Եղունգը կը ծածկէ ոտքի եւ ձեռքի մատներուն ծայրամասի ոսկրիկները (phalanx): Անոր կազմաւորումը շարունակական է մինչեւ անհատին մահը: Եղունգը իր կազմաւորման եւ աճման հետեւանքով որոշ չափով կ'երկարի եւ կը ստանայ ձեւ ու տեսք[1]:

Ձեռքի եղունգներ

Ձեռքի մատներու եղունգները աւելի արագ կ'աճին քան ոտքի մատներու եղունգները: Եղունգի աճը պայմանաւորուած է անհատի տարիքէն, սեռէն, տարուան եղանակէն, սնունդէն, մարզանքէն եւ ժառանգականութենէն: Եղունգներու աճը կ'աշխուժանայ ամրան եղանակին եւ առաւելաբար անչափահասներու մօտ: Ան կ'աճի մօտաւորապէս 3 մմ. ամէն ամիս: Մատի եղունգի ամբողջական աճը կը տեւէ 3-6 ամիս, իսկ ոտքի մատներունը՝ 12-18 ամիս:

Բաժիններ

Խմբագրել

Եղունգը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն.

Եղունգի արմատ՝ եղնգաբուն

Խմբագրել

Եղնգաբունը (nail root, matrix)[2] կամ եղունգի արմատը եղջերային կազմուածքով (keratogenic)[3] թաղանթ մըն է, որ կը գտնուի մատի մորթին վերջաւորութեան տակը: Անկէ կը ծնին եղջերանիւթէ (keratin) կազմուած եղնգամարմինի բջիջները: Այս բջիջները կը քալեն դէպի առջեւ՝ կազմելու համար եղնգամարմինը: Եղնգաբունին մեծ մասը անտեսանելի է: Անոր յառաջամասի պզտիկ մէկ բաժինը միայն տեսանելի է, որ կը յայտնուի ճերմակ կէս լուսնի ձեւով եւ կը կոչուի լուսնակ: Բոլոր մատներուն եղունգները կը յայտնուին լուսնակով, բացի ճկոյտ մատի եղունգէն: Բթամատի եղունգին լուսնակը ամէնէն խոշորն է: Եղնգաբունը կ'ապրի այնքա'ն ատեն որ անիկա սնունդ կը ստանայ եւ կը մնայ առողջ վիճակի մէջ:

Եղնգամարմին՝ բուն եղունգ

Խմբագրել

Եղնգամարմինը (nail body, plate)[4] կազմուած է եղջերանիւթէ եւ եղունգի տեսանելի բաժինն է: Անիկա կը հանգչի եղնգամահիճին վրայ, ուր կը գտնուի մատի մորթին ծայրամասը: Ուրեմն մահիճը կազմուած է մորթի երկու խաւերէն՝ ենթամորթ (dermis) եւ վերնամորթ (epidermis): Ենթամորթը բակած է մատի վերջին ոսկրիկին եւ հարուստ է ջղաթելերով (nerve endings)[5], աւշաթելանօթներով (lymph vessels) ու արեան թելանօթներով (capillaries), որոնք եղնգամարմինին կու տան վարդագոյն տեսք:

Եղնգամարմինը կարծր եւ ողորկ է: Անիկա կրնայ ըլլալ տափակ, կոր-կամարաձեւ (convex) կամ փոսաւոր (concave) զանազան հիւանդութիւններու պատճառով: Անոր հաստութիւնը եւ լայնքը կախեալ է եղնգաբունի չափէն, այսինքն՝ մեծութենէն եւ հաստութենէն:

Ենդաբաժիններ

Խմբագրել
  • Եղնգամահիճ (nail bed)[6]
  • Եղունգի լուսնակ (nail lunula)[7]

Դերակատարութիւններ

Խմբագրել

Եղունգը ունի կարգ մը դերակատարութիւններ.

  • Կը պաշտպանէ մատներու ծայրամասի ոսկրիկները.
  • Կը գործածուի որպէս գործիք՝ բռնելու համար մանր առարկաներ[8].
  • Կը ծառայէ մարմինի մակերեսը-մորթը քերելու.
 
Ոտքերու եղունգներ
  • Կու տայ վայելչութիւն ոտքի եւ ձեռքի մատներուն[9].

Առողջութիւն

Խմբագրել

Եղունգի առողջութիւնը որոշ չափով կը ցոլացնէ անհատին առողջութիւնը: Բոլորս մեծ ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերենք մեր եղունգներու առողջութեան:

Եղունգները առողջ կը մնան՝

  • Առողջ սննդականոնի հետեւելով. բնասպիտները (protein), երկաթը եւ կիրը խիստ կարեւոր են.
  • Պէտք եղած հիմնական կենսանիւթերը գործածելով, մանաւանդ՝ A, D եւ B-12 կենսանիւթերը.
  • Հանգիստ կօշիկ եւ մաքուր գուլպայ հագնելով.
  • Շաքարախտէ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ զերծ մնալով.
  • Եղունգը հարուածներէ եւ վնասներէ պաշտպանելով.
  • Ոտքի եւ ձեռքի մատներու առողջութեան հետեւելով.

Հիւանդութիւններ

Խմբագրել

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Եղունգը յաճախ կը կորսնցնէ իր առողջ վիճակը եւ կը յայտնուի զանազան հիւանդութիւններով ու անբնական երեւոյթներով, որոնք կը յայտնուին եղնգային զանազան ախտանշաններով.

  • Գոյնի ախտանշաններ՝ ճերմակ բիծեր, տժգնութիւն, կապտութիւն, կարմրութիւն, դեղնութիւն[10].
  • Հիւսուածքի եւ տեսքի ախտանշաններ՝ հաստութիւն, բարակութիւն, կոշտութիւն, կարծրութիւն, կակուղութիւն, դիւրաբեկութիւն, ակօսութիւն, ճեղք.
  • Ձեւի ախտանշաններ՝ գնդակաձեւ (clubbing), կոր, փոսիկանման, դգալանման (spoon shaped).
  • Բորբոքում
  • Թարախակոյտ (abscess)[11]
  • Արիւնակոյտ (hematoma)
 
Կապիկի ձեռքի եղունգներ

Տեսակներ

Խմբագրել

Եղունգի հիւանդութիւններն ու անբնական երեւոյթներն են՝

Այլանդակ եւ տձեւ երեւոյթներ (deformities)

Խմբագրել

Այս այլանդակ երեւոյթները կը յառաջանան հետեւեալ պատճառներով.

  • Ծինային (genetic) անբնական կազմաւորում[12].

Այս պարագային այլանդակ երեւոյթը կը յայտնուի ի ծնէ եւ կ'ըլլայ ընդոծին (congenital).

  • Հարուած-վնաս (trauma).

Մատներու եղունգները կրնան վնասուիլ ուղղակի կամ անուղղակի հարուածով: Ծանր առարկայի մը իյնալը ոտքին վրայ, եղունգին ուղղակի վնաս կը հասցնէ: Նեղ կօշիկ հագնելով՝ անուղղակի հարուած կը հասցնենք եղունգին: Եղունգի հարուած-վնասը կը յառաջացնէ եղունգի զանազան անբնական երեւոյթներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ճերմակ կէտաւորում, կապտութիւն, եղունգի ճեղք եւ կոտրտուք, աւելորդ նոր եղունգի աճ, շրջա-եղնգային եւ ենթա-եղնգային արիւնահոսութիւն եւ բորբոքում: Ենթա-եղնգային արիւնահոսութեամբ, անհատը կ'ունենայ ուժգին ցաւ, որ կ'անհետանայ ծակելով եղունգը եւ կուտակուած արիւնը արտահանելով: Կուտակուած արիւնը չարտահանելու պարագային, եղունգը կը մահանայ ու կ'իյնայ[13]:

  • Սնկային (fungal) հիւանդութիւններ.
  • Մորթային հիւանդութիւններ.
  • Մարմնական հիւանդութիւններ, օրինակի համար՝ շաքարախտ եւ սրտանօթային (cardiovascular) հիւանդութիւններ, որոնց պատճառով մատներու եւ եղունգներու արեան շրջագայութիւնը կը նուազի եւ տեղի կ'ունենան զանազան անբնական երեւոյթներ.
  • Կարգ մը դեղերու գործածութիւնը, ինչպէս օրինակ Tetyracycline-ի գործածութեամբ, եղունգի մարմինը կրնայ բաժնուիլ իր մահիճէն.
  • Տարեցութիւն, որուն հետեւանքով, եղունգին վրայ կը յայտնուին հորիզոնական խորունկ ակօսներ[14].
  • Յոռի սննդառութիւն, մասնաւորապէս՝ բնասպիտի, կիրի եւ երկաթի նուազ սպառում: Բնասպիտի անբաւարարութեամբ, եղունգը կ'ունենայ ճերմակ բիծեր, իսկ երկաթի պարագային՝ եղունգը կ'ունենայ մակերեսային դգալանման փոսիկ:
  • A, D եւ B-12 կենսանիւթերու անբաւարարութիւն[15].

