Եղիշէ Քհնյ. Սարգիսեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Եղիշէ Քհնյ. Սարգիսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1976 |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Երեխաներ | Արամազդ Արարատ Քրիստափոր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՏ. ԵՂԻՇԷ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Աւազանի անանով Կորիւն, որդի Տ. Արսէն Ա. Սարգիսեանի եւ Զուարթի, ծնած է Հալէպ, 1976-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զաւարեան վարժարանէն, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Ազգ. քարէն եփփէ ճեմարանին մէջ եւ շրջանաւարտ եղած է 1994-ին, ստանալով երկրորդականի վկայական։
Ուսման կողքին, ան հետեւած է դաշնամուրի եւ ձայնանիշերու դասընթացքներուն հինգ տարի։
Ան սիրած է մարմնակրթական կեանքը։ Ուստի անդամ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին՝ մաս կազմելով փողերախումբին ինչպէս նաեւ հետեւած մարտարուեստի։
Ընտանիքին մէջ տիրող կրօնական եւ ազգային մթնոլորտը իր մէջ փափաք կ'արթնցնէ դպրեվանք ուսանելու։
1994-ին, Աոաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, ան կ'րնդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր երեք տարի կը հետեւի ընծայարանի բաժնի աստուածաբանական դասընթացքին զորս աւարտելէ ետք կը ստանայ Համապատասխան վկայականը ու կը վերադաոնայ Հալէպ, քահանայական ձեռնադրութիւն ռւ և օծում ստանալու ձեռամբ գերշ. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԿ'ընտրէ կեանքի ընկերը՝ Խշուաճեան ընտանիքի դուստրը՝ օրդ. Շողիկը, որուն հետ կր պսակուի 24 Օգոստոս 1997-ին, Հալէպի Ս, Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Թեմիս Աոաջնորդ Տ. Սուրէն Արք. գաթարոյեանի գլխաւորութեամբ եւ Հալէպի քահանայից դասուն մասնակցաթեամբ։ Կը բախտաւորուի երկու մանչ զաւակներով՝ ԱրամաղԱրամազդ եւ Արարատ։
Երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու պատրաստութիւնը զինք կը մղեն կազմակերպելու դպրաց դասը, թաղական խորհուրդի աջակցութեամբ։ Աշխատանքը կ'արդիւնաւորուի եւ եկեղեցին կ՚ունենայ կազմակերպուած դպրաց դաս՝ պատարագի ճշգրիտ երգեցողաթեամբ։ եկեղեցին կ'օժտուի նաեւ նոր երգեհոնով մը, որ աոաւել փայլք կուտայ երգեցողութեան։
Ան կրօն դասաւանդած է նախակրթարանի վեց կարգերուն։ Հետագային նաեւ միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերուն:
Ւսկ 2006-ի Մայիս 28-ին, կիսասարկաւագ կը ձեոնադրուի ձեոամբ՝ Գերշ, Տ. Նարեկ եպս. Ալեէմէպեանի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ։ կը վերադաոնայ Հալէպ եւ կը պատրաստուի ամուսնութեան։
Հետագային կր բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Ժիրայր եւ Լենա։
Այնուհետեւ Աոաջնորդ Արբազան Հայրը կորոշէ ձեոնագրութեան յարմարագոյն թուականը։ Նախ տիրացու ճոնը սարկաւագ կը ձեոնադրուի 17 Յունիս 2007-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեոամբ՝ Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեանի։
2008-2009 ուսումնական տարեշրջանին ուսուցչութեան պաշտօնուարածէ Կիլիկեան ճեմարանի մէջ, եւ 8րդ կարգերուն կրօն դասաւանդելով։
Կղադօթենք առ Աստուած, երիտասարդ մեր տէր հօր համար, որ Ս. հոգիին աոաջնորդութեամբ եւ քրիստոնէական խոնարհութեամբ ու աշխատասիրութեամբ կարենայ շարունակել իր աոաքելութիւնը՝ իր ծխական ժոդովուրդը առաւել կապելու Հայ Եկեղեցւոյ ու Աւետարանի կենարար խօսրերուն։