Գեղարուեստական Գրականութիւն

Գեղարուեստական գրականութիւնը ծագում առած է գիրի ստեղծումէն ետք, իսկ մինչ այդ մարդկութիւնը ստեղծագործած է բերանացի, որ կոչուած է բանահիւսութիւն[1]։ Անոր տեսակներէն են՝ առասպել, հեքիաթ, առակ, առած, վիպերգութիւն, քնարական երգեր եւ այլն, որոնց միջոցով ժողովուրդը արտայայտած է իր պատկերացումները բնութեան ու ընկերութեան մասին։ Բանահիւսական ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ստեղծուած են գրականութեան առաջին ձեւերը, որոնք զարգանալով ու հարստանալով՝ քայլ պահած են ընկերութեան յառաջընթացին հետ։

Գրականութիւնը կը պատկերէ մարդկային կեանքը ու բնութիւնը առաւել լայն ու բազմակողմանի ձեւով, քան թէ արուեստի միւս ճիւղերը։ Առաւել՝ գրականութիւնը հիմք կը ծառայէ արուեստի միւս ճիւղերու համար ( թատրոն, շարժապատկեր, երաժշտութիւն, օբերա եւ այլն)։ Գրականութեան լսարանը աւելի լայն է, քանի որ ան աւելի մատչելի է ու խօսքի միջոցով կրնայ դիմել միլիոնաւոր մարդոց միտքին ու հոգիին։

Գեղարուեստական գրականութիւնը կը բաժնուի երեք հիմնական սեռերու (տեսակներու)՝

  1. վիպերգական,
  2. քնարական եւ
  3. թատերական։

Նշուածներէն իւրաքանչիւրն ալ իր կարգին կը բաժնուի սեռերու, ինչպէս՝ վէպը, վիպակը, նորավէպը, պատմուածքը եւ այլն կը մտնեն վիպերգութեան մէջ, ներբողը, ձօնը, հնչեակը եւ այլն կը մտնեն քնարերգական սեռին մէջ, ողբերգութիւնը, կատակերգութիւնը, տրաման, ոտեւիլը եւ այլն կը մտնեն թատերական սեռին մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել