Գետառ (գետ)

Հայաստանի գետերէն

Գետառ, գետ, Հրազդան գետին մէկ հատուածը եւ Հրազդանի ձախ վտակը։

Գետառ
Բնութագիր
Երկայնք 24 քմ
Աւազանի
մակերես
158 քմ2
Տեղակայում
Երկիր Հայաստան
Երկրամաս Կոտայքի մարզ

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Երկարութիւնը՝ 24 քմ, աւազանը՝ 158 քմ²։ Սնումը մթնոլորտային տեղումներէն եւ ստորերկրեայ ջուրերէն, յորդացումը՝ գարնան ամիսներուն։ Ջուրի կայուն մասը կը ստանայ Հրազդանէն հանուած ջրանցքէն։ Գետառի վտակներէն են Ջրվէժը եւ Ձորաղբիւրը։

Գետառի վրայ, Նորքի ձորին մէջ կայ 1664 թուականին կառուցուած միակամար կամուրջ։

Հունի փոփոխութիւնը

Խմբագրել

Գեղամայ լեռնաշղթային արեւմտեան լանջերէն բխող Քառասունակն աղբիւրներէն սկիզբ առնող Գետառը ժամանակին անցած է Երեւանի գրեթէ բոլոր վայրերէն եւ շէնցուցած քաղաքը: Հին Գետառը հոսած է Աբովեանի պուրակէն մինչեւ ներկայիս Ճարտարագիտական համալսարանը, թեքած դէպի Ֆրանսայի հրապարակ, ապա Մաշտոցի պողոտային ու Կողբացիի փողոցին արանքով հասած քաղաքապետարանի հրապարակը, ուրկէ ալ գինիի գործարանին առջեւէն միացած է Հրազդանին, դէպի Կարմիր կամուրջ իջնող ձորակէն։

Գետառը Երեւանի կեդրոնին մէջ այսօր տեսանելի է միայն Միասնիկեան պողոտայի ու Խանջեան փողոցի վերջնամասը: Քաղաքին ծայրամասը, Շէնգաւիթի հատուածին մէջ, տեղ մը կրկին կ՚երեւի եւ արդէն կը թափի Հրազդան գետին մէջ:

Անկէ զատ, որ Գետառը քաղաքային գեղեցիկ տեսարան է, ան նաեւ հեղեղատար դեր կ՚ունենայ քաղաքին համար. անձրեւներու, ձիւնհալքի ժամանակ կը հեռացնէ աւելորդ ջուրը եւ ջուրը չի հոսիր քաղաքին փողոցնէրէն եւ չի լեցուիր բակերն ու նկուղները, ինչպէս յաճախ կ՚ըլլայ յորդառատ անձրեւներու տարափին ժամանակ: Գետը նաեւ խոնաւ կը պահէ քաղաքին չոր օդը, որ ինքնաբերաբար կը չորնայ արդիւնաբերական եւ այլ ծանրաբեռնուածութենէն[1]:

Գետառի վարարումները

Խմբագրել

Ժամանակին Գետառը այնքան ջրառատ եղած է, որ նոյնիսկ վարարած եւ մէկ գիշերուան մէջ աւրած է Երեւանի կեդրոնը:

Նշանաւոր է յատկապէս 25 Մայիս 1946 թուականի վարարումը: Այն օրը, երբ Գետառը դուրս եկած է իր ափերէն եւ ողողած քաղաքը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը նոր աւարտած, Մայիս 25-ի երեկոյեան տեղացած յորդառատ անձրեւը, կարճ ժամանակ անց, վերածուած է տեղատարափի: Գետառը վարարած եւ սկսած է հոսիլ մայրաքաղաքին փողոցներէն։

Գետառի վարարումներուն թուականներէն կարելի է նշել 1860, 1866, 1873, 1908, 1912, 1923, 1924, 1925, 1928, 1946, 1947, 1950 թուականները։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-04