A եւ D կենսանիւթերու անբաւարարութեամբ տեղի կ'ունենայ եղունգի չորութիւն եւ ճեղքռտուք. իսկ B-12 սննդանիւթի պարագային՝ եղունգը կը դառնայ թուխ եւ չոր[16]:


Բորբոքումներ

Խմբագրել

Եղունգի բորբոքումներուն մեծամասնութիւնը սնկային են (fungal), սակայն կրնան տեսնուիլ նաեւ ցպկային (bacterial) եւ ժահրային (viral) բորբոքումներ: Եղունգի սնկաքարութիւնը (onychomycosis) սնկային բորբոքում մըն է, որ կը յառաջանայ մարմնական սնկային բորբոքումներու եւ տարեցութեան պատճառով: Ժողովուրդին 10 առ հարիւրը կ'ունենայ այս բորբոքումը: Ան առաւելաբար կը պատահի տղամարդոց մօտ, ոտքի մատներու եղունգներուն վրայ։ Եղունգի սնկաքարութեան կարեւոր ախտանիշ է եղունգի ճերմկութիւնը կամ դեղնութիւնը: Այս բորբոքումը կանխարգիլելի է, պարզապէս՝ ուշադրութիւն դարձնելով հետեւեալ ցուցմունքներուն[17].

  • Եղունգները կարճ բայց չափաւոր կտրել[18].
  • Ոտքի մատները լաւ չորցնել լոգանքէ ետք եւ հակասնկային փոշի գործածել մատներուն միջեւ.
  • Հին եւ նեղ կօշիկ չհագնիլ, որովհետեւ նեղ կօշիկներուն մէջ սունկերու բեղմնիկները (spores) բոյն դրած կրնան ըլլալ.

Եղունգի շրջաբորբ (paronychia)

Խմբագրել

Ասիկա եղունգի շուրջը պատահած սուր եւ ցպկային բորբոքում է: Եղունգի շրջաբորբը կը պատահի ընդհանրապէս՝

  • Այն անձերուն մօտ, որոնք կը կրծեն իրենց ձեռքերու մատները եւ եղունգները.


  • Ոտքի մատներու եղունգի մխրճում (ingrowing toe-nail) ունեցողներու մօտ.
  • Շաքարախտէ տառապողներու մօտ.
  • Ծայրամասային զարկերակային խցում (peripheral vascular obstruction) ունեցողներու մօտ.
  • Նեղ կօշիկներով երկարատեւ մարզանք ընողներու մօտ.

Շրջաբորբը շուտով կրնայ վերածուիլ թարախակոյտի. եղունգի շրջաբորբի դարմանումը տեղի կ'ունենայ հակացպկային դեղերով, թարախակոյտը բանալով եւ թարախը արտահանելով[19]:

Մխրճուած եղունգ

Խմբագրել

Մխրճուած եղունգի ախտապատճառներն են՝

  • Նեղ եւ անհանգիստ կօշիկի գործածութիւն.
  • Ընդոծին անբնական եղունգի գոյութիւն.
  • Տարեցութիւն, անշարժութիւն եւ նստակեաց կեանք.
  • Յղութեան շրջանին ոտքի մատներու ուռեցք.
  • Մարմնական ընդհանուր ջրուռեցք (edema).
  • Եղունգի մնայուն-երկարատեւ բորբոքում.

