Գրիգոր Ա. Քհնյ. Մինասեան
Աւազանի անունով՝ Գրիգոր, որդի Խաչատուրի եւ Հռիփսիմէի, ծնած է այնթապցի ծնողքէ, Այնթապ, 1867-ին։
Գրիգոր Ա. Քհնյ. Մինասեան | |
---|---|
Ծնած է | 1867 |
Ծննդավայր | Այնթապ |
Մահացած է | 12 Փետրուար 1946 |
Քաղաքացիութիւն | Այնթապցի |
Երեխաներ | Եօթ |
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Ներսէսեան վարժարանի մէկ սենեակին մէջ բացուած վարդանանց Մեսրոպեան Սանուց Վարժարանը, որ հիմնուած է Վարդանեան Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ։
Ան կրցած է դպրոց յաճախել միայն հինգ տարի՝ 1874-1879։ Կեանքի պայմանները առիթ չեն տուած ուսումը շարունակելու։ Բայց յետագային, ինքնաշխատութեամբ եւ գիշերային դպրոց յաճախելով զօրացուցած է հայերէն եւ թրքերէն լեզուները։
Ան մտած ասպարէզ եւ 1883-1893 հետեւած է մանուսայագործութեան(կերպասագործութիւն) ու յետագային դարձած է լաւ արհեստաւոր։ Այս յաջողութիւնը պատճառ եղած է, որ ան պրն. Կարուճ Սերմէճեանի հետ ընկերովի գործի մը ձեռնարկէ։ Սակայն երկու տարի ետքը, բաժնուելով՝ դարձած է գրագիր-հաշուապահ Լէյլէհեան եղբայրներու վաճառատան, ուր պաշտօնավարած է մինչեւ 1903 թուական։ Շնորհիւ իր ընթերցանութեան դարձած է իր ժամանակի լուսաւորեալներէն մին։ Եւ իբրեւ այդպիսին հետաքրքրուած է ազգային-եկեղեցական ու կրթական կեանքով։ Իր գաղափարակիցներուն հետ համահորհուրդ, ան հիմնադիրներէն մին եղած է 1858-ի Թանգարան Ընկերութեան, որ 1863-ին կը դառնայ Ուսումնասիրաց թանգարան եւ հուսկ ուրեմն՝ Վարդանեան Ընկերութիւն։ Յետագային, իր հասակակից երիտասարդներուն հետ ան հիմնած է Վարդանանց Սանուց Միութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակը կ'ըլլայ ճոխացնել Վարդանեան Մատենադարանը։
Ան իր կեանքի ընկերը ընտրած է այնթապցի Յակոբ Թահթաճեանի դուստրը՝ Սանդուխտ (եզսա), որուն հետ պսակուած է 19 Դեկտ.1893-ին Այնթապի մէջ։ Ունեցած է եօթ զաւակներ՝ Նորայր, Յակոբ, Խաչիկ, Ադամ-Նորայր, Նուպար եւ Հռիփսիմէ։ Մանչերէն երկուքը՝ Նորայր եւ Յակոբ փոքր տարիքէն մահացած են։
Վախճանած է 12 Փետրուարին, 1946, Հալէպ։
Թաղման կարգ նու վերջին օծումը կատարուած է ձեռամբ՝ Գերպ Տ.Խորէն Ծ.Վրդ.Բարոյեանի (Առաջնորդական Փոխանորդ Ճէզիրէի եւ ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկոյ), Ս.Աստուածածին Եկեղեցոյ մէջ, 14 Փետրուարին, Տեառնընդառաջի օրը։
Մարմինը ամփոփուած է Հայոց Ազգ.Գերեզմանատան մէջ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 65-66-67-68-69։