Երազներու Մեկնաբանութիւն (գիրք)
Երազներու մեկնաբանութիւնը (գերմաներէն՝ Die Traumdeutung) Սիկմընտ Ֆրոյտի առաջին լայնածաւալ մենագրութիւնն է, որ հրատարակուած է 1899-ին, սակայն 1900 թուագրուած է, հեղինակին եւ հրատարակիչին փափաքով՝ «նոր դարուն վերագրելու» համար։ Այս աշխատանքին մէջ Ֆրոյտ առաջին անգամ կը խօսի հոգեվերլուծութեան ամենահիմնական հասկացութիւններէն մէկուն՝ անգիտակցականի մասին, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ կը քննարկէ այն հասկացողութիւնը, որ հետագային «Էդիպեան բարդոյթի տեսութիւն» կ'անուանէ։
Հեղինակ | Սիկմընտ Ֆրոյտ |
---|---|
Լեզու | Գերմաներէն |
Հրատարակչական թուական | 1899 |
Գիրքին առաջին հրատարակութիւնը մեծ յաջողութիւն չէ ունեցած. քանի մը տարուան ընթացքին վաճառուած է ընդամէնը 600 օրինակ։ Սակայն հետագային, բազմիցս վերահրատարակուելով, այս աշխատանքը դարձած է Սիկմընտ Ֆրոյտի ամենաընթերցուած աշխատանքներէն մէկը։
Երազներու մեկնաբանութիւնը «Արքայական ճանապարհն» է հոգեկան կեանքի անգիտակցականի ճանաչողութեան համար։ |
Հիմնական հասկացութիւնները
ԽմբագրելԳիրքին մէջ գլխաւորաբար անդրադարձած է երազներու հոգեբանական առանձնայատկութիւններուն եւ հոգեբուժական աշխատանքին մէջ անոնց մեկնաբանութեան կարեւորութեան։ Ֆրոյտ կը փաստէ, որ երազը կը փոխարինէ անգիտակցական բովանդակութիւններուն, որովհետեւ բացի երազի ակնյայտ բովանդակութենէն, կայ նաեւ թաքնուած բովանդակութիւնը, որ ներքին ցանկութիւնն է։ Երազներու մեկնաբանութեան հոգեվերլուծական ձեւը ուղղուած է լուծելու երազի թաքնուած բովանդակութիւնը, ինչ որ մեծ նշանակութիւն ունի հոգեբուժական աշխատանքին մէջ։ Երազին հիմնական գործառոյթն է քունը պահպանել։ Երազը քնանալու պահանջին եւ քունը խանգարել ձգտող անգիտակցական ցանկութիւններուն միջեւ եղող փոխհամաձայնութիւնն է։ Երազը ցանկութիւնը մտամոլոր կերպով կ'իրականացնէ, որուն նպատակը քունը պահպանելն է։ Ֆրոյտ ցոյց կու տայ, որ երազը վերամշակման կ'ենթարկուի չորս հիմնական միջոցներով՝ միտքի վերածումը տեսողական պատկերներու, խտացում, փոխադրում եւ երկրորդական մշակում։
Բովանդակութիւնը
ԽմբագրելԳլուխ Ա. Երազատեսութեան Հարցին Վերաբերեալ Գիտական Գրականութիւնը (մինչեւ 1900)
ԽմբագրելՖրոյտ իր աշխատանքը կը սկսի՝ քննարկելով մինչեւ իր ուսումնասիրութիւնը արդէն գոյութիւն ունեցող շարք մը հեղինակներու տեսանկիւնները երազատեսութիւններու, անոնց մեքենականութեան, նշանակութեան եւ գործառոյթներու մասին։ Ան մասնաւորապէս կը խօսի Արիստոտելի, Հիլտեպրանտի (Hildebrandt) , Շերնրի (Scherner) , Քրաուսի (Krause), Շտրյումպելի, Վունդտի, Իեսսէնի, Շոլցի (Scholtz) եւ այլ գործերու մասին, որոնք կը վերաբերին երազներու։
Գլուխ Բ. Երազներ Մեկնաբանութեան Ձեւը Երազատեսութեան Վերլուծութեան Օրինակ
ԽմբագրելԱյս գլուխին մէջ Ֆրոյտ կը քննադատէ երազներու մեկնաբանութեան արդէն գոյութիւն ունեցող երկու հիմնական ձեւերը՝ խորհրդանշական ձեւը, որուն միջոցով երազը կը վերլուծուի անոր առկայ ընդհանուր խորհրդանիշներու վերլուծմամբ, եւ վերծանման ձեւը, որ կը բացատրէ երազի հնարաւոր թաքուն իմաստները։ Ս. Ֆրոյտը կը համարէ, որ երազը կրնայ միայն մեկնաբանուիլ, եթէ նկատի առնենք երազ տեսնող անձը, անոր կեանքին պայմանները եւ միջավայրը, որովհետեւ «Երազին մէկ տարրը հարուստին, ամուսնացածին եւ առեւտրականին համար կրնայ իմաստ մը ունենալ, իսկ աղքատին, ամուրիին եւ հռետորին համար՝ բոլորովին տարբեր իմաստ մը»։
Մարդոց հոգեկան հարցերով զբաղելով՝ Ս. Ֆրոյտ եւ Ժոզէֆ Պրեյըր (Joseph breyer) կը նկատեն, որ հիւանդներու ախտանշաններու նշանակութեան մեկնաբանութիւնը եւ այդ ախտանշաններու հետագայ զարգացումը կը համընկնին, եւ այդպիսով շատ յաճախ հիւանդը մեկնաբանութենէն ետք ուղղակի կ'ազատի այդ ախտանշանէն։ Անոնք կը նկատեն նաեւ, որ հիւանդները իրենց ախտանշաններու եւ անոնց հետ կապուած զգացողութիւններու մասին խօսելու ընթացքին յաճախ իրենց երազներուն կ'անդրադառնան։ Այսինքն երազները մեծ մասով կը մուծեն այն հոգեբանական շղթային մէջ, որուն հետ վերլուծութիւնը յառաջ կ'ընթանար։ Այս բոլորին իբր արդիւնք, Ֆրոյտ կու գայ այն եզրակացութեան, որ երազը կարելի է համարել ուրիշ ոչինչ քան, հերթական ախտանիշը, զոր անհրաժեշտ է մեկնաբանել։
Բայց պէտք է ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ոչ թէ ամբողջական երազին, այլ երազին առանձին տարրերուն վրայ միայն։ Այս գծով ստացուած նիւթին օգնութեամբ կրնայ կատարուիլ ինչպէս երազներու, այնպէս ալ ախտաբանական միտքերու մեկնաբանութիւն (այս ձեւը հետագային «ազատ զուգորդումներու ձեւ» կ'անուանուի)։
Այս տեսութեան համար հիմնարար գաղափարը այն մասին, որ երազը ծածկագիր է, որուն ձեւով եւ միջոցով թաքնուած ցանկութիւնները իրենց համար բաւարարութիւն կը գտնեն, Ֆրոյտի մօտ յառաջ եկած է 24 Յուլիս 1895-ի երեկոյեան, վիեննական ճաշարանի մը մէջ, երբ հասկցած է իր՝ նախորդ գիշերուան երազին թաքուն իմաստը։ Հետագային ան կատակելով ըսած է, որ այդ տեղը պէտք է կանգնեցնել ցուցանակ մը՝ «Հոս տոքթ. Ֆրոյտի կողմէ բացայայտուեցաւ երազներու առեղծուածը» գրութեամբ։
Իր այս աշխատանքին մէջ ան իբրեւ երազի մեկնաբանման օրինակ կը ներկայացնէ այդ նոյն երազը եւ կը մեկնաբանէ զայն։
Ս. Ֆրոյտի երազը (23/24 Յուլիս 1895).
Խմբագրել
Իրման (կեղծանուն է) Ֆրոյտին հիւանդը եղած է եւ անոր ընտանիքին մտերիմը։ Ֆրոյտ կը նկատէր, որ, քանի որ անոնք մտերիմներ էին, ինք իբրեւ բժիշկ, Իրմային համար հեղինակութիւն մը չէր, ուստի անոր բուժումը արդիւնաւէտ չ'ըլլար։ Հոգեբուժական աշխատանքի աւարտին, Իրմա ազատած է իր վախերէն, բայց ոչ մարմնական աշխտանշաններէն։ Աշխատանքի աւարտին Ֆրոյտ Իրմային «որոշում» մը կ'առաջարկէ, որուն վերջինս չի համաձայնիր։ Որոշ ժամանակ ետք Ֆրոյտ իր աշխատակից-ընկերոջմէն կ'իմանայ, որ «Իրմա համեմատաբար լաւ է, բայց ոչ շատ լաւ»։ Ֆրոյտին կը թուի, թէ ընկերը զի՛նք կը մեղադրէ հիւանդին այս վիճակին համար եւ անոր շատ բաներ խոստանալուն համար։ Այս զգացողութիւնը Ֆրոյտ ոչ մէկ ձեւով կ'արտայայտէ եւ երազը տեսնելէն առաջ՝ երեկոյեան, մանրամասնօրէն կը շարադրէ Իրմային հիւանդութեան պատմութիւնը, որպէսզի զինք ուղարկէ իրենց ընդհանուր ընկեր եւ շատ յայտնի բժիշկ Մ.-ին քով։
Ֆրոյտ այս երազը գրի կ'առնէ եւ կ'որոշէ վերլուծել՝ առանձնացնելով երազին դրուագները եւ մեկնաբանութիւններ տալով այդ դրուագներուն՝ ըստ նիւթի հերթականութեան։ Իւրաքանչիւր հատուածին մանրամասն մեկնաբանութիւն տալով՝ ան կը տեսնէ, որ երազին բովանդակութիւնը իր մէջ կը պահէ այնպիսի միտքեր, որոնք անհանգստացուցած էին զինք եւ կամ իրեն համար «հոգեկան արժէք» ներկայացուցած էին։ Երազին վերլուծութենէն ետք, Ֆրոյտ կ'եզրակացնէ, որ երազը քանի մը ցանկութիւն կ'իրականացնէ, որոնք յառաջացած են վերջին երեկոյի իրադարձութիւններուն պատճառով (Օտտոյի ըսածը եւ հիւանդութեան պատմութեան կազմումը)։
Երազի մեկնաբանութիւնը թոյլ կու տայ երեւան հանել երազին յետին միտքը, որ Ֆրոյտ հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ.
Գլուխ Գ. Երազատեսութիւնը՝ Ցանկութեան Իրականացում
ԽմբագրելԱյս գլուխին մէջ Ս. Ֆրոյտ ցոյց կու տայ, որ երազատեսութիւնը լիարժէք հոգեկան երեւոյթ է ցանկութեան իրականացման բնոյթին մէջ։ Ֆրոյտ կ'ընդգծէ, որ շատ դիւրին է նկատել, որ երազատեսութիւնը ցանկութեան իրականացում է՝ քանի մը օրինակներ վերլուծելով։ Ֆրոյտ կը գրէ, որ երբ ինք քնանալէ առաջ աղի կերակուր կ'ուտէ, ապա կրնայ ծարաւէն արթննալ։ Բայց արթննալէն առաջ ան սովորաբար երազ կը տեսնէ, թէ ինչպէս ջուր կը խմէ, ապա արթննալով կը տեսնէ, որ իսկապէս կ'ուզէ խմել։ Այսպիսով՝ ծարաւի զգացումը ջուր խմելու ցանկութիւնը կը յառաջացնէ, իսկ երազը այդ ցանկութիւնը կը ներկայացնէ իրականացուած տեսքով։ Քանի որ աւելի յարմարաւէտ է քնանալը, ոչ թէ արթննալը, ապա երազը կը փորձէ հագեցնել քնացողին ծարաւը առանց արթննալու, այսինքն այս երազը յարմարաւէտութեան մասին երազ է։ Բայց ծարաւը չի կրնար հագեցուիլ երազով, ինչպէս եւ Ֆրոյտի վրէժխնդրութիւնը Օտտոյին հանդէպ։ Այսինքն, յարմարաւէտութիւնը կրնայ երազ ստեղծել, եւ քանի որ վերջինիս հիմնական նպատակը ցանկութեան իրականացումն է, այս մէկը կրնայ եսապաշտական ըլլալ։
Ֆրոյտ կը մատնանշէ, որ ցանկութեան իրականացման սկզբունքը շատ աւելի ուղղակի ի յայտ կու գայ մանկական երազներուն մէջ։ Ան իր իսկ երեխաներուն երազներէն քանի մը հատը կը ներկայացնէ իբրեւ օրինակ.
Ֆրոյտի հինգ տարեկան որդին երազին մէջ կը տեսնէ, որ ինք Սիմոնիգիւտտէի մէջ է՝ լեռ մը, ուր մեծ հաճոյքով Ֆրոյտին երեխաները կ'այցելէին։ Երազատեսութեան նախորդ օրը անոնք քանի մը ճամբայէ անցած էին, որ շատ մօտ էր այդ լերան, սակայն, որքան որ երեխաները փափաքած են հոն երթալ, հայրը չէր համաձայնած զիրենք հոն տանիլ։ Ըստ Ֆրոյտի՝ երազը երեխային պարգեւատրած է այնտեղ այցելել։ Իսկ երբ նաւակով լիճին վրայ զբօսանքէն ետք կը փորձէին անոր երեք տարեկան աղջնակը նաւակէն վար իջեցնել, փոքրիկը ուժգին կու լար եւ կ'ըսէր, որ զբօսանքը շատ կարճ էր։ Յաջորդ առտու աղջնակը պատմած է, որ երազին մէջ լճակին վրայ երկար կը զբօսնէր նաւակով։
Հեղինակին կարծիքով՝ մենք կրնանք երազներու ցանկութեան իրականացման երեւոյթը տեսնել նաեւ առօրեայ խօսակցութիւններու, առածներու, ասացուածքներու մէջ, օրինակ՝ «Ես նոյնիսկ երազի մէջ այդ չէի տեսնէր» կամ «Ի՞նչ կը տեսնէ երազին մէջ սագը՝ եգիպտացօրէն» եւ այլն։
Գլուխ Դ. Երազատեսութեան Ներքին գործունէութիւնը
ԽմբագրելՍ. Ֆրոյտ կը հետապնդէ այն գաղափարը, որ նոյնիսկ տհաճ կամ վախի մասին երազները իրենց մէջ ցանկութեան իրականացում կը կրեն։ Երազներու մեկնաբանութիւնը կը վկայէ այն իրողութիւնը, որ ցանկութեան իրականացումը երազին մէջ յաճախ ի յայտ կու գայ թաքնուած, փոխուած ձեւով, ինչ որ Ֆրոյտ «աղճատում» կ'անուանէ։ Քանի մը երազատեսութիւններու օրինակով Ֆրոյտ կը փորձէ բացատրել այդ աղճատումներու պատճառը։ Ի յայտ կու գայ, որ երբեմն աղճատումը իրական բովանդակութիւնը կը պարունակէ՝ զայն ներկայացնելով ճիշդ հակառակ բովանդակութեամբ (իրականութեան մէջ՝ հակակրանք, երազին մէջ՝ համակրանք կամ իրականութեան մէջ՝ սեռական ցանկութիւն, երազին մէջ՝ վախ)։
Հետագային Ֆրոյտ այդ ծամածռումները երկու «հոգեկան համակարգերու» գոյութեամբ կը բացատրէ, որոնցմէ առաջինը ցանկութիւն կը բերէ, իսկ միւսը երազին մէջ «գրաքննութիւն» գործառոյթ կը կատարէ։ Գրաքննութեան միջոցով երազի ծամածռումները կը կատարուին։ Ֆրոյտ ի յայտ կը բերէ, որ գրաքննութիւնը կը վերահսկէ ամէն ինչ որ հնարաւորութիւն ունի գիտակցութիւնը։ Առաջին բաժինէն ոչինչ չի կրնար գիտակցութեան հասնիլ՝ առանց գրաքննութենէ անցնելու: Գրաքննութեան միջոցով գիտակցութեան կը հասնին այն բոլոր բովանդակութիւնները, որոնք իր ցանկութիւններուն կը համապատասխանեն, իսկ եթէ չեն համապատասխաներ, կը փոխեն եւ կը ծամածռեն այդ բովանդակութիւնները այնպէս, որ անոնք համապատասխան ըլլան։ Այսպէս ուրեմն, տհաճ երազները ցանկութիւններ կը պահեն, որոնք հաճելի չեն երկրորդ բաժինին (գրաքննութեան)։
Այսպիսով, որեւէ երազ կը բխի առաջին բաժինէն, իսկ երկրորդը արգելակող բաժինն է։ Հետեւաբար, երազը վերլուծելու համար կարելի չէ միայն երկրորդ բաժինի հասկացողութեամբ սահմանափակուիլ, այլ անհրաժեշտ է պարզել անոր գաղտնի նշանակութիւնը, որ առաջին համակարգէն կու գայ։
Գլուխ Ե. Երազատեսութիւններու նիւթը եւ Աղբիւրները
Խմբագրելա) Թարմ եւ չէզոք բովանդակութիւնները երազի մէջ. Ֆրոյտ կը կարծէր, որ իւրաքանչիւր երազի մէջ կարելի է կապ մը տեսնել նախորդ օրուան ապրումներուն հետ, ուստի երազներու վերլուծութեան ժամանակ պէտք է թարմ տպաւորութիւնները եւ յոյսերը հաշուի առնել, որ երազ տեսնողը վերապրած է նախորդ օրը կամ աւելի կանուխ։ Սակայն երազի մէջ իրենց արտացոլումը կը գտնեն նախորդ օրուան այն բովանդակութիւնները, որոնք ձեւով մը կը կապուին աւելի վաղ ունեցած փորձին հետ։ Այս պատճառով, երազատեսութիւններուն մէջ կը յայտնուին ոչ թէ առաջնային կարեւորութիւն ունեցողները, այլ չէզոք, երկրորդական բովանդակութիւնները, բայց որոնք մեզ մտածելու առիթ տուած են, եւ որոնց վրայ մենք չենք կեդրոնացած։ Եթէ օրուան մէջ կան մէկէ աւելի այդպիսի բովանդակութիւններ, ապա երազին մէջ անոնք կը միանան մէկ բովանդակութեամբ։
բ) Մանկականութեան բովանդակութիւնները իբրեւ երազի աղբիւր. երազին մէջ կրնան արտայայտում գտնել՝ կեանքի անցած օրերէն տպաւորութիւններ, որոնք պահուած են իր յիշողութեան մէջ։ Ֆրոյտ երազներու շարք մը օրինակներ կը բերէ, որոնց ընդմէջէն անձը կը տեսնէ մոռցուած պատկերներ կամ նիւթեր՝ իր մանկութենէն: Այս բնոյթի երազներ են կրկնուող երազները, որոնք հիմնականին մէջ մանկական տարիքին վերապրած բովանդակութիւններու տարրերէն կը կազմուին։
գ) Երազներու Մարմնական աղբիւրները. երազներու մարմնական աղբիւրները, ըստ Ֆրոյտի, երկու մասի կը բաժնուին՝ ջղային դրութեամբ եւ ֆիզիքական։ Երազներու բնոյթին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունին ինչպէս արտաքինէն եւ ներքինէն եկող գրգռիչները, այնպէս ալ մարմինին դիրքը, յատկապէս մարսողական եւ միզասեռական համակարգերու գործառոյթը։ Երբ երազին մէջ ի յայտ կու գան մարմնական աղբիւրներէն եկող տհաճ զգացողութիւններ, ապա երազի «աշխատանքը» կ'օգտուի գործոններու այդ համակցութենէն՝ որեւէ արտամղուած ցանկութիւն իրականացնելու համար, որուն մէջ կ'իյնայ նաեւ՝ գրաքննութիւնը, որ քիչ թէ շատ կը պահպանուի:
դ) Տիպար երազներ. Ֆրոյտ կը գտնէ, որ կան որոշ երազներ, որոնք, հակառակ անոր, որ տարբեր մարդոց մօտ կը յառաջանան, այդուհանդերձ մեծ մասամբ կրնան նոյն կերպով մեկնաբանուիլ, որովհետեւ նոյն աղբիւրէն կը բխին.
- Մերկութեան մասին երազներ. մերկ կամ ամօթալի հագուստով ըլլալու մասին երազները Ֆրոյտ կատարեալ երազներ կ'անուանէ՝ համարելով, որ այդ անձին մանկական ցանկութիւնն է իր մարմինը այլ մարդոց ցուցադրելը։Երազ տեսնողը ճիշդ այդպէս կ'ընէր 3-4 տարեկանին, երբ մեծերը զինք մերկ կը սիրէին, եւ անոր մօտ ամօթի զգացում չկար։
- Երազներ՝ հարազատներու մահուան մասին. այս երազներու շարքին կարելի է առանձնացնել երկու տեսակ։ Մէկը, երբ անձը երազին մէջ վիշտ չզգար իր մահացած ծնողքին մասին, քրոջ կամ եղբօր մահուան առիթով եւ կը զարմանայ իր անզգամութեան համար, իսկ միւսը, երբ անձը կորուստի հետ կապուած խոր եւ ծանր վշտագին ապրումներ կ'ունենայ երազին մէջ։ Առաջին տեսակի երազները չեն կրնար տիպար համարուիլ, որովհետեւ հարազատին կորուստը երազին մէջ այլ ձեւով կը պահուի՝ երազի բովանդակութեան հետ կապ չունեցող ցանկութիւն մը, որ կարելի է մեկնաբանութեան ընթացքին պարզել։ Իսկ երկրորդ տեսակի երազները իսկապէս անձի մը արտամղուած ցանկութիւնը կ'արտացոլեն, որպէսզի իր տուեալ հարազատը մահանայ։ Այդ ցանկութիւնը կրնայ անձին կեանքին որեւէ մէկ ժամանակին ըլլալ՝ տուեալ հարազատէն կամ անոր ազդեցութեէն ազատելու ձգտում։ Քոյր-եղբայրներու մահուան մասին երազներուն մէջ կրնայ արտացոլուիլ անոնց վաղեմի մրցակցութիւնը՝ ծնողներուն սիրոյն համար։ Ծնողներու մահուան հետ կապուած երազները Ֆրոյտ կը բացատրէ՝ հանգամանօրէն նկարագրելով էդիպեան բարդոյթի երեւոյթը, երբ 3-6 տարեկան հասակին երեխային մօտ սեռական ձգտումը ի յայտ կու գայ, հակառակ սեռի ծնողքին հանդէպ եւ մրցակցութիւն՝ նոյն սեռի ծնողքին հետ։ Էդիպեան բարդոյթին իբր արդիւնք, երեխան երկարժէք՝ սիրոյ եւ կապուածութեան, թշնամանքի զգացումներ կը տարածէ նոյն սեռի ծնողքին նկատմամբ, ինչ որ կրնայ վերոյիշեալ երազներու ի յայտ գալը հագեցնել։
- Քննութեան մասին երազներ. նոյնիսկ կրթական համակարգէն շատոնց դուրս եկած մարդոց մօտ քննութեան յանձնման մասին երազներ կրնան ըլլալ։ Ֆրոյտի կարծիքով անոնք մանկութեան տարիքի ընթացքին կրած պատիժի մասին յիշողութիւններու արդիւնք են։ Ամէն անգամ, երբ անձը կը պատրաստուի որեւէ պատասխանատու գործողութեան եւ վախ ունի, որ այդ գործը ինք չի կրնար կատարել, որովհետեւ ինք ոչ մէկ բան պատրասատած է , կրնայ քննութեան մասին երազ ունենալ։ Հետաքրքրական է, որ անձը երազի ընթացքին կը տեսնէ ոչ թէ այնպիսի քննութիւն մը, որ տապալած է, այլ հիմնականին այդ քննութիւնները, որոնք շատ լաւ կատարած է։ Հետեւաբար, այսպիսի երազները նախ եւ առաջ հանգստացնող գործառոյթ ունին, քանի որ կը մատնանշեն յաջողութեամբ պսակուած փորձ մը եւ նոր յաղթանակ մը կ'ոգեշնչեն։
Ակռայի ցաւին հետ կապուած երազները Ֆրոյտ, օրինակներու հիման վրայ, զարդարկու ցանկութիւններու արտայայտման հետ կը կապէ։ Քնացած ժամանակ թռչելու, օդին մէջ սաւառնելու մասին երազները մանկական տարիքին երեխան օդը թռցնելու ձեւով խաղալու եւ անոնց երեխային մօտ հաճելի զգացողութիւններու վերապրման հետ կապուած են։ Իյնալու մասին երազները մեծ մասամբ վախի հետ կապուած են: Կանանց մօտ այս երազները ընդհանրապէս սեռականութեան հետ կապուած մեղքի զգացում (մեղք՝ «իյնալ») կը խորհրդանշեն։ Մարդիկ, որոնք երազին մէջ յաճախ կը տեսնեն իրենք զիրենք լողալու ժամանակ, ալիքները ճեղքելով, սովորաբար մանկական տարիքին տառապած են գիշերամիզութեամբ, ինչ որ անոնց կու տայ հեղուկին հոսքին հաճելի զգացողութիւնը, որմէ անոնք հասուն տարիքին զրկուած են։ Հրդեհի մասին երազները յաճախ կը վկայեն մանկական տարիքին կրակի հետ խաղալու արգելքին մասին։
Ֆրոյտ համոզուած էր, որ երազատեսութիւններու մեծամասնութիւնը գլխաւորաբար մէջ ունի սեռական բնոյթ եւ սիրահարական ցանկութիններ կ'արտայայտէ։ Ոչ մէկ բնազդ, սկսեալ անձին մանկական տարիքէն, այնպիսի ճնշման չ'ենթարկուիր, ինչպէս սեռական բնազդը, ուստի այս մէկը շատ աւելի յաճախ կ'արտայայտուի երազներու մէջ։ Հակառակ անոր, որ Ֆրոյտ կը գտնէ, թէ իւրաքանչիւր երազի մեկնաբանութիւն անհատական վերլուծութեան կարիքը ունի, այս գլուխին վերջը ան քանի մը խորհրդանիշներ կ'առանձնաձնէ, որոնք երազներու մեծամասնութեան սեռականութեան հետ կապուած ընդհանուր նշանակութիւն ունին.
- Գլխարկ՝ տղամարդու խորհրդանիշ (տղամարդու սեռական անդամ),
- Փոքրիկ երեխայ՝ սեռական անդամ, երեխային ճզմելը՝ կիտրոնազգի խորհրդանիշ,
- Շէնքեր, սանդուխներ, հորեր՝ սեռական անդամի նշանակութիւն,
- Ճիշդ տղամարդու կերպարը իբրեւ տղամարդու սեռական անդամ,
- Տեսարանը՝ իբրեւ կնոջ սեռական անդամ,
- Սանդուխով բարձրանալ կամ իջնելը իբրեւ սեռական անդամ եւ այլն:
Գլուխ Զ. Երազատեսութեան գործընթացներու հոգեբանութիւնը
ԽմբագրելԵրազի բովանդակութեան եւ երազի մեկնաբանութեան միջեւ մէկ նոր հոգեկան նիւթ մը կայ՝ երազին ետին թաքնուած բովանդակութիւն մը, որ որոշակի միտք մը կ'արտայայտէ։ Ֆրոյտ կը գտնէ, որ հոգեվերլուծութեան խնդիրն է դուրս հանել երազի ակնյայտ եւ թաքուն բովանդակութիւններու միջեւ կապը։
Երազը ունի նիւթի մշակման չորս հիմնական ձեւեր՝ միտքի վերածումը տեսողական պատկերներու, խտացում, փոխադրում եւ երկրորդական մշակում։ Ֆրոյտ կը գտնէ, որ երազը միտքի իւրատիպ «թարգմանութիւն» է, որուն պատճառով միտքը պատկերի կը վերածուի։ Ան այդ պատկերը կեղծագրութեան հետ կը համեմատէ, որուն կառուցուածքը տրամաբանութեան չ'ենթարկուիր, բայց ճիշդ վերծանման ժամանակ կարելի է երազի իրական միտքին հասնիլ։
Խտացման աշխատանք. եթէ համեմատենք երազը միտքին հետ, ապա երազին մէջ առկայ է բովանդակութիւններու անդադար խտացման գործընթաց մը։ Երազը հակիրճ է ու աղքատ՝ միտքին բազմազան հարստութեան համեմատ։ Բայց երազի մեկնաբանութիւնը իր ծաւալով անհամեմատ աւելի հարուստ ու բովանդակալից է, քան երազը արտաքինէն։ Երազին մէջ հոգեկան բովանդակութիւններու խտացման վառ օրինակ կը գործէ երազին մէջ հաւաքական անձը, որուն մէջ երազը տեսնողին ծանօթ մէկ կամ քանի մը անձերու բնորոշ բնութագրիչներ կը համադրեն։ Խտացման գործընթացի միջոց է նաեւ անուններու խտացումը եւ նոր բառերու ստեղծումը երազողին կողմէ: Օրինակ՝ Ֆրոյտ իր երազներէն մեկնելով տեսած էր իր աշխատակիցը եւ մտածած է, թէ ինչպիսի «նորէկդալային» ոճ ունի ան։ Փորձելով պարզել, թէ ինչ ծագում կրնայ ունենալ այդ բառը, Ֆրոյտ յիշած է, որ ան գրած է Իպսենի մասին ակնարկ մը, իսկ Ֆրոյտ կը յիշէ հերոսներու անուններ՝ Իպսենի երկու թատերախաղերէն՝ Նորա եւ Էկտալ։ Բառային այսպիսի նորմուծութիւններ կ'ընեն նաեւ պարանոյայի, արգանդախեղդի, կպչուն միտքերու ժամանակ, ինչպէս նաեւ մանկական հասակին։
Փոխադրման աշխատանք. յաճախ, ինչ որ երազի հիմքը հանդիսացող միտքին համար ունի կարեւոր նշանակութիւն, երազին մէջ կրնայ բոլորովին չարտայայտուիլ։ Երազի մէջ հոգեկան ուժ կ'արտայայտուի, որ մէկ կողմէն հոգեպէս արժէքաւոր տարրերը կը զրկեն այդ արժէքէն, իսկ միւս կողմէն՝ որոշակիութեան սկզբունքով, փոքր արժէք կրող տարրերէն նոր արժէքներ կը ստեղծուի, որոնք երազին մէջ կ'արտայայտուին։ Այսպիսով տեղի կ'ունենայ առանձին տարրերու հոգեկան զօրութեան փոխադրումն ու տեղափոխումը։ Կրնանք ենթադրել, որ տեղափոխման գործընթացը գրաքննութեան շնորհիւ տեղի կ'ունենայ:
Պատկերման միջոցները երազին մէջ. երազներու մեկնաբանութենէն ստացուած նիւթը կարելի է երկու մասի բաժնել՝ առաջինը «էական միտքերն» են, որոնք կրնան լիովին փոխարինել երազը, եթէ գրաքննութիւնը չըլլար։ Երկրորդը «անուղղակի միտքերու» խումբն է. անոնք այն ուղիներն են, որոնց միջոցով իրական ցանկութիւնները կը փոխարկուին երազին մէջ ներկայացուող ցանկութեան հետ։ Այս միտքերը երազին մէջ կը գտնուին տարբեր ձեւի կապերու մէջ։ Հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ տեղի կ'ունենայ այս միտքերուն միջեւ տրամաբանական կապին հետ, որ երազին մէջ կը բացակայի (երազը տրամաբանական կապը կը ներկայացնէ «միաժամանակութեան» տեսքով՝ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի դէպքերն ու մարդոց նոյն հարթութեան մէջ զետեղելով)։ Վերլուծութեան նպատակն է երազին մէջ առկայ տարրերու միջեւ իրական տրամաբանական կապը վերականգնել։
