Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն
Առաջարկուած է ջնջել այս յօդուածը։

Ուիքիփետիայի մէկ կամ քանի մը մասնակիցներ առաջարկած են ջնջել ։ Մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ Ձեր կարծիքը յայտնելու համար այցելեցէք Ջնջման ներկայացուած յօդուածների քննարկման էջը։
Ուշադրութիւն, այս կաղապարը պէտք չէ հեռացնել նախքան վերոյիշեալ քննարկման էջին մէջ համաձայնութեան հասնիլը։ Եթէ համաձայն չէք առաջարկուած ջնջումին, կրնաք քննարկման ընթացքին սրբագրել եւ բարեփոխել այս յօդուածը, այսպիսով նպաստելով անոր պահպանման։


Գէորգ Կակոսեան
Ծնած է 9 Յունիս 1942
Ծննդավայր Լիբանան
Մահացած է 25 նոյեմբեր 1969
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Կարողութիւն օփերային երաժիշտ
Մասնագիտութիւն Իտալիա Սանթա Չիչիլիա երաժշտանոց, Սիէնայի Չիկիանա Երաժշտութեան Ակադեմիա

Գէորգ Կակոսեան, լիբանանահայ վաղամեռիկ տաղանդաւոր օփերային երգիչ: Hայ երաժշտութեան նորագոյն եւ հազուագիւտ, որպէս հզօր բամբ (պաս) երգիչ: Գէորգ Կակոսեանի կեանքը ունեցաւ 27 գարուններ միայն, շուտով խամրելու համար դաժան եւ առեղծուածային մահով, որուն արժանի չէր ան, իսկ պատճա՞ռը, կրկին առեղծուածային եւ աններելի:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

14 Փետր․ 1966, Երկուշաբթի օր, Գէորգ Կակոսեան յաջող քննութիւն մը տուած ըլլալով 13 հոգինոց պետական երաժշտանոցի ուսուցչական կազմին ներկայութեան, արժանացած է վկայականի։ Ան 1961 էն ի վեր կանոնաւորապէս եւ շարունակաբար աշակերտած է Ալեքսիս Քարնաուքոֆի եւ վերջին տարին ալ լիբանանցի ծանօթ եւ սիրուած երգչուհի Տիկ․ Սամիա Սանտիի, որ զինք հասցուցած է պետական քննութեան [1]։

Ապահոված ըլլալով կրթաթոշակ մը ամերիկահայ բարերար Տիար Փիլիպպոսեանէն կ՛երթայ Իտալիա, Հռոմի Սանթա Չիչիլիա երաժշտանոցին մէջ տարի մը կատարելութեան դասընթացքներուն հետեւելու համար։ Կը ստանայ պատշաճ վկայական։ Յաճախած է նաեւ Սիէնայի Չիկիանա Երաժշտութեան Ակադեմիա (Chigiana Musical Academy) եւ ստացած Տիփլոմ Էմէրիթ։

Իր աշխատանքը կեդրոնացուցած է օփերայի եւ Lieder (Lied (pronounced “leed”) is the German word for “song” (the plural is Lieder – pronounced “leader”). ... The Lied in the Romantic period was usually written by two different people: the poet wrote the words and then the composer “set the words” to music.) մշակման վրայ։ Հսկողութեամբ մայէսթրօ (Giorgio Favaretto) Ճիորճիօ Ֆավարեթթոյի՝ Կակոսեան արձանագրած է մեծ յաջողութիւն։

Գէորգ Կակոսեան, բացի Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցի իր վկայականէն, երեք տարի հետեւած է Երեւան Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասընթացքներուն կատարելագործելու համար իր արուեստը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ երաժշտութեան կեդրոններուն բարձրագոյն ուսումնարաններուն մէջ հետեւած է մեկնաբանութեան, արտայայտչականութեան եւ ձայնային որակաւորման դասընթացքներու արժանանալով ուսուցիչ-դասատուներու խրախոյսին:

Մենահամերգներ

Խմբագրել

1968-1969 թուականներուն Կակոսեանը մենահամերգներով հանդես եկած է Երեւան (երգած Տոն Պազիլիոյի դերերգը Ռոսսինիի «Սեւիլեան սափրիչ» օփերայի մէջ)։ Մենահամերգներուն երգեր է հայ դասական ու ժամանակակից (Կոմիտաս, Տիգրան Չուխաճեան, Արմեն Տիգրանեան, Դ. Ղազարեան եւ ուրիշներ), արեւմտա-եւրոպական (Լիուտուիկ վան Պէթհովէն, Ռոպերթ Շուման, Մոտեսթ Մուսորկսքի, Մորիս Ռավել, Ճորճէ Էնեսքու եւ ուրիշներ) երաժշտահաններու օփերային եւ սենեկային երկեր։

Իր երգահանդէսները կը տարբերէին այլ երգիչներու ելոյթներէն: Գէորգին ելոյթները ընդհանրապէս նուիրուած էին ազգային երեւոյթներու քաջալերական ելոյթներու, առանց նիւթի հետապնդման: Ան խորապէս գիտակից, համեստ եւ խոնարհ իր վաւերական կարողութիւններուն, նման չէր այլ երգիչներու որոնք արուեստի բարձունքներ չնուաճած՝ արդէն կը մոլորին իրենց հպարտութեան եւ յոխորտութեան մէջ: Ուսուցիչները զինք կոչած էին “խոստմնալից տաղանդը“ որ “տուաւ այն ինչ որ իրմէ կը պահանջուէր“[2]:
- ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ


Գէորգին ձայնը թաւշային երանգ մը ունի, որ ճկունութիւն կ՛արտայայտէ նոյն ատեն: Իւրայատուկ ձայն մը` ի վերուստ օժտուած, շնորհալի արտայայտչականութեամբ: «Ձայն տուր ով ծովակ»-ը եւ «Բամբ որոտան»-ը տարբեր ձայնանիշներով յօրինուած` ան կ՛երգէ երգին պահանջած ոճով, մերթ թաւ եւ մերթ շոյող նրբութեամբ: Ինչ կը վերաբերի ռուս, անգլիացի եւ ֆրանսացի երգահաններու ստեղծագործութեանց, այդ մասին արդէն արտայայտուած են նշանաւոր երաժիշտներ, թէ Գէորգ ունի թաւշային բամբ ու թաւ ձայն մը, որ կը հիացնէ ամէն ազգի ունկնդիր [3]:
- ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ


Գէորգ Կակոսեանի յիշատակին ընծայուած յիշատակարան հատորը, եւ խտասալիկ մը

Խմբագրել

2012-ին, Մ. Նահանգներու մէջ, երգիչի եղբօրՙ Յակոբ Կակոսեանի եւ բարեկամներու ջանքերով հրապարակուեր է վաղամեռիկ երգիչի 14 երգերու խտասալիկը[4]:[5]

Անցան տարիներ եւ տասնամեակներ: Գիտութիւնը զարգացաւ եւ նորութիւններ սկսան գրաւել հրապարակը: Ձայնապնակները փոխարինուեցան խտասալիկներով եւ այլ նորութիւններով: Քայլ պահելու համար արդիականութեան հետՙ որոշեցինք խտասալիկով վերարտադրել Գէորգին երգերը: Փրկելու համար ձայներիզի վրայ եղող ձայնագրութիւնները, առաջին հերթին անհրաժեշտ էր թուայնացնել (digitize) զանոնք: Օգնութեան հասան երաժշտագէտ բարեկամներս: Կատարեցինք վերջնական զտումը գոյութիւն ունեցող ձայնագրուած երգերուն: Կրցանք փրկել նաեւ հինգ երգեր եւ աւելցնել մայր ձայնապնակի ինը երգերուն վրայՙ ամբողջացնելով երգացանկը խտասալիկին[5]:
- Յակոբ Ա. ԿԱԿՈՍԵԱՆ Փասատինա, Յուլիս 14 2014


Գէորգ Կակոսեանի յիշատակին ընծայուած այս ալպոմ–հատորը լաւագոյն զգացումները կ՛արտայայտէ եղբօր մը կողմէ իրագործուած, արուեստասէր եղբայր մը` Յակոբը, որ նիւթական եւ բարոյական ոչինչ խնայեց իր սիրեցեալ եղբօր յիշատակը վառ պահելու: Ան ոչինչ խնայած է նիւթական եւ բարոյական իմաստով, սրտանց իրագործուած ներդրում մը, որ վաղամեռիկ երիտասարդ արուեստագէտին հոգին կը լուսաւորէ: Այս մասին արտայայտուած են բազմաթիւ թերթեր` գնահատելով կատարուած անխոնջ, երկարատեւ նուիրումը եղբօր մը սիրոյն[3]: Օրինակելի վերաբերում…
- ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ


հրապարակուած խտասալիկը

Խմբագրել

2012-ին հրապարակուած Խտասալիկին վրայ արձանագրուած են 14 երգ. եօթը երգ հայերէն եւ եօթը օտարալեզու երգեր:երգերն են՝[6]

  • Tzain dour ov Dzovag / Gomidas (4:32) Komitas, Vardapet, 1869-1935.
  • Lretz, ampere / Magar Yegmalian (3:09) Magar Yegmalian, 1856-1905, խօսք՝ Քամար Քաթիպա
  • Karoun / Dikran Tchoukhadjian (3:25) Dikran Tchoukhadjian 1837-1898 խօսք՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան
  • Pam, porodan / National song ; arranged by Hagop Uvezian (1:59) խօսք՝ Ղեւոնդ Ալիշան
  • Akh maral djan / Gomidas (4:03)
  • Dzovi yerke / Andon Mayilian (3:10) Andon Mayilian 1880-1942.
  • Kouyr im nazeli / Daniel Ghazarian (2:47) Daniel Ghazarian 1883-1958.
  • Blakha = The flea / Modest Mussorgsky (3:15) Modest Petrovich, 1839-1881. Pesni͡a o blokhe. Written-By – Johann Wolfgang von Goethe
  • She never told her love (3:08) ; Sailor's song (2:29) ; The spirit's song (5:54) / Joseph Haydn 1732-1809. Canzonettas,voice, piano, 2nd set. She never told her love and voice, piano, 2nd set. Sailor's song. Written-By – William Shakespeare
  • Bonjour / George Enescu (1:20) Georges Enesco,1881-1955.Chansons de Clément Marot. Aux damoyselles paresseuses d'escrire à leurs amys.
  • Ey, oukhnemi = (Volga boatmen's song) / Fyodor Keneman Fedorovich (4:03) Fyodor Keneman Fedorovich 1873-1937
  • Les deux grenadiers / Robert Schumann (2:44).Schumann, Robert, 1810-1856. Romanzen und Balladen, op. 49. Beiden Grenadiere. Written-By – Heinrich Heine
Տարաբախտ արուեստագէտին ողբերգական մահը կը ցնցէր ոչ միայն երգիչին ընտանիքին անդամները, բարեկամները, այլ անոր պատճառած խոր վիշտը մղեց եղբայրը, Յակոբ Կակոսեանը, որ 40 երկար տարիներ տրամադրեց եղբօրը յիշատակին նուիրելու այս յիշատակարան հատորը, եւ խտասալիկ մը, ուր ներկայացուած է Գէորգ Կակոսեան արուեստագէտի կարճատեւ, բայց բեղուն կեանքին դրոշմը [3]:
- ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ


Մեծն Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած իր երգահանդէսներուն առընթեր, համերգային մեծ շրջապտոյտով մը Գէորգը պիտի այցելէր գլխաւոր քաղաքները Միջին Արեւելքի, զոյգ Ամերիկաներու, Կանադայի, Իտալիոյ եւ Խորհրդային երկիրներու:

Ձեռնարկեց այդ «մեծ շրջապտոյտի» առաջին հանգրուանին, մեկնելով Եգիպտոս: 1969, Նոյեմբեր 16-ին, Գահիրէի «Նայլ Հոլին» մէջ տուաւ երգահանդէս մը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ, բայց ափսո՜ս, որ այդ համերգը հանդիսացաւ տարբախտ Գէորգի կարապի երգը: Ճակատագրի անգութ հարուածը զգետնեց զինք Գահիրէի մէջ 25 նոյեմբեր 1969-ին, անակնկալօրէն ի յայտ եկած հիւանդութեան մը հետեւանքով, խոր սուգի մատնելով լիբանանեան երաժշտասէր հասարակութիւնը եւ արուեստի շրջանակները [5]:

Արդարեւ, Գէորգ Կակոսեան մինչեւ վերջին վայրկեան, հոգեվարքի պահերուն իսկ, շարունակեց երգել եւ երգելով ալ աւանդեց հոգին, նուիրագործելով հայ բանաստեղծինՙ Սիամանթոյի, հետեւեալ խօսքը.- «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»[5]:
- Յակոբ Ա. ԿԱԿՈՍԵԱՆ Փասատինա, Յուլիս 14 2014


Ան գիտէր նաեւ՝ թէ տակաւին կանուխ էր իր երգերու ձայնագրութիւններուն համար: “Եղբայր՜ կ’ըսէր, ասոնք չեն հասկնար թէ երգիչի մը ձայնը հասուն եւ հաստատուն կը դառնայ 35 տարիքէն ետք“: Բայց չէր գիտեր թէ՝ պիտի չհասնէր եւ “չտեսնէր“ այդ տարիքը [2]:
- ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ


Այսքա՛ն որակ եւ այսքա՛ն յաջողութիւն: Բայց բախտը եղաւ դաժան, ի՜նչ օգուտ: Այսուհանդերձ, գիտենք, որ «Ճառագայթը չի թաղուիր» իմաստուն խօսքը կայ, ի վերջոյ, շնորհիւ Յակոբ Կակոսեանի եղբայրական անհուն սիրոյն, չմոռցուեցաւ տարաբախտ Գէորգ: Ան կ՛երգէ մեր մէջ իր ձայնապնակով, կը կարդանք իր կեանքին եւ գործին մասին ի յարգանս իր յիշատակին լոյս ընծայուած հատորին մէջ, ոչինչ մոռացութեան տրուած: Կակոսեան Գէորգ չէ մեռած, ան կ՛ապրի մեր մէջ, որովհետեւ անոր յիշատակը չէ թառամած, կը շարունակէ ապրիլ իր երգերով[3]:
- ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել