Դիտակ (թերթ, Թիֆլիս)
«Դիտակ», շաբաթաթերթ։ Հրատարակուած է 1906-ին Թիֆլիսի մէջ։ Շաբաթաթերթի խմբագիր-հրատարակիչը եղած է Հ․ Տէր-Աստուածատրեանցը։ Դիտակ շաբաթաթերթին մէջ տպագրուած են բանասիրական, բանախօսական եւ քնադատական յօդուածներ, պատմուածքներ ու բանաստեղծութիւններ, լուսաբանած մանկավարժական հարցեր։ Թերթին մէջ անդրադարձած են նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքական վիճակին, հայ ազատագրական շարժման եւ հայկական հարցին, Կովկասի հայկական դպրոցներուն, քննադատած կրթական հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդման հին մեթոդները։ Տպագրած է գերմանացի հայագէտ Արթուր Լայստի՝ հայ գրականութեան նոր շրջանին նուիրուած «Հայկական բելետրիստիկա» ուսումնասիրութիւնը։