Զարթօնքի շարժման նախապատմութիւն


Զարթօնքի շարժման նախապատմութիւն, արդէն 18-րդ դարու կէսէն (1750), քաղաքական եւ ընկերատեսական այս հոլովոյթին կ՛ընկերանայ մշակութային խմորում մը։ Այդ պատճառաւ ալ 1750-1890 հարիւրամեակը կը նկատենք հայկական ազգային-մշակութային Զարթօնքի նախապատրաստական շրջան։ Հայ գաղութները, եւրոպական վերածնունդին ու հետեւող լուսաւորութեան դարու (շուտով նաեւ ֆրանսական յեղաբոխութեան) ազդեցութեան տակ մասնակցած են այդ երկար պատրաստութեան։ Սկսած է գրաբար լեզուի ուսումնասիրութիւնը. ճամբայ ելած է թարգմանական, ապա ինքնագիր գործերու հրատարակումը։ Մէկ կողմէն լոյս տեսած են առաջին հայերէն թերթերը, միւս կողմէն սկսած են բացուիլ դպրոցներ կազմուիլ մշակութային եւ այլ տիպի միութիւններ՝ «ընկերութիւն»ներ։

Հայկական տպարան 1512

Կիւդեսպերկի գիւտէն հազիւ 50 տարի ետք, 1512–ին, Վենետիկէն Պոլիս, Զմիւոնիա, Էջմիածին եւ Հնդկաստան, կը տարածուէր հայկական տպագրութիւնը. կը ձուլուէին հայերէն տպագրական տառեր, մամլոյ մեքենան կը սկսէր դառնալ։ Ուրեմն, անիկա 1750-1800–ին բաւական զարգացած էր, բայց մնալով առաւելաբար՝ արտասահմանին մէջ։ Պատմական Հայաստանի մէջ առաջին անգամ գործելու կը սկսի 1854 թուականին։

Ուրեմն, երբ մարզ ալ մարզ կը քննենք 1850–ին թափ առած մեր ազգային մշակութային զարթօնքը, չենք կրնար անտեսել շարժման նախապատմութիւնը, այսինքն՝ նախորդող հարիւրամեակի խմորումները։