Երեւանի Յայտարարութիւններ (թերթ)

«Երեւանի Յայտարարութիւններ» երկօրեայ երգիծական թերթ։ Հրատարակուած էր 1883-1886 թուականին, Երեւանի մէջ։ Խմբագիր հրատարակիչ՝ Է․ Տէր Գրիգորեանց[1][2]։

Թերթը փորձած է փոքրածաւալ, դիւրըմբռնելի նիւթերով օգնել գրագիտութեան տարածման, ծաղրած է «կենցաղի բացասական կողմերը»։

Տպագրած է ուսումնական, եկեղեցական եւ այլ լուրեր, վիճակագրական տուեալներ փոստային առաքումներու, սննդամթերքներու գիներու մասին, եղանակի տեսութիւն։ Տեղ կը յատկացնէր թատերական նորոյթներուն, հանդէս եկած հայկական պարբերականներուն օգնութիւն կազմակերպելու նախաձեռնութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։