Ենովք Եղիսէեան
Ենովք եղիսէեան (1912, Գըրշէհիր - ․․․ ), վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ։
| |
Ծնած է | 1912 |
Ծննդավայր | Գըրշէհիր |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | վիրաբուժ-ատամնաբուժ |
Ծնած է Գըրշէհիր 1912-ին, Կիւրինցի ծնողքէ: Նախնական ուսումը առած է Ատանայի հայկական վարժարաններուն մէջ։ Կիլիկիոյ պարպումէն վերջ իր ընտանեկան պարագաներուն հետ կը հաստատուի Պէյրութ : Կը սկսի յաճախել քաղաքին Ֆրէրներու դպրոցը, ապա Միսիոն Լայք:
Ընթացաւարտ եղած է 1931-ին: Ուսանելով հանդերձ կը զբաղի ատամնաբուժութեամբ: Հանրային առողջութեան տնօրէնութենէն կը ստանայ իր արուեստը ի գործ դնելու արտօնագիրը: Շահած դրամը ի սպաս կը դնէ իր ուսման: Շնորհիւ իր ջանասիրութեան՝ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ տիտղոսով կը ստանայ իր վկայականը ֆրանսական համալսարանէն։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1939, էջ 680-681։