Ամիրտովլաթ Ամասիացի

Հայ բնագէտ–բժիշկ, մատենագիր եւ բառարանագիր

Ամիրտովլաթ Ամասիացի (ոչ վաղ քան 1420 եւ ոչ ուշ քան 1425, Ամասիա, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 8 Դեկտեմբեր 1496[1][2], Պուրսա, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]), հայ բնագէտ–բժիշկ, մատենագիր, բառարանագիր։

Ամիրտովլաթ Ամասիացի
Ծնած է ոչ վաղ քան 1420 եւ ոչ ուշ քան 1425
Ծննդավայր Ամասիա, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 8 Դեկտեմբեր 1496[1][2]
Մահուան վայր Պուրսա, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Անգիտաց անպետ?[1]
Մասնագիտութիւն բժիշկ, մատենագիր, բառարանագիր, բնագէտ

Հայ բժշկական պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որ իր գիտական պատկառելի վաստակով դարձած է միջնադարեան ժամանակաշրջանի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը:

Ամիրտովլաթ Ամասիացի հայ գիտական միտքի կարկառուն փարոս մըն է, որ յաջողած է յաղթահարել միջնադարեան խաւարը եւ բժշկագիտութեան անդաստանին մէջ ունեցած պատկառելի վաստակ մը:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ամասիա քաղաքին մէջ։

Շատ հաւանաբար ան բժշկութիւն սորված է Միջագետքի մէջ: Կը տիրապետէր յունարէնին, լատիներէնին, պարսկերէնին, թրքերէնին ու արաբերէնին: Յատուկ եռանդով ու կեդրոնացումով ուսումնասիրած է հին եւ միջնադարեան բժշկութիւնը, որուն զարգացման նուիրած է գիտական իր ամբողջ տաղանդը:

Ամիրտովլաթ Ամասիացի երկար տարիներ ապրած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր գրած է իր բժշկագիտական գլխաւոր աշխատութիւն-ները:

Շրջած՝ արեւելքի տարբեր երկիրներ։ Ծանօթացած՝ ժամանակի առաջաւոր գիտութեան։ Բժշկութիւն ուսանած է, հաւանաբար, Միջագետքի մէջ։ Տիրապետած է արաբերէն, թրքերէն, պարսկերէն, յունարէն եւ լատիներէն լեզուներուն[3]։

Ուսումնասիրած է հին եւ միջնադարեան բժշկութիւնը։ Երկար տարիներ ապրած է Կ. Պոլսոյ մէջ։ Մահացած է Դեկտեմբեր 8, 1496֊ին Պուրսայի մէջ։

Իր կեան­քին մե­ծա­գոյն մա­սը Ա. Ա­մա­սիա­ցի ան­ցուցած է ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ, ուր եւ գրած է իր կա­րե­ւո­րա­գոյն աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը։

Ամիրտովլաթ Ամասիացի հայ բժշկագիտական գրականութեան մէջ

Խմբագրել

Ամիրտովլաթ Ամասիացի հայ բժշկագիտական գրականութիւնը հարստացուցած է արժէքաւոր երկերով, որոնք կ'ընդգրկեն միջնադարեան բժշկագիտութեան եւ դեղագիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը:

Իրմէ հասած առաջին աշխատութիւնը՝ «Ուսումն Բժշկութեան», նուիրուած է մարդու մարմնաբանութեան, առողջապահութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան հարցերուն: Գիրքը ունի երկու մաս. առաջինը՝ մարդակազմութիւնը, երկրորդը՝ ախտաբանութիւնը: Մանրամասն կերպով նկարագրուած են հիւանդութիւններու պատճառագիտութիւնը, դարմանելու կարիքը շեշտող ախտանշանները, հիւանդին բուժումը եւ խնամքը:

Հոգեբուժութեան ասպարէզին մէջ մեծ արժէք կը ներկայացնեն Ամիրտովլաթ Ամասիացիի նշած տեսութիւնները մոլութեան, ցնորամտութեան, մելամաղձոտութեան, ընկճուածութեան, անքնութեան ախտանիշներու եւ հիւանդութիւններու մասին:

Կանացի հիւանդութիւններ եւս Ամասիացիի ուշադրութեան արժանացած են: Մանրամասն կերպով նկարագրած եւ քննած է դաշտանային շրջանառութեան խանգարումներու եւ սեռային գործարաններու խոցերն ու ուռուցքները, չբերութեան կամ ամլութեան պատճառները, մանկաբարձութեան ասպարէզին մէջ՝ արգանդի կառուցուածքը, դերն ու գործունէութիւնը յղութեան եւ ծննդաբերութեան շրջանին:

Ամիրտովլաթ Ամասիացի աչքի հիւանդութիւններուն նուիրած է քսան գլուխ, քիթ-կոկորդականջաբանութեան՝ 15 գլուխ: Մանրամասն կերպով նկարագրած է ականջաբորբերը, քիթի փոլիփները եւ անգինաները[3][4]։

Ամիրտովլաթ Ամասիացի հայ բժշկագիտական գրականութիւնը հարստացուցած է արժէքաւոր երկերով, որոնք կ’ընդգրկեն միջնադարեան բժշկագիտութեան եւ դեղագիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը[5]:

Իրմէ հասած առաջին աշխատութիւնը՝ «Ուսումն Բժշկութեան», նուիրուած է մարդու մարմնաբանութեան, առողջապահութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան հարցերուն: Գիրքը ունի երկու մաս. առաջինը՝ մարդակազմութիւնը, երկրորդը՝ ախտաբանութիւնը: Մանրամասն կերպով նկարագրուած են հիւանդութիւններու պատճառագիտութիւնը, դարմանելու կարիքը շեշտող ախտանշանները, հիւանդին բուժումը եւ խնամքը:

Հոգեբուժութեան ասպարէզին մէջ մեծ արժէք կը ներկայացնեն Ամիրտովլաթ Ամասիացիի նշած տեսութիւնները մոլութեան, ցնորամտութեան, մելամաղձոտութեան, ընկճուածութեան, անքնութեան ախտանիշներու եւ հիւանդութիւններու մասին:

Կանացի հիւանդութիւններ եւս Ամասիացիի ուշադրութեան արժանացած են: Մանրամասն կերպով նկարագրած եւ քննած է դաշտանային շրջանառութեան խանգարումներու եւ սեռային գործարաններու խոցերն ու ուռուցքները, չբերութեան կամ ամլութեան պատճառները, մանկաբարձութեան ասպարէզին մէջ՝ արգանդի կառուցուածքը, դերն ու գործունէութիւնը յղութեան եւ ծննդաբերութեան շրջանին:

Ամիրտովլաթ Ամասիացի աչքի հիւանդութիւններուն նուիրած է քսան գլուխ, քիթ-կոկորդականջաբանութեան՝ 15 գլուխ: Մանրամասն կերպով նկարագրած է ականջաբորբերը, քիթի փոլիփները եւ անգինաները:

«Ախտապատին»

Խմբագրել

«Ախտապատին»ը Ամիրտովլաթ Ամասիացիի կարեւորագոյն աշխատութիւններէն մէկն է եւ բաղկացած է երկու մասէ. դեղագործութիւն եւ դեղագիտութիւն:

Դեղագործութեան բաժինին մէջ զետեղուած են՝ դեղատոմսեր, մանրամասն նկարագրուած են դեղանիւթերը, անոնց բաղադրութիւնը, օգտագործման քանակը եւ պահպանման միջոցները:

Դեղագիտութեան բաժինին մէջ դրուած են դեղերու անունները, անոնց ազդեցութիւնը մարմիններուն վրայ եւ ցուցմունքներ՝ անոնց օգտագործման մասին:

Ամիրտովլաթ Ամասիացիի ծանօթ եղած են բուսական, կենդանական եւ հանքային ծագում ունեցող դեղերը եւ անոնց բաղադրիչ նիւթերը: Ան օգտագործուող բուսանիւթերը բաժնած է ընտանի եւ վայրի տեսակներու՝ յաճախ նախապատուութիւն տալով վայրի տեսակներուն: Իբրեւ դեղամիջոց առաջարկած է օգտագործել կենդանիներու օրկանները:

Ամիրտովլաթ Ամասիացի պատրաստած է աւելի քան հարիւր դեղատոմս՝ գրուած պարզ լեզուով, զերծ ծածկագիրերէ, եւ յստակօրէն նշուած են դեղատոմսերուն մէջ ընդգրկուած դեղերուն բաղադրիչ նիւթերուն կշռային յարաբերութիւնները:

«Օգուտ Բժշկութեան»

Խմբագրել

«Օգուտ Բժշկութեան» մեծահռչակ աշխատութիւնը նուիրուած է մարդկային մարմնաբանութեան եւ բնակազմութեան գիտական ուսումնասիրութեան:

Բժշկագիտական այս կարեւոր երկին հիմքը կը հանդիսանայ մարդկային օրկանիզմի ամբողջականութեան գաղափարը, որուն համաձայն՝ մարդու մարմինի բոլոր մարմնանդամներն ու հիւսուածքները, անոնց ձեւը, կառուցուածքը եւ միւս առանձնայատկութիւնները կը նպաստեն ամբողջ օրկանիզմի բնականոն գործունէութեան։

Ամիրտովլաթ Ամասիացի նկարագրած է սիրտի, թոքերու, երիկամներու, լեարդի, փայծաղի, ստամոքսի, աղիքներու, միզասեռական օրկաններու ձեւը, կառուցուածքը, դասաւորումը, դերն ու նշանակութիւնը: Ան նաեւ նկարագրած է աչքի թաղանթներու կառուցուածքն ու դերը, տեսողական ջիղի ուղին:

Իսկ ախտանշանակութեան, մասնաւոր ախտաբանութեան եւ ախտադարմանման ասպարէզին վերաբերեալ Ամասիացի շեշտած է կարեւորութիւնը սրտի զարկերակի ռիթմին եւ յաճախականութեան, մէզի բա-ղադրութեան փոփոխութիւններուն ցուցանիշ տուեալներու ուսումնասիրման՝ տարբեր հիւանդութիւններու ժամանակ:

Իրեն կը պատկանի աւելի քան 514 տարի առաջ յայտնագործուած բժշկագիտական այն ախտորոշումը, թէ «Վախը, տրտմութիւնը եւ բարկութիւնը մահաբեր հիւանդութեան պատճառ են»:

Ամիրտովլաթ Ամասիացի գիտական ուսումնասիրութեան նիւթ դարձուցած է նաեւ աստղաբաշխութեան մասին հարցեր:

Մեծանուն հայ գիտնական Ամիրտովլաթ Ամասիացի մահացած է 8 Դեկտեմբեր 1496-ին, Պուրսայի մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել