Գետաձին (անգլերէն՝ Hippopotamus amphibius) մեծամեծ եւ դանդաղ ցամաքային կենդանիներէն մէկն է, քառակուսի մեծ գլուխ մը եւ պզտիկ աչքեր ու ականջներ ունի, զարհուրելի ցռուկ մը, կարճ վիզ եւ վար կախուած պոչ. լայն իրանը՝ կարճ եւ չորսմատեան ոտքերուն վրայ կը հանգչի: Երեք մինչեւ 5 հրծ. թանձր եւ լերկ մորթ մը ունի, որ հրացանի գնդակին կրնայ դիմանալ: Վարի շնային ակռաները ժանիքի պէս դուրս ցցուած են, նոյնպէս 4 հատ կտրելու՝ 2 կողմը 7ական ալ ծամելիք ունի:

Ափրիկէի մեծամեծ գետերը կ'ապրի, բայց Նեղոս գետին մէջ՝ ուստի առեալ նաեւ Նեղոսի ձի ալ ըսուած է, այլեւս չի գտնուիր:

Մշտատեւ բնակութիւնը գրեթէ ջուրն է, եւ կամ եղեգնուտ ափունքը։ Ջուրին տակը կը քնանայ, ջուրին մակերեսը կ՛ելլէ շնչելու առանց արթննալու[1]:

Գլխաւորրաբար ջրային տունկերով կը սնանի: Գիշերը մօտակայ տնկարկութիւնները կ'այցելէ եւ մեծ վնաս կը հասցընէ:

Իր Համեղ միսին, ճարպին եւ ր հաստ մորթին համար՝ որմէ մտրակ կը շինուի, նոյնպէս փղոսկրանման ժանիքներուն համար, շատ կ'որսացուի:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Պատանիներու Շոգեկառքին Մէջ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-22 

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Պատկերազարդ Բնական Պատմութիւն՝ Կենդանաբանութիւն, Հ. Գաբրիէլ Վ․  Մէնէվիշեան, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1897, էջ 76-77: