Գրիգոր Ակոբեան
Գրիգոր Ակոբեան (14 Դեկտեմբեր 1942[1], Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ քանատաբնակ անուանի գեղանկարիչ[2]:
Գրիգոր Ակոբեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 14 Դեկտեմբեր 1942[1] (81 տարեկան) |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Քանատա |
Կրթութիւն | Քոնքորտիա Համալսարան |
Մասնագիտութնիւն | գեղանկարիչ |
Կայք | agopian.ca(անգլերէն) |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԼիբանանի եւ Քանատայի մէջ իր բնակութիւնը հաստատած Գրիգոր Ակոբեան նկարչական արուեստին մէջ մեծ վաստակ ունի շուրջ 50 տարիներու վրայ տարածուած իր ստեղծագործութիւններով եւ բազմաթիւ ցուցահանդէսներով:
Ես ճանչցուած եմ որպէս գերիրապաշտ արուեստագէտ: Նուռին հետ ձուկ, պարան, բանալի դրած եմ, նուռը փշրուած եւ օդին մէջ նեկայացուցած եմ: Ուրեմն գործերուս մէջ միշտ իրապաշտութիւն , գերիրապաշտութիւն, վերացականութիւն կայ:[3] - Գրիգոր Ակոբեան
|
Ցուցահանդէս եւ ստեղծագործական ոճը
ԽմբագրելՍտեղծագործական բոլոր փուլերուն՝ ստեղծագործական կեանքին մէջ Գրիգոր Ակոբեան քանի մը անգամ յետադարձ ակնարկ մը նետելով գործերուն վրայ` ցուցահանդէս կազմակեպած է: Ամէնէն հին գործը 1966 թուականի է, իսկ ամէնէն նորը` 2017-ի:
Գործերուս մեծամասնութիւնը իմ անձնական հաւաքածոյէս է, որ շատեր չեն տեսած: Գործերուս մէջ կայ կայ փրինթինկ կրաւիւր, այստեղ տպագրութիւնը նոյն բառը չէ, որովհետեւ ձեռքով տպած եմ ես: Ամէն մէկ օրինակէն ամէնէն շատ 6-7 հատ ունիմ: Իմ կրաւիւրներս թիւով 6-7 հատ են, շարք մը կայ, որմէ տասը հատ ըրած եմ: Ամէն մէկէն մէկ-երկու հատ պահած էի:[3] - Գրիգոր Ակոբեան
|
Իր ձեռքով թուղթ շինած եւ արժանացած է Քեպեքի արուեստի կազմակերպութեան մրցանակին
ԽմբագրելԻսկ նորութիւնը, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ չկայ եւ Եւրոպա ալ շատ քիչ կայ, այն է, որ ես ձեռքովս թուղթ շինած եմ:[3] - Գրիգոր Ակոբեան
|
Չիները 2200 տարի առաջ թուղթի գիւտը կատարած են: Մինչեւ այսօր շատ բան չէ փոխուած: Իրենք կ՛առնէին յատուկ բոյսերը եւ կը ծեծէին, ապա հեղուկ մը կը պատրաստէին, որմէ ետք կը ճնշէին, ապա դուրսը կը դնէին, որ չորնայ եւ թուղթ մնայ: 1989-ին, երբ Մոնրէալ գացի երկու ցուցահանդէս ունէի` մէկը Մոնրէալ, միւսը` Թորոնթօ, 3 տարի հոն մնացի եւ չկրցայ վերադառնալ հոս:
Ես միշտ ալ հետաքրքրուած էի, թէ ինչպէ՛ս կը շինեն թուղթը: Գացի եւ թուղթ շինելու դասընթացի մը հետեւեցայ: Ձեռքով պատրաստուած այդ թուղթին վրայ ի՛նչ գոյն ալ դնես, կը վազէ, չես կրնար կեցնել: Ես ուզեցի գոյնը կեցնել: Ձեռքով շինուած թուղթին վրայ դեռ մէկը չէ կրցած գոյնը կեցնել: Ես կեցուցի, յաջողեցայ: Քանի մը ամիս վերջ զարմացան, թէ ինչպէ՛ս կրցայ ընել այդ իրագործումը : Ինծի մրցանակ տուին Քեպեքի արուեստի կազմակերպութենէն, այս մէկը գիրքիս մէջ ալ դրած եմ: Ատոր վրայ ինծի դպրոցի մը վարի յարկը տեղ տուին, որ մէկ ամիս աշխատիմ, որովհտեեւ, երբ թուղթը հանես ջուրէն, մէկ շաբաթ պիտի նստի, որ ջուրը շոգիանայ, ու թուղթը մնայ:[3] - Գրիգոր Ակոբեան
|
«ԿԻԼԻԿԻԱ» թանգարանին նուիրեց «Այբ» գիրին շուրջ զարգացուցած իր արուեստի նոր գործը
Խմբագրել10 Յունիս 2019-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց վաստակաշատ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը: Արուեստագէտը այս առիթով Կաթողիկոսարանի «ԿԻԼԻԿԻԱ» թանգարանին նուիրեց «Այբ» գիրին շուրջ զարգացուցած իր արուեստի նոր գործը:
Իբրեւ գնահատանք նկարչական բնագաւառին մէջ իր բերած կարեւոր նպաստին։
Հրատարակուած ալպոմներ
ԽմբագրելԳիրքս երկու հատոր է, իւրաքանչիւրը` 180 էջ: Գիրքերուն մէջ ներկայացուցած եմ թանգարաններուն մէջ տեղադրուած գործերս, յետոյ` ստացած մրցանակներս, անկէ ետք ներկայացուցած եմ հին գործերս: Իրականութեան մէջ բոլոր գործերս չեմ կրնար գիրքին մէջ դնել: Անոնք թերեւս 10 հատոր կը կազմեն եւ աւելի: Ասիկա առաջին գիրքս է, կրցածիս չափ իմ ճաշակիս ըրի: Զոյգ հատորներուն մէջ ներառած եմ նաեւ կրաֆիք գործերս:[3] - Գրիգոր Ակոբեան
|
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Artists of the World Online, Allgemeines Künstlerlexikon Online, AKL Online / Hrsg.: A. Beyer, B. Savoy — B: K. G. Saur Verlag, Verlag Walter de Gruyter, 2009. — ISSN 2750-6088 — doi:10.1515/AKL
- ↑ «Գրիգոր Ակոբեանի Նուէրը «Ազդակ»-ին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-07-01։ արտագրուած է՝ 2020-06-18
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Աւելի` Հոգին Է Կարեւորը, Որ Յաւիտեան Կը Մնայ», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գրիգոր Ակոբեան