Գեղամ Վանիկեան (կամ՝ Վանիկ, 1889, Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 15 Յունիս 1915(1915-06-15), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն) Հայ քաղաքական գործօն եւ թերթի խմբագիր: Վանիկեան ծանօթ էր իբր Հնչակեան Կուսակցութեան ամսաթերթ «Կայծ»-ի հիմնադիր: Վանիկեան սպաննուած էր Թրքական կառավարութեան կողմէ 1915 թուականին, հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, իր քաղաքական գործողութիւններուն պատճառաւ:

Գեղամ Վանիկեան
Ծնած է 1889
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Յունիս 1915(1915-06-15)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն լրագրող, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գեղամ Վանիկեան ծնած էր Վան, Օսմանեան Հայաստան, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, 1889 թուականին:

1907 թուականին աւարտեց Վանի Երեմեան Քոլէճէն, ուր իր հօրեղբայր Յակոբ Արծրունին իր դասատուներէն մէկն էր: 1904 թուականին ան ծանօթացաւ Հնչակն ֆետայիներու եւ միացաւ կուսակցութեան: Համալսարան աւարտելէ ետք, ան ապրեցաւ Կովկասեան շրջանին մէջ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար եւ աւարտեց իրաւաբանութեան համալսարանի բաժանմունքէն 1914 թուականին:

1909 թուականին, Վանիկեան դարձաւ Կայծ Աշակերտական Միութեան համահիմնադիրներէն մէկն էր. ան նաեւ հիմնադիր խմբագիրն էր Կայծ Ամսթաթերթին, հիմնուած 1911 թուականին գիտական ընկերվարական գաղափարաբանութեան վրայ:[1] Վանիկեան մաս կազմեց Հնչակեան 6րդ Համաժողովին: Ան բանակային դպրոց անդամագրուած էր իր Հնչակ բարեկամներուն հետ երբ ձեռբակալուեցաւ: 1915 թուականին, ինք ու իր 19 միւս ընկերները կախաղան եղան Պոլիսի մէջ, Թրքական կառավարութեան կողմէ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Yeghia Jerejian, Martyrs on Bloody Path. Beirut, 1989, pg. 32.

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Yeghia Jerejian, Martyrs on Bloody Path. Beirut, 1989, pp. 31–33.
  • K. Khudaverdyan (ed.), The Armenian Question. Yerevan, 1996.

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել