Դիտակ (թերթ, Իսթամպուլ)
«Դիտակ», կրօնական, ուսումնական եւ քաղաքական շաբաթաթերթ, ապա՝ երկօրեայ։ Լոյս տեսած է 1870-1874 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիր՝ Ա․ Ութուճեան։ Կոստանդնուպոլսի հայ աւետարանականներու հրատարակութիւն։ Տպագրած է գրականութեան, մանկավարժութեան եւ գիտութեան նուիրուած յօդուածներ, առողջապահական տեղեկութիւններ։ Լայն տեղ յատկացուցած է կրթութեան ու դաստիարակութեան, գնահատած կնոջ դերը ընտանիքի ամրապնդման գործին մէջ, աջակցած իգական կրթական հաստատութիւններ ստեղծելու ձեռնարկումներուն։ Տպագրած է նաեւ քաղաքական, աշխարհագրական, բնագիտական եւ այլ լուրեր, արտատպած նիւթեր օտար մամուլի էջերէն, ծանօթացուցած եւրոպական երկիրներու եւ քաղաքներու պատմութեան[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԴԻՏԱԿ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-21
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»