Դիլիջան (թերթ)
«Դիլիջան», երկօրեայ թերթ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ՀԿԿ Դիլիջանի քաղաքային կոմիտէի եւ աշխատաւորներու դէպուտատներու քաղաքային սովետի օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1958 թուականէն (ընդհատուած է 1963-1964 թուականներուն), Դիլիջանի մէջ։
Լուսաբանած է կուսակցական կազմակերպութիւններու, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու, շինարարութեան, քաղաքային տնտեսութեան աշխատանքները, առանձին ուշադրութիւն նուիրած առողջարանային քաղաքի կեանքին, շրջանի բնութեան եւ պատմական ու հնագիտական յուշարձաններու պահպանութեան։ Պատմած է Մայիսեան ապստամբութեան եւ Երկրորդ աշխարհամարտի գերմանա-սովետական առաջնագիծի դիլիջանցիներու մասնակցութեան, «ԽՍՀՄ ժողւուրդներու բարեկամութեան», քաղաքի անուանի մարդոց մասին։
Մշտական տեղ յատկացուցած է մշակութային, կրթական ու մարզական կեանքին, հաղորդած գիտութեան ու տեխնիկայի, բժշկութեան նորոյթներ։
Յաջորդած է «Ստալինեան արշաւ» (1934-1951) շրջանային թերթին։