Գէորգ Քհնյ. Տօնաթոսեան
Գէորգ Քհնյ. Տօնաթոսեան, աւաղանի անունով՝ Թօկօ, որդի Արմենակի եւ Եղիսաբէթի, ծնած է արարկիրցի ծնողքէ, Անտիոնքի մէջ, 1907-ին։
Գէորգ Քհնյ. Տօնաթոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1907 |
Ծննդավայր | Անտիոք |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր | Հայկազեան Ազգային Վարժարան |
Ամուսին | Զարուհի |
Ծնողներ | Արմենակի եւ Եղիսաբէթ |
Երեխաներ | Էլիզապէթ |
Հայրը՝ Տէր Արմենակ, Անտիոքի հոգեւոր Հովիւը, ունեցած է 6 զաւակներ՝ Մարիամ, Արաքսի, Աննա, Անահիտ, Թօկօ եւ Տիգրան։
Ան նախակրթութիւնը ստանալ է ետք Հալէպի Ազգ Հայկազեան Վարժարանէն ներս, փափաքած է եկեղեցական ըլլալ։ Ազգայիններու ջանքերով ղրկուած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց դպրեվանքը։ Իր դասընկերներէն եղած է Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանը։ իբրեւեւ նահատակ քահանայի զաւակ, Ան արժանացած է տեսչութեան եւ դպրեվանիցիներուն մասնաւոր հոգածութեան ու գուրգուրանքին։
Թօկօ իր կեանքի ընկերը ընտրած է Քերոբ եւ Մարգրիտ Պեհլիվանեանի դուստրը՝ Զարուհին, որուն հետ պսակուած է 1931-ին, ձեռամբ Տ. Նշան քահանայ Մարգարեանի։ Ունեցած է մէկ զաւակ՝ Էլիզապէթ։
Գէորգ Քհնյ. Տօնաթոսեան մինչեւ վերջ լոյս հոգիով քահանայագործած է գիւղին մէջ։ Ատոր համար ալ ան սիրած ու սիրուած է համայն ժողովուրդէն՝ ե՛ւ քրիստոնեայ զոյգ համայնքներէն, ե՛ւ պետական շրջանակէն, ե՛ւ Առաջնորդէն ու ազգայիններէն։
Ան իր ետին ձգած է 12 տարիներու տնօրէնութեան, ուսուցչութեան ու քահանայութեան կարճ, բայց գործունէութեամբ բեւում ու իրագործումներով հարուստ վաստակ մը, ինչպէս նաեւ Ճէզիրէի Հայ գաղութին սրտին մէջ վառ պահած՝ տիպար հոգեւորականի անմեռ յիշատակը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 248։