Երեւանի Պետական Համալսարան

(Վերայղուած է ԵՊՀ-էն)

Երեւանի պետական համալսարան, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան մայր բուհը[1]։

Երեւանի Պետական Համալսարան

Պատմութիւնը

Խմբագրել

16 Մայիս 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդը կայացուցած է Երեւանի մէջ համալսարան հիմնելու որոշում։ 31 Յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Գիւմրի) առեւեւտրային դպրոցի շէնքին մէջ մեծ շուքով կատարուած է Հայաստանի համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են ինչպէս հանրապետութեան ղեկավարները, այնպէս ալ բազմաթիվ հիւրեր՝ արտասահմանէն։ Համալսարանին մէջ դասերու մեկնարկը տրուած է նշանաւոր հայագէտ Ստեփան Մալխասեանցի՝ 1 Փետրուար 1920-ին կարդացած դասախօսութեամբ։ Համալսարանի հինադիրներէն էր նաեւ Սիրական Տիգրանեանը։

Առաջին ուսումնական տարին համալսարանը ունեցած է մէկ՝ պատմալեզուաբանական բաժին, 262 ուսանող եւ 32 դասախօս։ Համալսարանի առաջին նախագահ Եուրի Ղամբարեանի ջանքերուն շնորհիւ, հիմնադրման առաջին տարին համալսարանին մէջ դասախօսելու հրաւիրուած էին արտասահմանեան բուհեր աւարտած, մանկավարժական եւ գիտական աշխատանքի փորձ ունեցող այնպիսի անուանի մասնագէտներ, ինչպէս Յակոբ Մանանդեանը, Մանուկ Աբեղեանը, Աշխարհբէկ Քալանթարը, Ստեփան Մալխասեանցը եւ ուրիշներ։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ՀԽՍՀ առաջին լուսաւորութեան նախարար Աշոտ Յովհաննիսեանի «Երեւանի համալսարանի վերակազմութեան մասին» հրամանով, 17 Դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի համալսարանը վերանուանուած է Երեւանի Ժողովրդական Համալսարան։ Երեւանի մէջ վերաբացուած կրթօճախի նախագահ ընտրուած է հայագէտ, փրոֆէսէօր Յակոբ Մանանդեանը։

1920-ական թուականներուն համալսարանը գործած է Աստաֆեան (այժմ՝ Աբովեան) փողոցին մէջ գտնուող ուսուցչական սեմինարի՝ սեւ տուֆով կառուցուած երկյարկանի շէնքի առաջին յարկին վրայ։ Ժողովրդական համալսարանին մէջ գործած է ընդամէնը երկու բաժին՝ հասարակագիտական եւ բնագիտական։ Իսկ արդէն Հոկտեմբեր 1921-ին համալսարանը ունեցած է հինգ բաժանմունք՝ բնագիտական, արեւելագիտական, արհեստագիտական, մանկավարժական եւ խորհրդային շինարարութեան։ Այնուհետեւ բնագիտական բաժինը վերաձեւաւորուած է գիւղատնտեսականի, իսկ Մարտ 1922-ին բացուած է բժշկական բաժինը։

Կառավարութեան Հոկտեմբեր 20, 1923-ի որոշումով՝ ժողհամալսարանը վերանուանուած է «Պետական Համալսարան»։ Ըստ այդ՝ բարձրացուած է «մայր» բուհի կարգավիճակն ու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ խստացուած են կրթօճախին ներկայացուցած պահանջքները։ Համալսարանի ղեկավարութիւնը յատուկ ընտրութեամբ աշխատանքի հրաւիրած է արտասահմանեան բուհեր աւարտած եւ քանի մը օտար լեզուներու տիրապետող, մանկավարժական հարուստ փորձ ունեցող գիտնականներ։

1933-1934 ուսումնական տարիներուն համալսարանին մէջ սկսած են գործել տնտեսագիտական, բնապատմական, պատմալեզուագրական, բնագիտութեան եւ մանկավարժական բաժիններ։

1934 թուականին մանկավարժական բաժինը առանձնացուած է եւ անոր հիմքով կազմաւորուած է մանկավարժական դպրոցը (այժմ՝ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարան)։ Նոյն ուսումնական տարին բնագիտական բաժինը բաժնուած է երկու՝ կենսաբանական եւ քիմիական բաժանմունքներու։

