Դափնի (հանդէս)
«Դափնի», կիսամսեայ, ապա ամսօրեայ կրօնական հանդէս։ Լոյս տեսած է 1921-1922 թուականներուն, Զմիւռնիոյ մէջ։ Արտօնատէր եւ տնօրէն՝ Տ․ Զուանշիր։ Յետամտած է կրօնի եւ գիտութեան հաշտեցման, տպագրած կրօնա-բարոյական բովանդակութեամբ յօդուածներ, եկեղեցական տօները, արարողութիւններն ու ծէսերը մեկնաբանող ճառեր ու քարոզներ, բարոյախօսական առածներ։ Լուսաբանած է դպրեվանքերու ուսումնակրթական վիճակը, զմիւռնահայ համայնքի կեանքը, տպագրած նշանաւոր մտաւորական գործիչներուն նուիրուած նիւթեր։
Աշխատակցել են Ղ․ Դուրեանը, Տ․ Պալեանը, Ս․ Պալապանեանը, Ալփասլանը (Ս․ Փանոսեան) եւ ուրիշներ։