Պատճառահետեւանքային կապը երազին մէջ կրնայ յաջորդականութեամբ փոխարինուիլ, ինչ որ կրնայ պատկերուիլ նաեւ հակառակ ընթացքով կամ պատկերներու անմիջական այլակերպմամբ, բայց այդ բոլորին հետեւանքը միշտ երազի գլխաւոր հատուածի օգուտին է։
Նմանութիւնը, համաձայնութիւնը եւ ընդհանրութիւնը սովորաբար տարրերը կը պատկերուին մէկ ամբողջութեան մէջ ներառելու միջոցով, որ կամ արդէն գոյութիւն ունեցող միաւորի մը կը կապուի, եւ կամ ալ նորը կը ստեղծուի։
Այս գլուխին մէջ օրինակներու հիման վրայ մանրամասնօրէն կը քննարկուին նաեւ երազին մէջ նորարարութեան հարցը, բառերու եւ թիւերու ներկայացումն ու նշանակութիւնը երազին մէջ եւ այլն։
Այսպիսով, օրինակներու հիման վրայ վերլուծելով Անհեթեթ երազները եւ մտաւորական գործունէութիւնը երազին մէջ՝ Ֆրոյտ կը պնդէ, որ «ամէն ինչ, որ երազին մէջ մտածողութեան գործառոյթի դրսեւորման ձեւ կը կրէ, պէտք չէ մտածական գործընթաց համարել, քանի որ այդ մէկը կը վերաբերի երազին տակ թաքնուած միտքերուն: Երազին թաքնուած բովանդակութեան կը վերաբերին նաեւ արթնանալէ ետք երազ տեսնողին արտայայտած դատողութիւններուն մեծ մասը եւ այն զգացողութիւնները, որոնք երազ տեսնողին կողմէն կը նկարագրուին: Այդ բոլորը երազի արդիւնք են եւ պէտք է հաշուի առնուին մեկնաբանութեան ժամանակ»։
Երազին մէջ կարասիներու արտայայտումը վերլուծելէ ետք հեղինակը կը նշէ, որ յաճախ մենք երազին մէջ սաստիկ յուզիչ ապրումներ կ'ունենաք այնպիսի բովանդակութիւններու նկատմամբ, որոնք օրին նոյնիսկ նուազագոյն չափով չէին յուզեր մեզ, նաեւ հակառակը՝ կրնանք բաւական անտարբեր ըլլալ այնպիսի դէպքերու նկատմամբ, որոնք իրականութեան մէջ երբ այսպիսի դէպքեր տեղի ունենան, մեզ շատ կը վշտացնեն: Վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս գաղտնիքը հասկնալու համար պէտք է երազի ակնառու բովանդակութենէն անցում կատարել դէպի թաքնուած բովանդակութիւնը։ Իրական եւ երազային բովանդակութիւնները բազմաբնոյթ տեղափոխութիւններ եւ ձեւափոխութիւններ կը կրեն:
Երբեմն երազին մէջ կրնայ ի յայտ գալ որոշակի քննադատութիւն, որ յաճախ արթննալու ժամանակ է: Օրինակ՝ երազ տեսնողը ինքզինք կը համոզէ, որ տեղի ունեցողը ընդամէնը երազ է՝ այդպիսով ջանալով նուազեցնել ապրած յոյսերու կարեւորութիւնը եւ թեթեւցնել սպասումի տագնապը։ Այս երեւոյթը կը դրսեւորուի այն ժամանակ, երբ «անդադար աշխոյժ վիճակի մէջ գտնուող ցենզուրան ինքզինք խաբուած կը զգայ իր իսկ թոյլ տուած երազին կողմէ»։ Քանի որ արդէն ուշ է ճնշել, ցենզուրան երազին քննադատութեամբ կը հակազդէ։ Ցենզուրայի ազդեցութեան տակ է նաեւ, որ երազի որոշ հատուածներ կրնան մոռցուիլ, եւ յաճախ անոնք երազի հիմնական միտքերը իրարու կապող դրուագներն են։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Sigmund Freud, L'interprétation des rêves, Tr. en français 1re éd. I. Meyerson (1926), Paris PUF, Nouvelle éd. révisée։ 4e trimestre 1967, 6e tirage։ 1987, février. (ISBN 213 040004 3)
- "Les Rêves, voie royale de l'inconscient", textes réunis sous la dir. de Bela Grunberger, Ed.։ Sand & Tchou, 1997, ( ISBN 2710705931)