Դեղաբոյսեր, մարդոց եւ կենդանիներու տարբեր հիւանդութիւններու բուժման ու կանխարգիլման համար օգտագործուող բոյսերու խումբ։ Համաշխարհային բուսական աշխարհի մօտ 21000 տեսակ կ'օգտագործուի բուժիչ նպատակներով։ Հայաստանի մէջ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած է մօտ 1500 տեսակ բոյս։

Դեղաբոյսերու բուժիչ յատկութիւնները

Խմբագրել
 

Դեղաբոյսերու բուժիչ յատկութիւնները պայմանաւորուած են անոնց գործարանական ներկայ քիմիական տարբեր բաղադրութեան անդամական նիւթերով, որոնք բնախօսական ներգործութիւն կ'ունենան մարդոց կամ կենդանիներու անդամներուն վրայ։ Բոյսերուն մէջ առաջացող կենսաբանական աշխուժ նիւթերը կենդանի անդամի նիւթափոխանակութեան արդիւնք են, ուստի աւելի բնական ձեւով կը մասնակցին մարդու անդամի կենսաքիմիական եւ այլ կենսաբանական շարժերուն։ Բոյսերուն մէջ պարունակուող որոշ նիւթեր կ'ազդեն սպիտակուցներու կենսահամադրոյթին վրայ, պայմաններ կը ստեղծեն դիմադրողական մարմիններու համադրոյթի համար, կը բարձրացնեն անդամներու պաշտպանական հակազդեցութիւնները, ներխմորներու աշխուժութեանը եւ այլն։

Հայաստանի դեղաբոյսերը

Խմբագրել
Պատկեր:Մատենադարան դեղաբույսեր1.jpg
Դեղաբոյսերը նկարագրող հայերէն մագաղաթ։ Կը պահուի Մատենադարանին մէջ:

Դեղաբոյսերու բուժիչ յատկութիւններու մասին հայ մատենագրութեան մեջ առաջին գրաւոր վկայութիւնը ձգած է Եզնիկ Կողբացին, իսկ որպէս դեղամիջոցներ օգտագործած են Մխիթար Հերացին եւ Ամիրդովլաթ Ամասիացին։

Դեղաբոյսերու տեսակները

Խմբագրել

ՀՀ ֆլորայի մէջ տարածուած դեղաբոյսերը կարելի է խմբաւորել մարդու կազմութեան վրայ ունեցած առաւելագոյն ներգործութեամբ. սրտանօթային համակարգի հիւանդութիւններու պարագային գործածուող դեղաբոյսերէն են կուժկոտրուկը, ծխաբոյսը, եղեսպակը, մատնոցուկը, գազը, ջղային համակարգի հիւանդութիւններու պարագային՝ շիկատակը, սեւ բանգին, կատվախոտը, դաղձը եւ այլն։ Արեան բարձր ճնշումն իջեցնող միջոց են սխտորը, հովուամաղախը, մորենին, ընկուզենին եւ այլն։ Միզամուղ յատկութիւն ունին կուժկոտրուկը, կռատուկը, ճարճատուկը, դաշտային ձիաձետը, գիհին, եգիպտացորենը եւ այլն։ Լեղամուղ են մասրենին, կանթեղախոտը, անթառամը, գաղձը եւ այլն։ Ստամոքսի հիւանդութիւններու պարագային կ'օգտագործուին տուղտը, նշենին, հորթալեզուն, ոսկեհազարուկը, հոնը, մատուտակը, եզան լեզուն, խատուտիկը: Շնչառական ուղիներու հիւանդութիւններու պարագային՝ տուղտը, խուլեղինջը, դաղձը, ուրցը, տատրակը եւ այլն։ Քրտնաբեր յատկութիւններ ունին ազնուամորին, թանթրվենին, լորենին եւ այլն։ Ցաւամոքիչ են ընձախոտը, շիկատակը, սեւ բանգին, կակաչը, արջընկոյզը եւ այլն։

Դեղաբոյսերու կիրառութիւնը

Խմբագրել

Հաւաքած դեղաբոյսերը սովորաբար կը չորցնեն յատուկ չորանոցներու մէջ կամ շուքին։ Չորցած դեղաբոյսերը կ'օգտագործուին թուրմեր, եփուկներ պատրաստելու համար, քիմիադեղագործական արդիւնաբերութեան մեջ։ Դեղաբոյսերէն ստացուած եւ քիմիաբուժական պատրաստուկներուն ներկայացուող պահանջները նոյնն են։ Կարելի չէ միասին հակադրել դեղաբոյսերը եւ բաղադրական դեղամիջոցները կամ բնական հումքէն ստացուած միացութիւնները։ Հմուտ օգտագործման պարագային բոլոր դեղամիջոցները կ'ամբողջացնեն զիրար[1][2][3][4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Thymus Vulgaris. PDR for Herbal Medicine. Mon%-tvale, NJ: Medical Economics Company. p. 1184.
  2. Pierce, Andrea. 1999. American Pharmaceutical Association Practical Guide to Natural Medicines. New York: Stonesong Press. P. 338-340.
  3. Grieve, Maud (1931)։ «Thyme»։ A Modern Herbal  -- Hypertext version of the 1931 edition
  4. Ramsewak Russel S., Nair Muraleedharan G., Stommel Manfred, Selanders Louise (April 2003)։ «In vitro antagonistic activity of monoterpenes and their mixtures against 'toe nail fungus' pathogens»։ Phytotherapy Research 17 (4): 376–379։ PMID 12722144։ doi:10.1002/ptr.1164