Զի Կրիլ դրոշմաթուղթը
Զի Կրիլ դրոշմաթուղթը, դրոշմաթուղթ, որուն իւրայատկութիւնը յառաջացած է թուղթին վրայ սեղմուած ուաֆֆըլի ձեւով նախշին:
1868-ի Պենճըմին Ֆրանքլին Զի Կրել դրոշմաթուղթը սովորական դրոշմաթուղթ մը չէ:
Անիկա այդ դրոշմաթուղթէն մարդոց ծանօթ տակաւին գոյութիւն ունեցող երկու դրոշմաթուղթերէն մէկն է: Այս դրոշմաթուղթերէն մէկը մաս կը կազմէ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին հաւաքածոյին, իսկ երկրորդը կը պատկանի Պիլ Կրոսի անձնական հաւաքածոյին:
Նիւ Եորքի մէջ Ռոպըրթ Սիկըլ աճուրդի տան մասնագէտները կ'ըսեն, թէ դրոշմաթուղթը ծախուած է 4,4 միլիոն տոլարի:
Դրոշմաթուղթին պատմութիւնը
ԽմբագրելԶի Կրիլ դրոշմաթուղթին իւրայատկութիւնը յառաջացած է թուղթին վրայ սեղմուած ուաֆֆըլի ձեւով նախշին: Այս իւրայատուկ գիծը ունի հետաքրքրական պատմութիւն մը: 1868-ին, ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմէն անմիջապէս ետք, ամերիկեան նամակատունը մտահոգիչ վիճակի մէջ կը գտնուէր, որովհետեւ մարդիկ կը մաքրէին եւ դարձեալ կը գործածէին չեղեալ նկատուած դրոշմաթուղթեր:
Վնասներ չարձանագրելու համար նամակատունի պատասխանատուները կը սկսին գործածել «կրիլլինկի» նոր միջոց մը` դրոշմաթուղթերու տպագրութեան ընթացքին: Դրոշմաթուղթերու շրջանակը կտրուած էր փոքրիկ ակռաներու նման: Այս ձեւով դրոշմաթուղթի վրայ գործածութեան ընթացքին տպուած թուականին մելանը կը մտնէր այդ «ակռաներուն» մէջ, ապա դժուար կ'ըլլար այդ մելանը ամբողջովին մաքրել` դրոշմաթուղթը դարձեալ գործածելու համար:
Այս «կրիլլինկի» միջոցը կը գործածուի մինչեւ 1870-ական թուականները Պենճըմին Ֆրանքլինի պատկերով այս դրոշմաթուղթը այդ շարքին համար տպուած բազմաթիւ պատկերներէն մէկն էր: Սակայն անիկա կը գործածուի միայն քանի մը շաբաթ եւ հազուադէպօրէն` մէկ սենթ արժող դրոշմաթուղթերու վրայ[1]: