Մայիսեան Ապստամբութիւն (1920)

Մայիսեան ապստամբութիւն, 1920 թուականի Մայիսին համայնավարական կուսակցութեան զինուած ապստամբութիւն՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կառավարութեան դէմ։ Կազմակերպած եւ ղեկավարած է Հայաստանի համայնավարական կուսակցութիւնը։ Նպատակն էր տապալել դաշնակցականներուն իշխանութիւնը եւ երկրին մէջ հաստատել խորհրդային կարգեր։

Մայիսեան ապստամբներու յուշարձանը Կիւմրիի մէջ

Նախադրեալներ

Խմբագրել

Ռուսաստանի մէջ Հոկտեմբերեան Սոցիալիստական յեղափոխութեան յաղթանակէն յետոյ, Անդրկովկասի մէջ ստեղծուած ներքին եւ արտաքին բարդ պայմաններուն մէջ ստեղծուեցաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը։ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը անցաւ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան։ Սկսած էին ազգամիջեան ընդհարումներ եւ սովէն ու համաճարակներէն կոտորուող արեւմտահայ գաղթականներու հոծ բազմութիւն մը գաղթած էր հանրապետութեան տարածք։ Սրուած էր դասակարգային պայքարը, որ յատկապէս զօրացաւ 1919 թուականի կէսերուն, երբ անգլիական զօրքերը հեռացան Անդրկովկասէն։

Կազմակերպում

Խմբագրել

ՌԿ(բ)Կ Կենտկոմի ու Կովկասեան երկրային կոմիտէի ղեկավարութեամբ եւ օգնութեամբ 1919 թուականի ամռան կազմակերպօրէն ամրապնդուեցան Հայաստանի համայնավարական կազմակերպութիւնները, որոնց միաւորման գործին մէջ մեծ դեր խաղցան անոնց 1919 թուականի Սեպտեմբերեան խորհրդակցութիւնը եւ 1920 թուականի Յունուարեան խորհրդաժողովը։ Ընտրուեցաւ Հայաստանի համայնավարական կազմակերպութիւնները միաւորող օրգան՝ ՌԿ(բ)Կ Հայաստանի կոմիտէ (Արմենկոմ), որու կազմին մէջ ընդգրկեցին Ս. Ալավերդեանը, Սարգիս Կասեանը, Ա. Մռաւեանը, Դ. Շահվերդեանը, Հ. Կոստանեանը, Ղուկաս Ղուկասեանը, Ա. Նուրիջանեանը, Դ. Տէր-Սիմոնեանը, Ա. Գոգունցը, Ա. Մելքոնեանը, Ս. Մարտիկեանը եւ ուրիշներ։

Կարգ մը տեղեր (Ալեքսանդրապոլ, Երեւան, Կարս, Սարիղամիշ, Նոր Բայազետ, Ղազախ-Դիլիջան, Զանգեզուրի գաւառ եւ այլն) աշխուժացաւ կուսակցական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը։ Անոնց աշխատանքները կը ղեկավարէր Բ. Ղարիբջանեանը, Ս. Ալավերդեանը, Ղուկաս Ղուկասեանը, Հ. Սարուխանեանը, Բ. Բատիկեանը, Ե. Մկրտումեանը, Հ. Կամարին, Բ. Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ։ Յատկապէս զգալի էր Ալեքսանդրապոլի պոլշեւիկեան ընդյատակեայ կոմիտէի աշխատանքը (ղեկավար՝ Բ. Ղարիբջանեան)։ Կոմիտէն կենդանի կապ կը հաստատէր Շիրակի աւազանի Քեավթառլույի, Ղուլիճանի, Փոքր Պարնիի, Նորաշէնի եւ այլ գիւղերու ենթամարմիններուն հետ։ Երիտասարդութեան մէջ մեծ աշխատանք կը ծաւալէր 1919 թուականի գարնան ստեղծուած համայնավարական երիտասարդական «Սպարտակ» միութիւնը (ղեկավարներ՝ Ղուկաս Ղուկասեան, Ա. Բուդաղեան, Աղասի Խանջեան)։

1920 թուականի Յունուարին Հայաստանի պոլշեւիկեան կազմակերպութիւններու խորհրդաժողովը որոշեց արտաքին եւ ներքին նպաստաւոր պայմաններու պարագային, ապստամբիլ եւ գրաւել իշխանութիւնը։ Անոնք այդպիսի նպաստաւոր իրադարձութիւն համարեցին 1920 թուականի Ապրիլ ամսուայ վերջաւորութեան (28-ին) Ազրպէյճանի խորհրդայնացումը՝ Ռուսաստանի 11-րդ Կարմիր բանակին կողմէ։ Ապստամբութիւնը ղեկավարելու համար ստեղծուեցաւ Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէ (ՀՌՀԿ)։

Ապստամբութիւնը

Խմբագրել

1920 թուականի Մայիս մէկի ցոյցերն ու միթինկները, որոնց կազմակերպիչն ու ղեկավարը ՌԿ(բ)Կ Արմենկոմն էր, առաջին գործնական քայլերն էին Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէին (ՀՌՀԿ)։ Ապստամբներու կողմը անցան յեղափոխական գաղափարներով տարուած զինուորականութեան մէկ մասը եւ «Վարդան զօրավար» զրահագնացքը։ Վերջինիս հրամանատար՝ Սարգիս Մուսայէլեանը նշանակուեցաւ ապստամբական ուժերու ղեկավար։

10 Մայիսին ՀՌՀԿ-ն Ալեքսանդրապոլի մէջ իշխանութիւնը առաւ իր ձեռքը, սակայն անվճռական գտնուեցաւ եւ քանի մը օր անց կառավարական ուժերը Սեպուհի (Արշակ Ներսիսեան) հրամանատարութեամբ ստիպեցին ապստամբներուն անձնատուր ըլլալ։

Ապստամբական թոյլ բռնկումներ եղան նաեւ Կարսի, Սարիղամիշի, Նոր Պայազէտի, Ղազախ-Շամշադինի մէջ եւ այլուր։ Այդ ելոյթները նոյնպէս հեշտութեամբ ճնշուեցան։

Պատասխան քայլեր

Խմբագրել

Այս դէպքերը Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ լուրջ անհանգստութիւն առաջացուցին։ Պետութեան համար ստեղծուեցաւ վտանգաւոր դրութիւն։ Քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու համար որոշուեցաւ ստեղծել ուժեղ կառավարութիւն։ 5 Մայիսին հրաժարական տուաւ Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութիւնը եւ անոր փոխարէն կազմուեցաւ այսպէս կոչուած Բիւրօ-կառավարութիւն՝ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինի անդամներէն։ Վարչապետ նշանակուեցաւ Համօ Օհանջանեանը։ Նորաստեղծ կառավարութիւնը ձեռնարկեց շարք մը արտակարգ միջոցառումներու։ Արգիլուեցան գործադուլները եւ ցոյցերը։ Հիմնուեցան արտակարգ դատարաններ, սահմանուեցաւ մահապատիժ եւ այլն։ Ապստամբութեան տասնեակ մասնակից գործիչներ բանտարկուեցան։ Կասեցուեցաւ Հայաստանի համայնավարական (պոլշեւիկեան) կուսակցութեան գործունէութիւնը։ Պոլշեւիկներու մէկ մասը անցաւ ընդյատակեայ գործունէութեան, իսկ միւս մասը հեռացաւ Ազրպէյճան, որպէսզի այնտեղէն նախապատրաստէր իշխանութիւնը գրաւելու նոր գործողութիւնները։ Գնդակահարուեցան ապստամբութեան ղեկավարներ՝ Ստեփան Ալավերդեանը, Սարգիս Մուսայէլեանը, Բագրատ Ղարիբջանեանը, Յովհաննէս Սարուխանեանը, Եգոր Սեւեանը, Ք. Մկրտչեանը, Ե. Մկրտումեանը, Բ. Բատիկեանը, Բ. Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ա. Խանջեան, Մայիսեան ապստամբութենէն դէպի նոյեմբերեան յաղթանակը, Ե„ 1935։
  • Մայիսեան ապստամբութիւնը Հայաստանի մէջ 1920-1930 (յիշողութիւններու եւ փաստաթուղթերու ժողովածու)ի, Ե., 1930;
  • Գ. Ղարիբջանեան, Մայիսեան ապստամբութիւնը Հայաստանի մէջ 1920 թուականին, Ե., 1955։
  • Հոկտեմբերեան ընկերային մեծ խորհրդային իշխանութեան յաղթանակը "Հայաստանում (Փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածուն), Ե., I960;
  • Գ. Գալոեան, Անդրկովկասին մէջ ընտանեկան համայնավարական շինարարութեան պատմութեան կեղծարարութեան դէմ, Ե., 1961:
  • Գ. Գալոեան, "Հերոսական Մայիսէն-յաղթական Նոյեմբեր, Ե., 1980:
  • Կարապետեան Հովհ. Ս., Մայիսեան ապստամբութիւնը Հայաստանի մէջ 1920 թ., Ե., 1961:
  • Ա. Հ. Մելքոնեան, Մայիսեան ապստամբութեան պատմութեան հարցի շուրջը, Ե., 1965:
  • Ս. Վրացեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն», 1993, Գլուխ ԻԸ, Մայիսեան խռովութիւնները, էջ 401-429
  • Ա. Յակոբեան, «Հայաստանի խորհրդարանը եւ կուսակցութիւնները 1918-1920», Գլուխ 6, Կուսակցութիւնները եւ խորհրդարանը Մայիսեան ճգնաժամի շրջանին մէջ, 1. Մայիսեան ապստամբութիւնը
  • Հայոց պատմութիւն, 11-րդ դասարան, Ընդհանուր հոսքի դասագիրք, 2010, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը, էջ 215
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։