Զմրուխտ (պարս․՝ zuminurud, լատ.՝ smaragdus (յուն․՝ σμάραγδος, smáragdos)), թափանցիկ, վառ կանաչ գոյնի առաջին կարգի թանկարժեք քար։

Զմրուխտները ընդհանրապէս հազուագիւտ են, որովհետեւ անոնք կը յայտնուին միայն կարգ մը պարագաներու:

Զմրուխտին բաղադրութեան նիւթերէն մէկը` պերիլիոմը, կը գտնուի գլխաւորաբար «մակմա»յին մէջ (հրաբուխէն թափած լաւան): Այս թուականին քարը կազմուած է նաեւ քրոմէ, վանտանիոմէ եւ երկաթէ: Այս երեք նիւթերուն ներկայութիւնն է, որ կու տայ անոր կանաչ գոյնը:

Զմրուխտ կարելի է գտնել գլխաւորաբար Քոլոմպիոյ եւ Պրազիլի մէջ, ուր անոնք կազմուած են միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Զամպիոյ մէջ գտնուած քարը շատ մաքուր է՞ մինչ զմրուխտներուն մեծ մասը խառնուած են ուրիշ հանքային նիւթերով[1]:


Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել