Ենովք Շահէն (3 Փետրուար 1881, Պարտիզակ- 28 Մայիս 1915, Այաս) եղած է հայ դերասան եւ ռեժիսոր, ապրած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։ Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին։

Ենովք Շահէն Երբանոսեան
Ծնած է 3 Փետրուար 1881
Ծննդավայր Պարտիզակ
Մահացած է 28 Մայիս 1915
Մահուան վայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Պարտիզակցի
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնիա
Մասնագիտութիւն դերասան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ենովք Շահէն Երբանոսեան ծնած է հայ ընտանիքէ, Պարտիզակ գիւղին մէջ, Իզմիթի մօտ, 3 Փետրուար 1881-ին։ Ան Գրիգոոր Անգութի եղբայրն էր, որ «arthmetician» էր, որ արտաքսուած է հայոց ցեղասպանիւթեան ատեն սակայն կարողացեր է գոյատեւել։ Իր վաղ կրթութիւնը ստանալէ ետք Պարտիզակի մէջ, Ենովք եւ իր ընտանիքը տեղափոխուեր են Կոստանդնուպոլիս։

Հոն եղած ընթացքին, Շահէնի հետաքրքրութիւնը թատրոնի նկատմամբ աճեր է մեծանուն հայ դրամատուրք Պետրոս Ադամեանի կենսագրութիւնը կարդալէն յետոյ։ Ան անմիջապէս սկսած է խաղալ տարբեր դերեր զանազան դերերու մէջ։ Շահէն միացած է Մարտիրոս Մնակեանի գլխաւորութեամբ թատերական խումբին։ Այնուհետեւ, անցած է բազմաթիւ թատերախումբերու եւ միացած է մէկուն, որ դերասան Վահրամ Փափազեանի պատկանած է արդէն։ Շահէն եւ Վահրամ դարձան աշխատակիցներ ու մտերիմ բարեկամներ։ Շահէն շարունակելով իր գործը դերասանութեան մէջ, մանաւանդ ֆէլէքեան եւ Զարիֆեանի առաջնորդութեամբ թատերախումբերու մէջ։ Շահէն յայտնի էր իրականացնելու համար ամբողջ Օսմանեան Կայսրութիւնը, ինչպէս Գահիրէ, Իզմիր, Իզմիթ եւ հայրենիք՝ Պարտիզակը։

24 Ապրիլ 1915-ին Ենովք Շահէն ձերբակալուեցաւ իր տան մէջ Նիշանդաշի թաղամասին մէջ եւ հայ մտաւորականներու հետ արտաքսուեցաւ Անգարայի մօտ Այասի մէջ, ուր միւս հայ մտաւորականները ազատազրկման դատապարտուած էին։ Ան, ի վերջոյ հանուած է բանտէն եւ սպաննուած է 34 տարեկանին Անգարայի մօտ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել