Գարեգին Բաբազեան

Բաբազեան Գարեգին Յովհ. Լեզուագէտ, թարգմանիչ, ծնած Իզմիր 1833-ին, աշակերտ Մեսրոպեան վարժարանի՝ ուր Պետրոս պէյ Եուսուֆի հաստատած ֆրնս. Եւ անգլիերէն լեզուաց ուսուցման շնորհիւ կը հմտանայ անոնց: Մեսրոպեանի շրջանը լրացնելու, ժամանակակից բոլոր անգլիագէտներուն պէս՝ իբր թարդման կը ծառայէ Խրիմի պատերազմին (1854-1856) անգլիական բանակին մէջ՝ ուր սիրելի կը դառնայ զօրապետին, որ կը խոստանայ Անգլիա ղրկել զինք յետ պատերազմի: Խոստումը կ՚իրագործուի: Բաբազեան կ՚անցնի Անգլիա, քանի մը տարի մը մնայ հոն, ապա կը մեկնի Ցուրիխ՝ ուր կ՚ապրի երկար ատեն ու կը մտերմանայ անգլ. Ամոլի մը, որուն, որուն ամուսնոյն մահէն ետք 1868-ին կը պսակուի կնոջ հետ: Այս անգլուհին կը սորվի յետոյ հայերէն եւ անձնուէր զօրավիգը կ՚ըլլար հայ ամուսնոյն: Բաբազեան իր կնոջ հնտ Իզմիր կը դառնայ եւ Ընթերցարան մը կը հիմնէ եւ 1876-ին նորէն Անգլիա կը վերադառնայ ամենակարեւոր եւ անմոռանալի դեր մը կատարելով, ինքը հանդիսանալով Հայկ. Խնդրին շարժման որդին եւ զսպանակը Լոնտոնի եւ Մանչեսդրի Հայոց օժանդակութեամբ իր անձնական բարեկամ Ճէյմս Պրայսի՝ նաեւ վարիչը Պոլսոյ պատրիարքարանի բռնելիք ուղղութեան: Իր ատենապետութեամբ կը գումարուի 19 Մարտ 1878-ին անգլեւհայ Յանձնաժողովի նիստը Պրայսի տան մէջ, ի պատրաստութիւն արտաքին գործոց նախարար Լորտ Տէրպիի մատուցուելիք Յիշատակագրին, Հայկական Խնդրոյն վրայ: 1882-1883-ի ատենները Իզմիր կը վերադառնայ եւ 90ական թուականին կրկին Անգլիա կ՚անցնի Հայկ. Հարցին վերարծարծման հետեւանքով: 1894-ին Երուսաղէմ ուխտագնացութեան կ՚երթայ եւ Իզմիր դառնալով՝ հոն կ՚ապրի ցմահ (1908 մարտ): Բաբազեան բացի ազգային դատով աշխատելէն՝ Ճէլմս Պրայսի Մասիս բարձրանալուն նկարագրականը ներկայացնող «Transcaucasia and Ararat» երկը թարգմանած է եւ 1890-ին Պոլիս տպել տուած: Յաջողապէս թարգմանած է նաեւ Շէյքսբիրի Համլէթ ու Օթելլօն. Ալեւոյթի տարիներուն ալ սկսած էր յանգաւոր թարգմանել Հոմերոսի Իլիականը՝ որմէ նմոյշ մը միայն երեւաց:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 338 :