Դանիէլ Հալէպլեան

Դանիէլ Հալէպլեան, բնիկ Արաբեկիրցի, Հալէպլեան գերդաստանէն, տէղւոյն Հայ Կաթոլիկ վարժարանը աւարտած եւ գացած Ալաճախան որպէս հեռագրատան պաշտօնեայ։ Ինքնաշխատութեամբ զարգացած ու յառաջդիմած է, Ալճախանէ պաշտօնով փոխադրուած Թօքաթ ուրկէ երկու տարի յետոյ անցած է Պոլիս եւ հուսկ յետոյ հաստատուած Պէյրութ ուր 20 տարի պաշտօնավարած է հերագրատան մէջ, ենթարկուած է Համիտեան հալածանքներուն, քանի մե անգամ ապաստանած է Զմմառի վանքը ամբաստանաուած ըլլալով որպէս յեղափոխականներու աջակցող, Ա. Ընդհ. Պատերազմին ոբրեւ հայ, որով վտանգաւոր տարր մը, ծովեզերքէն աքսորուած է դէպի ներքին գաւառները, Դամասկոս, ուր ժամանակ մը կը մնայ եւ կը մեռնի Թիֆիւսէ վարակուելով[1]:

Դանիէլ Հալէպլեան

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 342։