Հայկազեան Ազգային Վարժարան

Հայկազեան ազգային վարժարան, հայկական կրթական հաստատութիւն Հալէպի մէջ (Սուրիա)։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հիմնուած է 1850-ական թուականներուն, Հալէպի մէջ (Սուրբ Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ բակին մէջ)։ 1876-էն կոչուած է Ներսէսեան, 1919-էն՝ Հայկազեան։

Աղջկանց բաժինը կը գործէր 1950-ական թուականներուն եկեղեցւոյ կից կառուցուած շէնքին մէջ, որ ընդհանրապէս նեղ կու գար, քաղաքի կեդրոնական թաղերուն` Ազիզիէի, Սալիպէի, Նայեալի եւ Սուլէյմանիէի բնակիչներու զաւակներուն [1]:

Պետութեան կողմէ 1967 թուականին սեփական վարժարաններու մասին հաստատուած օրէնքէն ետք, Հայկազեան վարժարաններու երեք արտօնագիրները պահպանելու հեռանկարով, միւս կողմէ` ամբողջական եւ արդիական նոր կառոյցի մը երազը իրագործելու դժուարութիւններուն պատճառով, առժամեայ լուծումներէն էր Նայեալի շրջանին մէջ հոգեւոր եղբայրակցութեան «Կենաց» վարժարանի գնումը, որ յատկացուեցաւ` որպէս տղոց բաժին[1]: ։

  Արտերկրի հնագոյն կրթօճախներէն` Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, հիմնուած` 1852 թուականին, 160 տարիներ լուսաւորելէ ետք, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակեց իր դռները, աւելի քան հինգ դարու պատմութիւն ունեցող Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ծխական դպրոցը: Հալէպի թանգարաններու տնօրէնութեան յանձնելով Ճիտէյտիէի մէջ «Պէյթ ղազալէ» արաբական ապարանքը, ուր աշակերտելու բախտաւորներէն եղած եմ նախակրթարանի 1962-1968 տարիներուս:Իմ ընտանիքէս չորս սերունդներ ներկայութիւն ունին Հայկազեան վարժարանէն ներս, մեծ հայրս` Մատթէոս Մ. Էպլիղաթեան (1881-1960), տնօրէնն էր 1932-1935 տարիներուն: Իր աշակերտներէն ճանչցած եմ Տիգրան Նահապետեանը, Օննիկ Տէր Յովհաննէսեանը եւ տոքթ. Սիսակ Սիսեռեանը, որոնցմէ տեղեկացայ, թէ բարոյագիտութիւն նիւթի դասատուն եղած է:
- ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
 


Ներկայ Խմբագրել

Այժմ բարձրագոյն նախակրթարան է։ Աղջիկներու (տնօրենուհի՝ օրիորդ Ֆ․ Տեր-Յակոբեան) եւ տղաներու (տնօրէն՝ պարոն Հ․ Յակոբեան) բաժինները տեղաւորուած են առանձին, տարբեր թաղամասերու մէջ։ Հայկազեան ազգային վարժարանը կ՝ առաջնորդուի սուրիական պետական ուսումնական ծրագրով։ Ուսուցումը արաբերէն է․ մայրենի լեզուով կ՝ աւանդուին հայոց լեզու եւ կրօն։

Կը պահուի աշակերտներու կրթավարձով, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ բարեգործական այլ կազմակերպութիւններու յատկացումներով։ Տարեկան կ՝ ունենայ 80-100 շրջանաւարտ։ Սերտ կապերու մէջ Հայաստանի հետ, ուրկէ կը ստանայ դասագիրքեր, ձեռնարկներ, պարբերականներ եւ այլ գրականութիւն։

Աշակերտներու ընդհանուր թուաքանակը (արական, իգական եւ մանկապարտէզ) 1999 թուականին 1060 էր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։  
  1. 1,0 1,1 Անկրկնելի Հալէպը. Անշիրիմ Հայկազեանը