Դեղագործական Քիմիագիտութիւնը Հայաստանի Մէջ

Դեղագործական քիմիագիտութիւնի Հայաստանի մէջ

«Մետրոնիդազոլ» դեղահաբի համադրումը
Դեղահապ

Դեղագործական Քիմիագիտութեան Հիմնադրումը Հայաստանի մէջ Խմբագրել

Դեղագործական քիմիագիտութեան հիմնադիրը Հայաստանի մէջ Արմենակ Մնջոեանն է։ Հայրենական մեծ պատերազմի (1941-1945 թուականներ) տարիներուն ԵԲԻ-ի մէջ անոր ղեկավարութեամբ արտադրութեան մեջ ներդրուած են ռազմաճակատին ու թիկունքին անհրաժեշտ դեղանիւթեր։ Կենսաբանօրէն աշխոյժ նիւթերու համադրումը հետագային ծաւալած է Արմենակ Մնջոեանի ղեկաւարած քիմիագիտութիւն-դեղագործական տարրալուծարանին մէջ, որու հիման վրայ 1955 թուականին ստեղծուած է Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի նուրբ գործարանական (organic) քիմիագիտութեան համակարգը (Նուրբ Օրքանիգ Քիմիագիտութեան Ինստիտուտ) (ՆՕՔԻ, 1971 թուականից՝ Արմենակ Մնջոեանի անուան, 2006 թուականէն՝ ՀՀ ԳԱԱ գործարանական եւ դեղագործական քիմիագիտութեան կեդրոն)։ Այստեղ կը համադրուին նոր նպատակային գործարանական միացութիւններ, կ'ուսումնասիրուին իրենց կենսբանական աշխոյժութիւնը, կը բացայայտուի գործարանական միացութիւններու կառուցուածքի եւ կենսբանակսն աշխոյժութեան միջեւ եղած կապը, կը կատարուին կլինիկական փորձարկումներ։

 
Դեղագործական բուժարան,գիտահետազոտական փորձարկումներ

Հովհաննես Մնջոեանի Յայտնագործութիւնները Խմբագրել

Ցոյց կը տրուի, որ երկհիմն կարբոնաթթուներու ածանցեալները կենսաբանօրէն աշխոյժ նիւթեր են. սաթաթթուի երկմեթիլամինաէթիլէսթերը՝ դիթիլինը, կ'օգտագործուի բժշկութեան մեջ՝ կրծքավանդակի վիրահատութիւններու ժամանակ՝ որպէս մկանները թուլացնող միջոց, խցանաթթուի երկմեթիլամինաէթիլէսթերու երկյոդմեթիլատը՝ սուբեխոլինը՝ որպէս շնչառութեան խթանիչ։ Տեղակալուած քացախաթթուներու եւ ֆենոլաթթուներու ամինաէսթերներու խոլինաքայքայիչ եւ հանգուցամեկուսիչ հատկութիւններու հետազոտութիւններով կը բացայայտուի, որ ամինասպիրտային բաղադրիչի կառուցուածքի փոփոխութիւնը կրնայ հանգեցնել իրենց կենսաբանական աշխոյժութեան ի յայտ գալուն, ինչպէս նաեւ մեծցնել երենց ներգործութեան տեւողութիւնը։

 
Երեւանի պետական համալսարան
 
ՀՀ ԳԱԱ
 
Երեւանի պետական բժշկական համալսարան

1998 թուականէն Երեւանի Պետական Համալսարանի դեղագործական քիմիայի ամպիոնին մէջ Ա. Սաղեանի ղեկավարութեամբ համադրուած են նոր սերունդի տարացիկլներ պարունակող օպտիկապէս աշխոյժ ամինաթթուներ, որոնք նոյնպէս լուրջ հետաքրքրութիւն կը հառաջացնեն հակաքաղցկեղային դեղապատրաստուկներու արտադրութեան մեջ։ Այդ աշխատանքները համատեղ կը կատարեն ԵՊՀ-ի, Ռոստոկի (Գերմանիա) համալսարանի գործարանական քիմիայի ամպիոնները եւ ՀՀ ԳԱԱ գործարանական եւ դեղագործական քիմիայի գիտատեխնոլոճիական կեդրոնը։ Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ Մ. Օրդեանի ղեկավարութեամբ համադրուած են հակաուռուցքային, պսակային անոթներու դիմադրողականութիւնը եւ արեան ճնշումը նուազեցնող, հակաջղաձգային եւ մանրէասպան հատկութիւններով օժտուած միացութիւններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։