Դուինի Եկեղեցական Ժողով (719-720)
Դուինի եկեղեցական ժողով 719 կամ 720 թուականին Արմինիա կուսակալութեան մայրաքաղաք Դուինի մէջ Յովհաննէս Գ. Օձնեցի կաթողիկոսի գլխավորութեամբ հրաւիրուած ազգային-եկեղեցական ժողով։ Ժողովը հետապնդած է երկու նպատակ։
- ընդունած եւ վերջնական տեսքի բերած է Յովհաննէս Գ. Օձնեցիի՝ կանոնական ցաքուցրիւ նիւթերէն ընտրութեամբ հաւաքած եւ կազմած ժողովածուն, որ յայտնի է «Կանոնագիրք» անունով։
- Դուինի մէջ նոր ժողով հրաւիրելը արձագանքն էր ժամանակի քրիստոնիա Արեւելքի մէջ սրուած դաւանական վեճերու, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուած էր քաղկեդոնականներու, նեստորականներու, նաեւ՝ Հայ եկեղեցւոյ ներսին հանդէս եկած աղանդներու (պաւլիկեաններ, մծղնեականներ) դէմ պայքարի անհրաժեշտութեամբ։
Դուինի Զ. ժողովը ընդունած է նաեւ 32 յօդուածէ կազմուած կանոնախումբ մը, որ յայտնի է «Կանոնք տեառն Յովհաննիսի Իմաստասիրի Հայոց կաթողիկոսի» անունով։ Այդ կանոններով որոշուած է Հայ եկեղեցւոյ ժամերգութեան կարգը (նշելով առաւօտեան, երեկոեան, գիշերային պաշտամունքները, կիրակնօրիա ժամերգութիւնները), համախմբուած են Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի, Սահակ Ա. Պարթեւի, Յովհաննէս Ա. Մանդակունու բոլոր կանոնները եւ կարգերը (կանոն ԻԱ–ԻԵ)։
Ի կանոնով որոշուած են «Սուրբ Աստուած» երգի «խաչեցարի» հաւելման, ԻԶ եւ Լ կանոններով՝ Քրիստոսի Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնը 6 Յունուարին կատարելու, Ը կանոնով՝ անապակ գինիով եւ անխմոր հացի գործածութեան վերջնական խնդիրները։ ԼԲ կանոնով խստիւ արգիլուած է օթեւան տալ կամ յաղորդակցուիլ պաւլիկեան աղանդաւորներու հետ։