Գէորգ Քրիստեան, ծնած է Հայաստան, Շիրակի Արեւիկ գիւղին մէջ։ Եօթը տարի յաճախած է գիւղին դպրոցը։ Ապա աւարտած է կումայրի քաղաքի մանկավարժական ուսումնարանը 1951-ին եւ Հայաստանի մանկավարժական ինստուտի բանասիրական ֆակուլտէտը 1955-ին։

Գէորգ Քրիստեան
Ծննդավայր Հայաստան
Քաղաքացիութիւն Հայաստանցի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստինեայ
Ուսումնավայր Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Կարողութիւն Հեղինակ
Մասնագիտութիւն Եղած է տնօրէն եւ Հայերէն լեզուի ուսուցիչ
Աշխատավայր «Հայաստան» Հրատարակչութիւն

Եղած է տնօրէն եւ Հայերէն լեզուի ուսուցիչ Արթիկի եւ ախուրեանի մէջ։ 1962-ին Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ մասնագիտացած է, Հետեւելով դասախօսական եւ գիտական ճիւղերու բանասիրութեան բաժնին։ Մանկավարժական ինստիտուտին եւ պետական համալսարանին մէջ դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ հայ մշակոյթի պատմութիւն։

Աշխատած է «Հայաստան» հրատարակչատան մէջ (1960-1963) որպէս գիրքի խմբագիր. նաեւ «էկրան» ամսագրի եւ Հայաստանի շարժանկարներու ստուդիայի գլխաւոր խմբագիր (1963-1988):

Հեղինակն է 25 շարժանկարներու։

Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու եւ ակնարկներու հինգ ժողովածոներ որոնք են.- Արեւիկ (1964), Հողի Կարօտով (1967), Բանաստեղծութիւններ (1975), Շագանակենին Ծաղկում Է Կրկին (1980), եւ Լուսաբացներ Կէսօրին (1985):

Իր գրութիւնները լոյս են տեսած Հայաստանի Թերթերուն եւ ամսագրերուն մէջ։

1990-էն ի վեր կ՛պրի Լոս Անճելըս: Կ՛աշխատակցի «Հայ Կեանք»,«Նոր Օր», «Նաւասարդ», «Վերելք» Թերթերուն։

Ուշագրաւ են նոր հրատարակութիւններու մասին իր հրատարակած գրախօսականներն ու վերլուծական յօդուածները «Հայ Կեանք»ին եւ «Նոր կեանքին»ին մէջ։

Իր բանաստեղծութիւնները հայրենասիրական ու մարդասիրական բնոյթ կը կրեն, եւ օժտուած են հեշտ ու ջերմիկ տաղերով, ինքնայատուկ ու կենսունակ ոճով։