Դաւիթ Եպիսկոպոս Երեւանցի
Դաւիթ Եպրիսկոպոս Կեսարիոյ, Երեւանցի (1744-1776), կը յաջորդէ Աւետիք եպ.ի, որուն աշակերտած եւ աշխատակցած էր։ Ճգնազգեաց վարդապետ տիտղոսուած եւ «Հայր Դաւիթ» մականուանեալ այս եկեղեցաըանը 30 տարիներ պաշտօնավարած է մեծ գործունէութեամբ, սակայն առանց շատ խաղաղութեան կաթոլիկ խմորումին պատճառաւ: Նալեանի յաջորդին Պասմաճեան Գրիգոր պատրիարքի ատեն (1764-1773) ինզն է որ մեղադրուած է օրուան պատրիարքէն, կրօնական համողումներուն համար: Պասմաճեան պատրիարք, որ կաթոլիկ համոզումներ ունէր եւ ի վերջոյ ինկաւ Հռոմի ծոցը, իր Յիշատակարանին մէջ սա տողերը գրած է իր մասին, որ բաւական յատկանշական է.
Դաւիթ Եպիսկոպոս Երեւանցի | |
---|---|
Ծնած է | 1744 |
Մահացած է | 1776 |
«Ոչ որպէս դետին Կեսարիոյ քաղաքին, այսինքն Դաւիթ եպիսկոպոսին, որ մեծաւ հաւատով եւ ջեռմեռանդ սրտիւ ուտէր զմիս մատաղին եւ զկնի ուտելոյն ի վերայ մնացեալ ոսկերաց նորին զկարգ թաղման մեռելոց կատարեալ եւ յետոյ ամփոփէր ի մէջ եւ ի ներքոյ հողոյ»:
Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի (1763-1780) 1777-ին գրած մէկ գրութենէն կը հասկցուի որ իր շուրջը վէճեր պակաս չեն եղած... Ասկէ որոշ կ’երեւայ թէ նոյն իսկ Կեսարացիք խնդրամատոյց եղած են եւ Սիմէոն կթղ. զայն պաշտօնէ դադրեցուցած է եւ Զաքարիա Փօքուզեան Կաղղուանցի պատրիարք (1773-1781) անոր յաջորդին ֆէրմանը ստացած է: Դաւիթ Արքեպ.ի պաշտօնէ քաշուելէն տարի մը յետոյ (1777) Էջմիածնայ նուիրակ Սահակ վրդ. Կեսարիա կու գայ ժողովարարութեան համար եւ փոխանակ իր գործով զբաղելուն՝ Դատաստանի կ’ենթարկէ Կեսարացիքը,- «Դուք զբազմամեայ ծերունի Դաւիթ վարդապետն ո՞րպէս հանիք յառաջնորդութենէ եւ զՄատթէոս վարդապետ առաջնորդ արարիք» ըսելով... Սահակ 5 ժամ հեռի գտնուող գիւղը կ’երթայ, ուր Դաւիթ եպ. կը գտնուէր: Հոն երկուքն ալ կաթողիկոսին թուղթեր կը գրեն եւ «փայեկ»ով կը ղրկեն Էջմիածին. Կեսարացիք իմանալով՝ Փայեկը կը բռնեն եւ թուղթը ձեռքէն կ’առնեն ու իրե՛նք հանրագրութիւն մը կը գրեն Սահակ վ.ի դէմ:
Սիմէոն կթղ. երբ Կեսարացւոց հանրագրութիւնը կը ստանայ, անմիջապէս նամակով ցաւ կը յայտնէ եւ սաստիկ կը պախարակէ նուիրակը որ իր իրաւասութեան սահմանէն դուրս գործերու միջամտած է եւ կը դատապարտէ զայն «որպէս խելագար եւ մոլեգնեալ»:
Դաւիթ եպ. որ մեկուսացած էր Կեսարիայէն 5 ժամ հեռու գիւղ մը հաւանօրէն մինչեւ մահը հոն կը մնայ հակառակ իր յաջորդին զինքն հեռացնելու փորձին, եւ ինչպէս սովորաբար կը պատահի Հայոց մէջ՝ յետ մահու կը պատուուի իբր «ղեկաւար ընտիր» եւ «հովուապետ արթուն», որ օգտակար եղած էր վանքին՝ անոր կրթական եւ նիւթական բարգաւաճման աշխատելով, եւ կատարելով շինութիւններ, - ինչպէս կը թուէ իր տապանաքարը: Կը թաղուի վանքին մէջ, Աւետիք եպ.ի գերեզմանին քով:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 600: