Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան

Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան ծնած է 28 Հոկտեմբեր 1929-ին[1], Հալէպ, Սուրիա կիլիկեցի ծնողներէն (Մարաշ): Աւազանի անունն է Գէորգ:

Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան
Ծնած է 29 Հոկտեմբեր 1929
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական
Մասնագիտութիւն Արքեպիսկոպոս

Կրթութիւն Խմբագրել

Ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանի մէջ։ Այնուհետեւ ընտանեօք Պաղեստին հաստատուելով, ուսանած է Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը եւ դասընթացը աւարտելով 1945 թուականին, ընդունուեր Ժառանգաւորաց վարժարանը:

1949 թուականին փայլուն յաջողութեամբ աւարտելով իր ուսումը, սարկաւագ ձեռնադրուեր է:

1951-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեր Տէր Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեանէն Երուսաղէմի մէջ:

Գործունէութիւն Խմբագրել

Այնուհետեւ երիտասարդ եւ խոստումնալից հոգեւորականի առջեւ կը բացուի վանական-վարչական, մանկավարժական, հովուական բեղուն գործունէութեան ասպարէզ, որպէս ուսուցիչ Սրբոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններուն մէջ, որպէս տեսուչ տպարանի, անդամ «Սիոն» ամսագրի խմբագրական մարմնին, քարտուղար Ս. Տեղեաց եւ դիւանապետ:

1958-ին ի վեր ձեռնհասօրէն կը վարէ Աղեքսանդրիոյ հայոց առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը:

7 Նոյեմբեր 1965-ին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Ս. էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետէն:

Գերշ. Տէր Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան սրբազանը հաւատաւոր, պատրաստուած եւ նուիրեալ հոգեւորական էր:

Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդն էր Զաւէն արքեպիսկոպոս Չինչինեանը (1977 թուականէն - մինչեւ իր վախճանը՝ 20 Յունուար 2004-ին[2] Գահիրէ, Եգիպտոս:

Վախճանը Խմբագրել

Երջանկայիշատակ Գերշ. Տէր Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան թաղման եւ յուղարկավորութեան արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ 25 Յունուարին Գահիրէի, Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածնէն արարողութիւններուն կը մասնակցին Ռումինիայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տիրայր արքեպիսկոպոս Մարտիկեանը, Տ. Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանը եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Գրիգորեանը: Հ25 Յունուարին, Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածնի մէջ, յաւարտ Սբ Պատարագի աղօթք կը բարձրացուի սրբազան հօր հոգու հանգստութեան համար։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Եգիպտոսի հայոց թեմ