 
ԽՍՀՄ փոստային նամականիշ, 1970 թուականին Երեւանի պետական համալսարանը 50 տարեկան է

Այսպիսով, 1935-1936 ուսումնական տարուընէ համալսարանին մէջ ձեւաւորուած եւ սկսած են գործել ութը բաժիններ՝ պատմութեան, բանասիրական, իրաւաբանական, երկրաբանա-աշխարհագրական, քիմիական, բնագիտական, կենսաբանական։ 1945 թուականին բացուած է եւ մինչեւ 1953 թուական գործած է նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը։ 1957 թուականին Պետական համալսարանին որպէս առանձին բաժին ըլլալով, միացուած է Ռուսերէն լեզուի դպրոցը եւ օտար լեզուներու դպրոցը, որ 1961 թուականին կրկին առանձնացած է։ 1959 թուականին բնագիտական բաժանմունքէն անջատուած է եւ ինքնուրոյն միաւոր դարձած է ԵՊՀ բնագիտական բաժանմունքը։ Յատկապէս 1960-1990-ական թուականները համալսարանին համար դարձած են աննախադէպ զարգացման տարիներ. կազմաւորուած են նոր բաժանմունքներ, ստեղծուած են գիտական նոր աշխատանոցներ, հիմնուած է հայագիտական կեդրոն։ Զգալիօրէն աշխուժացած է հրատարակչական գործը. ուսումնական դասագիրքերէն եւ ձեռնարկներէն բացի, հրատարակուած են նաեւ դասախօսներու գիտական աշխատութիւնները, գիտական ամսագրեր, բազմաբնոյթ ժողովածուներ եւ այլն։

1991 թուականին Երեւանի պետական համալսարանը արդէն ունեցած է 17 բաժին։

1994 թուականին հիմնադրուած է ԵՊՀ Իջեւանի մասնաճիւղը։ Մասնաճիւղը ունի 4 բաժանմունք, ուր կ'ուսանին շուրջ 1400 ուսանողներ։

1995-1996 ուսումնական տարին Երեւանի պետական համալսարանին համար նշանաւորուած է նոր ուսումնական գործընթացի սկզբնաւորմամբ։ Հանրապետութեան մէջ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան նոր եւ որակեալ կրթակարգ ունենալու նպատակով, ԵՊՀ-ն, ինչպէս նաեւ հայաստանեան շարք մը բուհեր, անցան երկաստիճան կրթական համակարգի։ 1990-ական կէսերէն մինչեւ այսօր հետեւողական աշխատանք կը տարուի պսակաւոր արուեստի եւ մագիստրոսի կրթական ծրագիրներու չափորոշիչներու, ուսումնական գործընթացի բարելաւման հետ կապուած չափանիշներու եւ կանոնակարգերու մշակման եւ ներդրման ուղղութեամբ։ Ուսումնառութեան գործընթացը ճկուն դարձնելու համար մշակուած եւ կիրառուած է գիտելիքներու գնահատման կանոնակարգ, որ կը նախատեսէ մասնագիտական առարկաներէն ընթացիկ քննութիւններու յանձնում։

ՀՀ կառավարութեան 27 Նոյեմբեր 2014-ին առնուած որոշումով, փոխուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի կազմակերպա-իրաւական կարգավիճակը՝ պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութենէն դառնալով հիմնադրամ[2]:

Մինչ օրս ԵՊՀ-ն տուած է 100 հազարէն աւելի շրջանաւարտ։ Համալսարանին մէջ այսօր գործող 19 բաժիններուն մէջ կը մասնագիտանան շուրջ 20 հազար ուսանողներ։

2006 թուականին ԵՊՀ նախագահն է ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, պատմ. գիտ. դոկտոր, փրոֆէսէօր Արամ Սիմոնեանը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ԵՊՀ-Ն 85 ՏԱՐԵԿԱՆ Է»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-13 
  2. «ԵՐԵՎԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ» ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՉ ԱՌԵՎՏՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹՅՈՒՆԸ «ԵՐԵՎԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱՎՈՐԵԼՈՒ ԵՎ ԳՈՒՅՔ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