Այս հիւանդութեան պարագային, եղունգը կը մխրճուի շրջապատի մորթին եւ մկաններուն մէջ, ու կը յառաջանայ բորբոքում եւ նոյնիսկ՝ թարախակոյտ: Անհատը կ'ունենայ հետեւեալ ախտանշանները՝ զօրաւոր ցաւ, կարմրութիւն, ուռեցք եւ ջերմութիւն: Մխրճուած եղունգը կը դարմանուի հակացպկային դեղերով եւ վիրաբուժական գործողութեամբ:

Եղունգներու անբնական գունաւորում

Խմբագրել

Այս մէկը կը յառաջանայ՝

  • Կարգ մը դեղերու գործածութեամբ եւ դարմանական միջոցներով, օրինակ՝ հակամալարիայի դեղերով, Tetracycline-ով եւ քաղցկեղի քիմիական դարմանումով (chemotherapy).
  • Մարմնական զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով.
  1. Արեան կարմիր գնդիկներու բազմացում (polycythemia), որուն հետեւանքով եղունգը կ'ունենայ կապտախտի (cyanosis) երեւոյթ:
  1. Սրտանօթային հիւանդութիւններ, երբ տեղի կ'ունենայ արեան ծայրամասային շրջանառութիւն եւ արեան նուազում: Այս բոլորին հետեւանքով, եղունգները կը ստանան մանիշակագոյն կամ կապոյտ գոյն:
  • Սնկաքարութիւն, որ կը յառաջացնէ ճերմակ կամ դեղին գոյն.
  • Եղունգին ուղղակի կամ անուղղակի վնաս-հարուածը, որ կը յառաջացնէ կապտութիւն եւ ճերմակ կէտաւորում.
  • Սնունդին մէջ բնասպիտի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ ճերմակ բիծեր.
  • B-12 կենսանիւթի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ թուխ գոյն:

Տե'ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Onumah Neh, Scher Richard K (May 2009)։ «Nail Surgery»։ eMedicine։ արտագրուած է՝ March 2010 
  2. «Nail matrix»։ Biology Online։ 2005։ արտագրուած է՝ February 2010 
  3. Feneis Heinz (2000)։ Pocket Atlas of Human Anatomy (4th հրտրկթն․)։ Thieme։ էջեր 392–95։ ISBN 3-13-511204-7 
  4. «Glossary of Nail Technology Terminology»։ 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-01-01-ին։ արտագրուած է՝ February 2010 
  5. «Nail Anatomy»։ Nail Doctors։ 2005։ արտագրուած է՝ February 2010 
  6. «Glossary of Nail Conditions»։ The Achilles Foot Health Centre 
  7. Crouch James Ensign (1985)։ Functional human anatomy։ Lea & Febiger։ էջ 80 
  8. «Understanding Your Natural Nails»։ 2000։ արտագրուած է՝ February 2010 
  9. Lellipop (August 2006)։ «Anatomy of the nail»։ Salon Geek։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-11-24-ին։ արտագրուած է՝ February 2010 
  10. Jordan Christopher, Mirzabeigi Edwin (2000-04-01)։ Atlas of orthopaedic surgical exposures։ Thieme։ էջ 101։ ISBN 0-86577-776-4 
  11. Wang Quincy C, Johnson Brett A (May 2001)։ «Fingertip Injuries»։ American Family Physician։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-10-13-ին։ արտագրուած է՝ March 2010 
  12. Ravosa Matthew J., Dagosto Marian (2007)։ Primate origins: adaptations and evolution։ Springer։ էջեր 389–90։ ISBN 0-387-30335-9 
  13. BMJ 2007;335(7633):1288 (22 December), Կաղապար:Doi
  14. K. A. WALTERS and G. L. FLYNN, Permeability characteristics of the human nail plate, International Journal of Cosmetic Science 5, 231–246 (1983)
  15. «American Academy of Dermatology – Nail Health»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-18 
  16. Schriger DL, Baraff LJ (Jun 1991)։ «Capillary refill—is it a useful predictor of hypovolemic states?»։ Ann Emerg Med 20 (6): 601–5։ PMID 2039096։ doi:10.1016/S0196-0644(05)82375-3 
  17. Denning DW, Evans, EG, Kibbler, CC, Richardson, MD, Roberts, MM, Rogers, TR, Warnock, DW, Warren, RE (November 11, 1995)։ «Fungal nail disease: a guide to good practice (report of a Working Group of the British Society for Medical Mycology).»։ British Medical Journal 311 (7015): 1277–1281։ PMC 2551187։ PMID 7496239։ doi:10.1136/bmj.311.7015.1277 
  18. Pratt Michelle (December 1, 2009)։ «What Is Skin Cancer?»։ Nails Magazine [permanent dead link]
  19. Zempleni J, R.B. Rucker, D.B. McCormick, J.W. Suttie (2007)։ Handbook of vitamins (4th հրտրկթն․)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-18 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 13 Յունուար, 2012: