւան, 2004 թ.:
  2. Գ. Ներսիսեան, Լ. Վարդապետով, «գանձակ. նախնիներու կ'անչէ, Երեւան, 2003 թ․:
  3. Գ. Ներսիսեան, Լ. Վարդապետով, «գանձակ յուշերէ, Երեւան, 2003 թ․: