Եաֆֆայի Ճակատամարտ (1192)

Յաֆֆայի ճակատամարտ, 1192-ին տեղի ունեցած ռազմական բախում։ Մարտի ժամանակ Անգլիոյ թագաւոր Ռիչարտ I Առիւծասիրտ կը յաղթէ Եգիպտոսի սուլթան Սալահ ալ-Տինին եւ կը պահպանէ քաղաքը խաչակիրներու ձեռքը։ Մարտէն ետք Ռիչարտ I Առիւծասիրտը հաշտութեան պայմանագիր կը կնքէ Սալահ ալ-Տինի հետ։

Եաֆֆայի Ճակատամարտ
Խաչակիրներու երրորդ արշաւանք
Մանրանկար միջնադարեան ձեռագիր մատյանէն
Թուական Օգոստոսի սկիզբ 1192
Վայր Յաֆֆա, Իսրայէլ
Արդիւնք Խաչակիրներու յաղթանակ
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ Այուպեաններ
Հրամանատարներ
Ռիչարտ I Առիւծասիրտ Սալահ ալ-Տին
Կողմերու ուժեր
Յաֆֆայի կայազօրը + Ռիչարտի զինուորները (մօտ 80 ասպետ), նաեւ տեգակիրներ (քանի մը հարիւրեակ)[1] 7000 հետեւակային եւ թեթեւ հեծելազօր
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Պատմութիւն Խմբագրել

10 սեպտեմբեր 1191-ին, Ռիչարտ պաշտպանեց Սալահ ալ-Տինի կողմէն պաշարուած Յաֆֆա քաղաքը։ Իմանալով քաղաքի պաշարման մասին, Ռիչարտ 80 ասպետներու հետ նաւերով Յաֆֆա մեկնեցաւ, քաղաքի վրայ տեսնելով մուսուլմանական դրօշը ան մտածեց, որ քաղաքը գրաւած է։ Սակայն երբ արդէն կը ցանկանար ետ վերադառնալ, լողալով անոր մօտեցաւ հոգեւորական մը, որ տեղեկացուց, որ քաղաքը դեռեւս կանգուն է։ Ռիչարտ ասպետներու հետ ծովը նետուեցաւ եւ լողալով մօտեցաւ Սալահ ալ-Տինի զօրքերուն եւ ջախջախեց 1000 հոգինոց զօրքը, քաղաքը պաշարումէն ազատեց, քաղաք մտաւ եւ սկսաւ ամրացնել ամրոցը։

Մարտ Խմբագրել

Ռիչարտին մօտեցան օգնական ուժեր Հէնրիխ Շանպայնցիի գլխաւորութեամբ, վերջինս իր հետ բերած էր 50 ասպետ եւ 500 տեգակիր։ Սալահ ալ-Տին որոշեց յարձակիլ, Ռիչարտը հետախոյզներէն տեղեկացած էր սպասող յարձակման մասին եւ դասաւորած էր իր փոքրաթիւ զօրքերը՝ ամէն ասպետի կողքին 2 տեգակրի կանգնեցուցած է։ Ռիչարտ չափազանց քիչ քանակութեամբ հեծելազօր ունէր՝ մօտ մէկ տասնեակ, ան իր զորքերուն կանգնած կը ղեկավարէր։ ճակատամարտի մասնակից Պեռնարտը յուշագրաւ դրուագ մը յիշատակած էր. «Սալահ ալ-Տինը, տեսնելով, որ Ռիչարտ իր զօրքերիու մէջ կը բացականչէ, «Ինչպէ՜ս, նման արքան կանգնած է իր մարդոց մէջ, այդ մէկը արքայավայել չէ» եւ Ռիչարտ արաբական ձի մը կ՛ընծայէ»:

Սալահ ալ-Տինի զօրքերը, տեսնելով խաչակիրներու դասաւորութիւնը, չեն համարձակիր յարձակիլ։ Միայն մամլուքներու ջոկատը կը յարձակի, վերջիններս կը զոհուին որպէս տեգակիրների արձակած բոլտերէն։ Սալահ ալ-Տին ստիպուած կը նահանջէ։

Հետեւանքներ Խմբագրել

Յաֆֆայի ճակատամարտը Երրորդ խաչակրաց արշաւանքի վերջին նշանակալից ճակատամարտն էր։ Մարտէն ետք Ռիչարտ I Առիւծասիրտը կը սկսի Սալահ ալ-Տինի հետ բանակցիլ։

Պայմանագիրը 2 սեպտեմբեր 1192-ին։ Այսպիսով Սալահ ալ-Տինի վերահսկողութեան տակ կը մնայ Երուսաղէմը, իսկ Երուսաղէմի թագաւորութեան նեղ ցամաքային ճանապարհ Յաֆֆայէն մինչեւ Տիւրոս։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • H. W. Koch: Illustrierte Geschichte der Kriegszüge im Mittelalter (1998), Bechtermünz Verlag, S. 60-61, ISBN 3-8289-0321-5.
  • J. F. Verbruggen: The Art of Warfare in Western Europe During the Middle Ages: From the Eighth Century to 1340. Boydell Press, 1997.

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. J. F. Verbruggen : The Art of Warfare in Western Europe During the Middle Ages: From the Eighth Century to 1340