«Երկիր», գրականութեան եւ արուեստի պարբերագիրք։ Հրատարակուած է 1956-1959 -ին, Հալէպի մէջ։ Պատասխանատու խմբագիրներ՝ Մ․ Գուշակճեան, Տ․ Գույումճեան։ Տպագրած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող հայ գրողներու չափածոյ եւ արձակ ստեղծագործութիւնները, մանկավարժական ու գիտական յօդուածներ, գրախօսութիւններ, նիւթեր արուեստի ու մշակոյթի գործիչներու մասին։ Պատկերած է հալեպահայ մշակութային կեանքը։ Նպատակ ունենալով հայ ընթերցողին ծանօթացնել արաբ գրականութեան՝ լայն տեղ յատկացուցած է արաբ գրողներու (Ահմետ Ֆենմի, Ապտալ Ռահման Էլ-Խտմիսի, Լուէյ Տերուիշ, Ճորճ Թարապիշի եւ ուրիշներ) կեանքին ու գործերուն։ «Երկիր» եղած է հայրենաբաղձ հայերու ընդհանուր միութեան «Դեպի երկիր» (1945-1947, 1949) պարբերագիրքի շարունակութիւնը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։